Լուրերու Արխիվ
Սիրելի հայրենակիցներ,
Ինչպէս արդէն տեղեակ էք քորոնա համաճարակը վերջերս նոր թափ ստացած է Լիբանանի մէջ որմէ անմասն չէ նաեւ մեր գիւղը։
Բարեբախտաբար ծանր պարագաներ չունինք, սակայն յաւելեալ զգուշութեան համար կ'ուզենք ձեր ուշադրութեան յանձնել այն հայրենակիցներուն անունները, որոնք վերջին ամսուան ընթացքին վարակուեցան քորոնա ժահրով։ Թէեւ անոնցմէ ոմանք արդէն ապաքինուած են, ոմանք ալ ապաքինման ճամբուն վրայ են, սակայն կը թելադրենք բոլոր անոնց որոնք շփման մէջ գտնուած են ներքոնշեալ անուններուն հետ, ըլլան զգոյշ եւ անպայման ենթարկուին քորոնայի (PCR) քննութեան։
Նաեւ խստիւ կը թելադրենք բոլոր անոնց որոնք տակաւին պատուաստուած չեն, անպայման ստանան քորոնայի պատուաստը։
Քորոնայի հետ կապուած որեւէ հարցի պարագային, նաեւ պատուաստ ստանալու եւ քորոնայի քննութեան ենթարկուելու համար կրնաք դիմել յանձնախումբիս հեռաձայնելով հետեւեալ թիւերուն `
ԼՕԽ։08621946
Քաղաքապետարան: 08620790
Ոստիկանութիւն։ 08620791 կամ 81396488
Վարակուածներու ցանկ`
1) Նանոր Աքպաշարեան (ապաքինուած)
2) Մարինէ Գարայեան (ապաքինուած)
3) Նանոր Փանոսեան Պետրոսեան
4) Շահան Փանոսեան
5) Սերուժ Փանոսեան
6) Րաֆֆի Տէր Վարդանեան
7) Գարօլ Տէր Վարդանեան
8 ) Կարօ Գապագեան
9) Վարդուկ Գապագեան
10) Սեւան Գապագեան
11) Յակոբ Աբովեան
12) Սիլվա Յովհաննէսեան
13) Շուշիկ Փանոսեան
14) Պետիկ Տուտագլեան
15) Արա քենտիրճեան
16)Վարդուկ Քենտիրճեան
17) Մովսէս Նուպար Գէորգեան
18) Յովհաննէս Փանոսեան
19) Սթիւ Գարայեան
20) Արազ Ֆստգճեան
21)Կարինէ Գասարճեան
22) Կասիա Ափովեան Փանոսեան
23) Լարա Գապաքեան
24) Կայել Շահան Փանոսեան
Եթէ կան անուններ որոնցմէ յանձնախումբս տեղեակ չէ կը խնդրենք անպայման տեղեակ պահել։
Այնճարի Քորոնա համաճարակի Յանձնախումբ
19/12/2021
Շաբաթ, 11 Դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին,
26488962281596944940723821314213825570005053n
26561934381596931774058478369766278275402269n
26742288581596929140725404621413563776434997n
26569250781596927140725603697226783010382526n
26661139481596934340724888328849454313293081n
26678600881596936907391296626018807439323327n
26677052581596939607391025615736206564476155n
26611170881596942407390741140068714553345497n
` ժողովրդային տօնակատարութեամբ մը, որ տեղի ունեցաւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ` ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական եւ համացանցի յանձնախումբին:
Տօնակատարութեան ներկայ գտնուեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ընկերը, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» եւ «Արամ» կոմիտէներու ընկերները, Պեքաայի շրջանի հոգեւոր տեսուչ՝ Հայր Անանիա Ծ. Վրդ. Գուճանեանը, գիւղին հոգեւոր հայրերը, քաղաքապետը, ազգային-կուսակցական մարմիններու ներկայացուցիչներ, ուղեկից միութիւններու պատասխանատուներ եւ մեծ թիւով հայորդիներ:
Տօնակատարութիւնը բացուեցաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութեամբ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական եւ համացանցի յանձնախումբի անդամ՝ ընկեր Յովնան Քեշիշեան: Ան նախ ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու յիշատակը ՀՅ Դաշնակցութեան նահատակ ընկերներուն: Ապա, կարճ եւ կուռ խօսքով մը ըսաւ թէ այսօրուան համախմբումը այս սրահին մէջ թէեւ աւանդական ձեռնարկներու շարքին կը պատկանի, սակայն այս դժուար օրերուն ապացոյցն է մեր միասնականութեան, հաւատքին եւ մեր ծառայելու պատրաստակամութեան:
Դաշնակցութիւնը պարզ հատուած մը չէ մեր կեանքին մէջ, դասակարգի մը կամ ճակատի մը գաղափարախօսը չէ, այլ համահայկական, համազգային կազմակերպութիւն է, թէ իր կազմակերպական կառոյցներով, գաղափարախօսութեամբ, եւ իր բարոյական նկարագիրով:
Ապա ՀՅԴ Լիբանանի «Յառաջ» պատանեկան միութենէն խումբ մը պատանիներ ներկայացուցին Սիամանթոյի «Ասպետին Երգը» ասմունքը:
ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի անդամ ՝ ընկեր Շահան Փանոսեան խօսք առնելով ներկաներուն ըսաւ թէ կեանքի մերօրեայ դժուար պայմանները՝ թէ Հայրենիքի մէջ եւ թէ Լիբանանի, մեզի ոչ մէկ արգելք կը հանդիսանան նշելու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 131-ամեակը եւ մեր երախտագիտութիւնը յայտնելու այս վեհ կուսակցութեան առաքելութեանց, որուն կեդրոնացումը հանդիսացած է եւ կը շարունակէ հանդիսանալ հայրենի երկրի ու հայ ազգի շահերու պաշտպանութիւնը: Բոլորս հաւաքուած ենք այստեղ, զօրակցելու եւ մեր վստահութիւնը հաստատելու հայութեան իրաւունքներու պաշտպան կուսակցութեան:
ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն, իր 15 յանձնախումբերով , ջանք չի խնայեր գիւղացիներուն հայթայթելու դիւրանպաստ պայմաններ՝ շրջանցնելու այս օրերու տիրած տագնապալի կացութիւնը: Մեր բեռը ծանր է, սակայն աշխատելու տրամադրութիւնները բարձր՝ յանուն մեր ժողովուրդի բարւոք կեանքի ստեղծման: Մեր կուսակցական ծառայութիւնն է որ կը կատարենք: Իր խօսքը շարունակելով Փանոսեան ըսաւ թէ Այնճարը, այն փոքրիկ հայ աւանն է, որ իր դիմագիծին ընդմէջէն կ՛ուրուագծէ հայկական ինքնուրոյն պատկեր մը, հանդիսանալով սփիւռքի միակ զուտ հայկականութիւն բուրող գիւղը: Այս գիւղը դաշնակցական հիմնադրութիւն ունի, դաշնակցական անցեալ և հետեւաբար դաշնակցական պատասխանատուութիւն: Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն եղած է այս աւանին տիրութիւն ընողը անցեալին, այդպէս է նաեւ այսօր և այդպէս պիտի ըլլայ նաեւ ապագային: Որեւէ հայրենակից իրաւունք չունի խաթարելու մեր հաւաքական հայկական կեանքը քանի մը ղրուշով: Արգիլուա՞ծ է օտարներու թափանցումը մեր հողատարածքին մէջ: Այ ՛ո արգիլուած է: Արգիլուած էր անցեալին, արգիլուած է այսօր, եւ արգիլուած է ապագային: Կը գիտակցինք, որ իւրաքանչիւր Այնճարցիի գիտակցութեամբ պիտի շարունակենք բարձր պահել մեր գիւղի արժանապատուութիւնը եւ պահպանել անոր հայեցի նկարագիրը:
Այսօր, մեր մէջ կը գտնուին ՀՅԴ նահատակներու ընտանեկան պարագաներ, հայրենի հողի պաշպանութեան համար մարտի դաշտ նետուած ընկերներ, մտաւորականներ ու բանուորներ, որոնք բոլորը միանալով կը խորհրդանշեն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան զինանշանը ,եւ Ռոստոմեան բռունցքով այդ զինանշանը կը մնայ աննկուն ու հաստատ: Մեծ եղեռնէն քանի մը տարի ետք անկախութիւն կերտած կուսակցութեան մը, ոչինչ կրնայ կասեցնել պայքարելու ոգին, ոչինչ կրնայ խաթարել անոր անշահախնդիր ծրագիրները եւ ոչինչ կրնայ կասեցնել անոր երթը, դէպի՝ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի տեսլականի հրամայականով: Աւարտին Շ. Փանոսեան իր խօսքը փակեց ըսելով . Այսօր պատեհ առիթէն օգտուելով, անգամ մը եւս կը վերանորոգենք մեր ուխտը եւ մեր հայեացքները դէպի վեր յառած, ձայներնիս լսելի դարձնելով մեր սուրբ նահատակներուն, կը վստահեցնենք անոնց, թէ երթը պիտի շարունակուի մինչեւ այն ատեն, որ կայ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն ու անոր շուրջ համախմբուած ընկերներն ու համակիրները, կը հաստատենք, որ իրենց արեան գնով տրուած հողերը պիտի վերադառնան մեզի ու իրենց կատարած սխրագործութիւնները պիտի արձանագրուին ՀՅԴ-ի պատմութեան մէջ եւ փոխանցուին գալիք սերունդներուն:«Հպարտութեամբ եւ անհատոյց երախտիքով յիշենք բոլոր ինկածներուն՝ հերոսաբար հանգածներուն, յանուն լոյսի եւ մեզ համար…» ։
Ապա, տեղի ունեցաւ տեսաերիզի ցուցադրութիւն ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղի կողմէ պատրաստուած, 131- տարուայ ՀՅԴ պատմութեան եւ հերոսներու սխրագործութիւններուն մասին:
Այնուհետեւ, բեմ հրաւիրուեցաւ Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ՝ ընկեր Հրաչ Վարժապետեան` փոխանցելու օրուան պատգամը:
ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի ներկայացուցիչ Հրաչ Վարժապետեան դիտել տուաւ, որ Դաշնակցութեան 131-ամեակը կը նշենք մեր ազգին ու հայրենիքին համար ոչ միայն ճակատագրական, այլ նաեւ օրհասական ժամանակաշրջանի մը: Ան նշեց, որ ՀՅԴ-ի օրը հաշուետուութեան օր է կուսակցութեան եւ ժողովուրդին միջեւ, որուն ծառան ու առաջնորդն է Դաշնակցութիւնը, աւելցնելով, որ ժողովուրդին սրտաբուխ նուիրատուութեամբ է, որ կարելի կ՛ըլլայ բազմակողմանի գործունէութիւն ծաւալել: Ըստ անոր, ա՛յս է կուսակցութեան գաղտնիքը` կախեալ ըլլալ ո՛չ ոքէն, ո՛չ մէկ կողմէ եւ հաշուետու ըլլալ միայն ու միայն ժողովուրդին:
Հ. Վարժապետեան յայտնեց, որ ՀՅԴ-ն կ՛առաջնորդուի հայկական ուղղուածութեամբ, այդպէս ալ կը դաստիարակէ դաշնակցական մարդը` զայն զինելով ազգային գաղափարախօսութեամբ, որով ալ ան կը զատորոշուի ազգին պարզած այսօրուան խայտառակ խճանկարին մէջ: Ան դիտել տուաւ, որ Դաշնակցութիւնը, հակառակ իր փառաւոր անցեալին, ներկայ է ու ապագայ, բայց` ապագայ մը, որ շատ տարբեր է թիւրիմացաբար Հայաստանի վարչապետի աթոռին վրայ գտնուողին խոստացած ապագայէն, իրա՛ւ ապագայ, հայավայե՛լ ապագայ, զոր կարելի է կերտել հայրենասէր ու ազգային գաղափարախօսութեամբ լիցքաւորուած տեսակով: Իր խօսքը շարունակելով Վարժապետեան ըսաւ «Անցնող տարին մեր ազգին ու հայրենիքին համար խիստ ծանր, դառն ու դժուար ժամանակահատուած մը եղաւ` ճակատագրական եւ անկիւնադարձային: Արցախեան այս վերջին պատերազմէն ետք, ցաւօք, պարտուած` պատերազմին, ուր ունեցանք հողային եւ մարդկային ահաւոր կորուստներ, տակաւին առկայ է մեր պետութեան ազգային անվտանգութեան խոցելի վիճակը, կաթուածահար է երկրին տնտեսութիւնը, կը շարունակուի ժողովրդային խաւերուն միջեւ քաղաքական թէ ընկերային բեւեռացումը, զոր այս իշխանութիւնները գիտակցաբար սերմանեցին առաջին իսկ օրէն: Հիմա դուրս պիտի գանք այլեւս միայն խաւարը անիծելու մեր ընթացքէն եւ գէթ փոքր մոմ մը, յոյսի նշոյլ մը պիտի փորձենք վառել, որպէսզի դուրս գանք այս ահաւոր իրավիճակէն, որ կը տանի միայն դէպի անդունդ: Այո՛, դժուար առաքելութիւն է ազգի բարոյահոգեբանական այս կենսակերպը վերականգնելը եւ վերակազմակերպելը, բայց ասիկա մեր` Դաշնակցութեան առաջադրանքն է բանիւ եւ գործով», շեշտեց բանախօսը: Ան լուսարձակի տակ առաւ այն, որ օրհասական պահերու Դաշնակցութիւնը միշտ լծուած է ազգին ու հայրենիքին ծառայութեան, շեշտելով, որ արցախեան վերջին պատերազմին առաջին օրէն ան իր մարդուժն ու կարողականութիւնը դրաւ ի սպաս հայրենիքին, տուաւ նահատակներ` Հայաստանէն եւ սփիւռքէն: «Թշնամի թուրքին դէմ մահուան գնով հայրենի սահմանները արիաբար, տղամարդավարի պաշտպանած ու մարտնչած այս սրբազան տղոց թափած արիւնը թոյլ չի տար` դասալքութեան, դաւաճանութեան, հողատուութեան, զիջումի: Այս տղաքը եւ իրենց հետ ամբողջ ազգը, նկատի չունիմ դասալիք զանգուածը, որ ստամոքսով կը մտածէ յիմարաբար, այլ նկատի ունիմ ազգը` գլխագիր Ազգը, չի ներեր դաւաճանին եւ ներքին ու արտաքին թշնամիին, կը յիշեցնէ դարձեալ, որ հայութիւնը հող չունի յանձնելու, այլ տակաւին հող ունի ազատագրելու, պահանջատէր է եւ կը մնայ պահանջատէր:
Պատմութեան ճակատագրական այս պահուն կուսակցութեան համար Արցախի հիմնահարցը կը նկատուի հայրենի պետականութեան անվտանգութեան հիմնաքարը, նոյնիսկ եթէ ազգը պարտութեան առաջնորդած ներկայ դաւադիր իշխանութիւնը շարունակէ հակառակ ուղղութեամբ գործել: Ըստ Վարժապետեանի, Դաշնակցութիւնը կը պահանջէ իշխանութեան վրայ եղող այս ազգակործան խմբակին հեռացումը, որովհետեւ այլապէս կարելի չէ վերականգնիլ:
«Հայ դատի պայքարը սրբազան պայքար է եւ յանուն այդ առաքելութեան` մենք կը շարունակենք յարաբերական, քաղաքական ու հասարակական մեր աշխոյժ գործունէութիւնը, նոյնիսկ եթէ այդ կռիւը անհաւասար է: Այնքան ատեն որ արդար պատերազմ է, վերջին հաշուով արդարութիւնը կը յաղթանակէ, որովհետեւ մեր դատը արդար է ու ազնիւ: Եւ այս բոլոր պայքարներուն մէջ, այս յարատեւ պայքարին մէջ մենք կարիքը ունինք մեր ժողովուրդին զօրակցութեան եւ աջակցութեան` բարոյական, ֆիզիքական թէ նիւթական առումով», հաստատեց ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի ներկայացուցիչը։
Իր խօսքի ընթացքին անդրադառնալով իր անձնական կարծիքին պատգամախօսը ըսաւ, «Մուսալեռցի չեմ բայց մանկութեանս եւ պատանեկութեանս տարիներու ամրան ամիսները անցուցած եմ Այնճար, որ այնքան հարազատ է ինծի համար: Այս գիւղին հայաշունչ, հարիւր տոկոս հայատրոփ ոգեղէն անսպառ ուժը կայ տեղ մը մէջս, հոգիիս մէջ, մտքիս մէջ: Այո, մենք պարտաւոր ենք այսօր ազգովին հասնելու Լիբանանին, Այնճարին, Պուրճ Համմուտին որոնք իրենք իրենց կարգին միշտ հասած են բոլորին:
Անդրադառնալով հայ դատի ճամբուն վրայ նահատակուած Մուսալեռցի-Այնճարցի ընկերոջ Գէորգ Հաճեանին ան ըսաւ. սիրելի ընկերս Գէորգ, այո այս անգամ յաւերժացար եւ հակառակ դաւաճաններու կողմէ նախապէս ծրագրուած ու պայմանաւորուած պատերազմի պարտութեան, դուն եւ դաշնակցական գումարտակի ընկերները յաղթեցիք թուրքին, ազատագրեցիք ձեզի վստահուած Վարանգաթաղ գիւղը եւ զայն չյանձնեցիք, չզիջեցաք թշնամիին: Հանգչիր հայրենիքի հողին մէջ, ընկեր, շարունակէ անդէնականէն կորով ու կամք ներշնչել մեզի, որովհետեւ պէտք ունինք անոր, որովհետեւ պաշտած կուսակցութիւնդ, պաշտած հայրենիքդ ու ազգդ դեռ անաւարտ գործ ունին կատարելու, աւելի ճիշդ, գործդ շարունակելու:
Իր խօսքի աւարտին Հ. Վարժապետեան ըսաւ թէ կռիւը պիտի աւարտի մեր վերջնական յաղթանակով միայն այն ատեն , երբ մեր սրբազան աճիւնները հանգիստ պիտի ննջեն ու պիտի գտնեն իրենց վերջնական հանգիստը, ամբողջական Հայաստանի խնկաբոյր հողին մէջ:
131-ամեակի տօնախմբութիւնը վերջ գտաւ ՀՅԴաշնակցութեան քայլերգի երգեցողութեամբ, Դաշնակցութեան «Թեւ-թիկունք» կանգնելու հաստատ համոզումով եւ յանձնառութեամբ:
?>