Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղին, Շաբաթ, 23 ապրիլ 2022-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Այնճարի մէջ տեղի ունեցաւ Ապրիլեան եղեռնի 107-ամեակի հսկում:
Հսկումին առաջին բաժինը տեղի ունեցաւ Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի «Հետուիկ» սրահէն ներս: Ձեռնարկը ընթացք առաւ ՀՄԸՄ Այնճարի մասնաճիւղի Փողերախումբին Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով.
ապա ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղի խօսքը արտասանեց ընկերուհի Գարօլ Քենտիրճեան, ըսելով «այսօր համայն ժողովուրդը աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ, կ'ոգեկոչէ հայոց ցեղասպանութեան մեծ եղեռնը, կը խոնարհի եւ յարգանքի իր տուրքը կը մատուցէ մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու յիշատակին»: իր խօսքը շարունակելով Քենտիրճեան ըսաւ,«այս դժուարին օրերուն երբ թշնամին տակաւին կը շարունակէ իր ուրացման քաղաքականութիւնը, եւ աւելին ամէն օր կը սպառնայ մեր հայրենիքի խաղաղութեան եւ ազգի գոյութեան: Մենք՝ հայ երիտասարդներս, ամէն տեղ եւ ամէն վայրկեան պատրաստ պէտք է ըլլանք մեր բռունցքները բարձրացնելու եւ ճակատելու հայութեան շահերը խափանող բոլոր տեսակի ոտնձգութիւններուն դէմ»: Իր խօսքի աւարտին, Քենտիրճեան ըսաւ « մեր նպատակը մէկ է՝ աննահանջ պայքար մինչեւ յաղթանակ, մինչեւ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան»:
Այնուհետեւ, ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութեան պատանիները ներկայացուցին կենդանի պատկեր մը, «սփիւռքի ստեղծման» դեմայով:
Օրուան բանախօսն էր ընկերուհի Սալբի Քիւրքճեան-Թաշճեան,ըսելով «Ազգը իր պատմութիւնը կը կերտէ եւ անդո՛ւլ պայքարով միա՛յն կը ձեւակերպէ իր ինքնութիւնը՝ քաղաքակրթական յարափոփոխ քարտէսի վրայ. կը մարմնաւորէ ինքնիր տարրերգը՝ իրագործումներու բուռն բաբախումով ու յաջորդականութեամբ։ Յարգելի է այն ազգը, որուն մատեանները հարուստ են փառապանծ ստեղծագործութեամբ ու անսպառ արժէքներով։Դալար է այն դաշտը, երբ իր փխրուն հողին ընդերքէն ծլարձակող խայծերը արեգակնային ճաճանչներ կ’արձակեն, ինչպէս ծառին ընդերքը կը յուշէ արմատացող խոյակներուն անդուլ աշխատանքը»: Իր խօսքը շարունակելով ընկերուհին շեշտեց ըսելով,« Այսպէս է հայ ժողովուրդը՝ խելայեղօրէն կառչած իր հաւատքին, գրիչին ու բարձունքի լուսաշող ժայռերուն՝ միտքի ու կամքի երկնակամարով բոցավառելու երկունքի շաւիղները, պղտոր ջուրերուն մէջ օրհասական պայքար մղելու՝ յաղթանակի առագաստը մի՛շտ պարզած պահելու վճռակամութեամբ»: Անցեալի իրադարձութիւններու վերաքաղը կատարեց որմէ ետք Քիւրքճեան-Թաշճեան իր խօսքը աւարտելով ըսաւ, «Պատմաքաղաքական այս հաւաքական յիշողութեամբ զինուած՝ դիմադրութիւնը անխուսափելի է՛, եթէ կ’ուզենք տէր մնալ արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքին, մեր ինքնիշխանութեան, մեր հանրապետութեան եւ մեր գոյերթին։ Դիմադրութիւնը միայն պահանջատիրութեամբ կը կենսագործուի.Պահանջատիրութի՛ւն՝ հայ ժողովուրդի բնօրրանի բոլոր տարածքներուն վրայ ինքնորոշուելու, պետութիւն ունենալու անկախ եւ ինքնիշխան ապրելու.Դիմադրութի՛ւն՝ պահանջատիրութեա՛մբ հայ ժողովուրդէն բռնախլուածը չզիջելու ամէ՛ն գնով, իրաւունք վերականգնելու անտեղիտալի՛ մարտնչումով եւ արդարութեան հասնելու խոյանքով։Ջահերը վա՛ռ պահանջատիրութեամբ միացէ՛ք դիմադրութեան...»:
Ապա ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղի անդամ՝ Մարիա Աբէլեան ներկայացուց «Վեր Կաց Եղբայր Իմ» երգը:
ՀՅԴ «Յառաջ» Պ.Մ. կենդանի պատկերը շարունակուեցաւ «Դէպի Երկիր» պատգամով: Ապա Ազգային «Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի պարախումբը «Կարօտ» պարը ներկայացուց, որմէ ետք Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանէն Էլիսսա Պագգալեան եւ Սոֆի Գալուստեան ասմունքեցին Գէորգ Էմին-ի «Մենք» արտասանութիւնը:
Հսկումի պաշտօնական բաժինը աւարտեցաւ ՀՅԴ «Յառաջ» Պ.Մ. կենդանի պատկերով որուն պատգամն էր «միասնակամութիւն»։
Հսկումը շարունակուեցաւ քայլարշաւով: Հոծ բազմութիւնը, առաջնորդութեամբ շեփորախումբին եւ ԼԵՄ-ական ու պատանի ջահակիրներուն, նախ ուղղուեցաւ դէպի Այնճարի պատմական բերդի պողոտան ուր ներկաները ականատես եղան կրակով ներկայացուած «Դէպի Հայրենիք» -ը պատգամին, որմէ ետք «Ս. Զէյթլեան» կեդրոն հոն եւս կրակով ներկայացուած էր ՀՅԴ ԼԵՄ-ի արծիւն ու ՀՅԴ զինանշանը:
Այնուհետեւ ներկաները ուղղուեցան դէպի Մուսա Լերան յուշահամալիր ուր ճարտարարուեստի նախարար՝ Պրն. Ճորճ Պուչիքեան ծաղկեպսակ զետեղեց Մուսա Լերան նահատակներու յուշարձանին դիմաց եւ հսկումը աւարտցաւ գիւղի հոգեւոր հայրերու պահպանիչով: