Այսօր երեկոյեան ժամը 8։00ին ՀՅԴ《Կարմիր Լեռ 》կոմիտէն գործակցաբար Այնճարի քաղաքապետութեան հետ《Ս. Զէյթլեան》 կեդրոնի շրջափակին մէջ հրաւիրեց Վաճառատուներու սեփականատէրերը փոխանցելու համար պետութեան կողմէ առնուած թիւ 1432 որոշումի կէտերը.
-վաճառատունը բաց կը մնայ գոց վիճակի մէջ, այսինքն գործնականօրէն բաց ըլլալով յաճախորդ պիտի չ'ընդունին, այլ պիտի որդեգրուի ազատ սպասարկութիւն (delivery)-ի դրութիւնը
-Այս որոշումին գործադրութեան դրդապատճառը COVID19-ի անհամեմատ բարձրացումն է գիւղին մէջ
-նախազգուշական ցուցմունքները չգործադրելու հետեւանք
-Աւելի սարսափելի իրավիճակը կանխարգիլելու նպատակ
-հիւանդանոցները տեղ չըլլալու պարագայ
-մեր բժշկական կարելիութիւնները սահմանափակ չեն, սակայն չեն լրացներ պահանջուած կարիքները: