Յարգելի հայրենակիցներ
Քորոնա Ժահրի ճգնաժամային վիճակին մեր հետեւողութեան լոյսին տակ, կ'ուզենք ձեր ուշադրութեան յանձնել քանի մը կետեր եւս.
Ա) Շաբաթ օրուան մեր կատարած PCR քննութեանց ընդհանուր արդիւնքով արձանագրուած բարձր ցուցանիշը (քննուած պարագաներէն 42% վարակակիր) կ'ազդարարէ համագիւղական վտանգի մը մասին, որ կ'ենթադրէ խիստ սահմանափակումներ եւ միջոցառումներ:
Այս գծով կը սպասուի պետութեան որդեգրելիք որոշումին հիմամբ եւ գիւղի դիմագրաւած վտանգին ընդառաջ համալիր ծրագիրի մը գործադրութիւնը: Ասկէ մեկնած կը յանձնարարենք մեր հայրենակիցներուն անհրաժեշտ կարգաւորումներուն անցնիլ ապահովելով անմիջական՝ տնային սննդեղէնը, դեղորայքն ու պիտոյքները նախքան պետական որոշումի եւ գիւղիս մասնաւորուած ծրագրին գործադրութիւնը:
Բ) Անհրաժեշտ է փոխանցել նաեւ, որ Լիբանանի հիւանդանոցային համակարգը արդէն իսկ յագեցած է եւ վարակակիր ծանր պարագաներն իսկ չեն ընդունուիր հիւանդանոց տրամադրելի անբաւարար տեղի եւ սարքաւորումներու պատճառով:
Շնորհակալութեամբ եւ յարգանքներով՝
Այնճարի «Քորոնա» Ճգնաժամի Յանձնախումբ
9 Նոյեմբեր 2020