Այսու, Այնճարի Շտապ Օգնութեան Մարմինը կը տեղեկացնէ Լիբանանի մէջ, սակայն Այնճարէն դուրս ապրող Մուսալեռցի հայրենակիցներուն, թէ այս Շաբաթ եւս, իբրեւ վերջին առիթ, 29֊5֊2021ի ժամը 5։00֊6։00 անձամբ ակումբ ներկայանան միայն անոնք, որոնք հեռաձայնով հրաւիրուած են «Միասին Այնճարի համար» տրամադրուած գումարէն ստանալու յիսուն Ամ. Տոլար (50$) նպաստը։
Յաւելեալ լուսաբանութիւն ստանալու համար նաեւ նոյն ժամկէտով փափաքողներ կրնան ներկայանալ ակումբ։
Շնորհակալութիւն Ձեր հասկացողութեան համար։
Այնճարի Շտապ Օգնութեան Մարմին