Լուրերու Արխիվ
 
Մուսա Լերան հերոսամարտի 107-ամեակին առիթով կիրակի, 18 սեպտեմբերին Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ` մասնակցութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Նարեկացի» երգչախումբին: Ս. պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան:
Առաջնորդ սրբազանը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ այն պատմական նուիրական առիթներուն, որոնց պատճառով ժողովուրդը համախմբուած է Այնճարի մէջ: Առաջինը Քրիստոսի խաչափայտին ազատագրութեան պատմութիւնն է, որ տեղի ունեցած է 7-րդ դարուն, եւ այս մասին պատմութիւնը կ՛արձանագրէ, որ 614 թուականին, Պարսկաստանը պարտութեան մատնելով բիւզանդացիները, կը յաջողի գրաւել Երուսաղէմը ու զայն աւերելէ ետք Տիզպոն կը տանի Քրիստոսի խաչը: Այդ ժամանակ վստահաբար անարգուած է քրիստոնեայ աշխարհը, եւ առաւելաբար նուաստացած` Բիւզանդիոնը, որ ոչ միայն չէր կրցած պաշտպանել իր սահմանները, այլ նաեւ չէր կրցած տէր կանգնիլ իր հոգատարութեան ենթակայ Երուսաղէմին ու պաշտպանել այնտեղ գտնուող նուիրական սրբութիւնները, սակայն 628-ին բիւզանդացիք, պարտութեան մատնելէ ետք Պարսկաստանը, կը յաջողին ազատագրել Քրիստոսի խաչափայտը ու զայն վերադարձնել Երուսաղէմ, եւ այդ ժամանակուան հզօրագոյն դէմքը` Հերակլ կայսր, անձամբ կ՛առաջնորդէ դէպի Երուսաղէմ խաչի վերադարձին թափօրը եւ ի մխիթարութիւն քրիստոնեայ աշխարհին` ան նաեւ իր ձեռքերով խաչը կը բարձրացնէ եւ կը զետեղէ Ս. Յարութեան տաճարին մէջ:
օժանդակութեամբ եւ մեր նահատակներով շարունակելու մեր պատմութեան երթն ու պարտաւոր ենք ապաւինելու մեր ներքին արժէքներուն, մեր հաւատքին, կամքին, մեր գիտակցութեան, մեր ցեղային պարկեշտ ոգիին ու մեր ժողովուրդի զաւակներուն անձնազոհ նուիրումի կեցուածքներուն:
Շարունակելով իր խօսքը` առաջնորդը ըսաւ, որ այս օրը փառքի տօն է անկասկած, սակայն միաժամանակ առիթ է մեր ներկայով մտահոգուելու ու ապագայով տագնապելու, որովհետեւ պէտք է խոստովանինք, որ սկսած է փոքրանալ մեր ազգային իտէալը, եւ մեր ժողովուրդի զաւակներէն ոմանք սկսած են խուսափիլ յաւելեալ ճիգէ ու դարձած թերահաւատ` նոյնինքն իրենց սեփական ուժին ու կարողութիւններուն նկատմամբ: Ան նկատել տուաւ, որ Արցախի ու Հայաստանի վերջին անցուդարձերուն պատճառով մեր ազգային տենչերուն ու երազներուն վրայ նոր գիշեր մըն ալ իջաւ եւ մշուշի մէջ թաղեց մեր վաղուան յոյսերը, որոնք մեր երազներէն ու տենչերէն ծնելով, այսօր պէտք էր պայծառօրէն շողային ու ճառագայթէին մեր ազգի կեանքէն ներս:
Հետեւաբար, մասնաւորաբար մեր օրերուն, մեր ապրած ընկերային եւ տնտեսական պայմաններուն եւ քաղաքական անցուդարձերուն մէջ, մեր հաւաքականութեան բարոյական ու հոգեւոր վիճակը պաշտպանելու բաղձանքով, սրբազան հայրը կոչ ուղղեց զգուշ ըլլալու, որպէսզի մեր ժողովուրդը Աստուծմէ չհեռանայ, չկտրուի նախորդ սերունդներուն ծով զոհողութիւններով կերտուած աւանդէն եւ չկորսնցնէ անցեալի յիշողութիւնը, որ մեր ամբողջ պատմութիւնն է, որուն դիմաց պարբերաբար պէտք է ինքնաքննութեան նստինք եւ անով նորոգուինք: Սրբազանը ըսաւ, թէ ի՛նչ ալ ըլլան մեր կեանքի պայմանները, պարտինք մեր ժողովուրդին ջանքերը համախմբել, մեր համայնական կեանքը պահպանել, մեր հոգեւոր ու ազգային արժէքներով պաշտպանել մեր ընտանեկան յարկերը ու նոր սերունդը ուղղել դէպի ազգին արմատներ, եւ եզրափակելով իր խօսքը` յայտնեց, որ պէտք է հաւատանք եւ զգանք, թէ Աստուած մեզի հետ է, եւ անոր աներեւոյթ ձեռքը թոյլ չի տար, որ մեր դիմագրաւած տեսակաւոր տագնապներուն ու անկումներուն մէջ մենք խորտակուինք ու ոչնչանանք, աղօթելով, որ ան խաղաղութիւն պարգեւէ մեր հայրենիքին, յաւիտենական հանգիստ շնորհէ մեր նահատակներուն, արդարութեան եւ իրաւունքի ծարաւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն մէջ յայտնաբերէ խաչը շալկող նոր հերոսներ եւ մեզ տանի իր անմահական պարգեւներուն:
Ս. պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն Մուսա Լերան հերոսամարտի 18 նահատակներու յիշատակին, ինչպէս նաեւ` վերջերս Ազրպէյճանի բարբարոսութիւններուն պատճառով Հայաստանի մէջ նահատակուած հայորդիներուն հոգիներուն համար, որմէ ետք կատար
30126052795925644707853708933037394897006101n
30275552395925645641186947997363713020939458n
30494357395925646641186847104657384372662761n
3025481079592564804118670833088941178269797n
3059300599592564927451991324224062660536444n
ուեցաւ մատաղօրհնէք եւ մատաղի բաշխում:
яндекс
Հինգշաբթի, 15 Սեպտեմբեր 2022֊ին, երեկոյեան ժամը 7։00֊ին տեղի ունեցաւ Համազգայինի Այնճարի 《Պ. Սեւակ》 մասնաճիւղի կազմակերպած երիտասարդ նկարիչներու գործերու ցուցահանդէսը։ Ցուցահանդէսին իրենց գործերով մասնակցեցան` Ալիք Աշգարեան , Փաթիլ Թասլաքեան , Լոռի Գառնէշեան , Լիսա Յովսէփեան , Լոռի Պագգալեան , Քրիսդէլ Սապունճեան , Սարիա Սգայեան , Մարիա Քէօֆթէեան , Մարկօ Զէյթունեան , Շաղիկ Պէրպէրեան , Բալիկ Գարայեան , Յասմիկ Այնթապլեան , Ռուպի Պետրոսեան , Սեւատա Անտոնեան , Վարանդ Մեթլեան եւ Պարոյր Ղուկասեան։
Ցուցահանդէսին բացումը կատարեց` օրուայ բանախօս, ծագումով Այնճարցի` Գանատահայ Արուեստագէտ Ընկ.Յակոբ Ճամպազեան։
Բացման խօսքը կատարեց` արուեստագէտ Գօգօ Կարապէտ, հակիրճ կերպով ներկայացուց Յակոբ Ճամպազեանի կեանքն ու գործը։ Ապա, Յ. Ճամպազեան խօսք առնելով բարձր գնահատեց 《Պ.Սեւակ》 մասնաճիւղի գործը, շնորհաւորեց երիտասարդ նկարիչներն ու նկարչուհիները. մաղթելով անոնց փայլուն ապագայ,թելադրելով որ չընկրկին դժուարութիւններու դիմաց որովհետեւ հարթ չէ արուեստի ճանապարհը։
Բանախօսը եւ Համազգայինի վարչութիւնը փոխանակեցին յուշանուէրներ,ապա ներկաները դիտեցին,ըմբոշխնեցին ու գնահատեցին ցուցադրուած գեղանկարները ։
Ցուցահանդէսը կը մնայ բաց վաղը` Շաբաթ 17 Սեպտ. ժամը 18։00֊էն 24;00։
2872772361260510268584222555060270089627718n
306980305126051203525071632874925153481465n
3051348451260508668584387491315247665193913n
3069620361260509868584263417706618332381211n
3058067141260511468584108507947040093771528n
307006122126051090191749475236667453647373n
3065132261260511568584093472164135293494254n
3069849991260512168584031675328314371958519n
3049849521260512635250658452558689583089307n
3049453601260512501917332486733766773973090n
3069639551260512768583978947029779115945532n
3063600081260512935250625428355383280276822n
Շաբաթ 17 Սեպտեմբեր 2022-ին, Մուսա լեռ-Այնճարի ազգային գերեզմանատան մէջ,Հայաստանէն սաւառնելով Այնճար հասաւ հսկայ խաչքար մը՝ կայք հաստատելով Այնճարի հիմնադրութեան տարիներուն (1939_1941) մահացած (1000_1200 գաղթականներ) մուսալեռցի գաղթականներու հաւաքական դամբարանին վրայ։
Հիմա այլեւս դաժան պայմաններուն ( մալարիա,թիֆոյիտ,փորհարութիւն,անօթութիւն,սարսափելի պաղ...) զոհ գացած Այնճարի հիմնադիր սերունդը ունի իր յուշարձանը՝ յանձինս հայրենիքի մէջ ապրող մուսալեռցի Արամ Ֆրէնկեանին,որուն նուէրն էր այս խաչքարը(Ներողամիտ թող ըլլայ Արամը որ անունը յիշեցինք,որովհետեւ ինք չէր փափաքեր որ անունը յիշատակուի եւ չընդունեց որ խաչքարի յատակին իր անունը փորագրուի)։
Խաչքարը գործն է հայրենի քանդակագործ Արամ Պապայեանին։Ան կրկնօրինակն է Գոշավանքի բակին մէջ գտնուող վարպետ Պօղոսի խաչքարին(1291 թ.)։Ան պատրաստուած է Օշականի "Ս.Մեսրոպ Մաշտոց" եկեղեցւոյ տարածքին մէջ՝ տէր Վազգէն քհն.Յովհաննէսեանի հսկողութեամբ հայկական տուֆ քարով։
Խաչքարը Այնճար հասաւ օժանդակութեամբ Երեւանաբնակ Այնճարցի տէր եւ տիկին Հրակ եւ Լալէ Թասլաքեաններուն,եւ տեղադրուեցաւ գեղեցիկ պատուանդանի մը վրայ շնորհիւ հետեւողական աշխատանքովը Պրն.Յակոբ Գառնէշեանին,Ս.Պօղոս եկեղեցւոյ թաղականութեան եւ քանի մը կամաւոր Այնճարցիներու։
Յատուկ ձեռնարկով մը խաչքարը օրհնուեցաւ հոգեւորականներու աղօթքով՝ առաջնորդութեամբ Պեքայի հայոց հոգեւոր տեսուչ հայր Անանիա ծայրագոյն վարդապետ Գուճանեանին՝ ներկայութեամբ Այնճարի քաղաքապետին,կոմիտէի ներկայացուցիչին,համայնքային եւ միութենական մարմիններուն եւ մուսալեռցիներու։
Հրաշալի խաչքար մը՝ որ իր արժանի տեղը զետեղուեցաւ,առանց մոռնալու մեր հայրենիքի սահմաններուն վրայ հերոսաբար ինկած մեր վերջին նահատակները։
Վարձքը կատար այս ծրագիրը յաջողցնող բոլոր հայրենակիցներուն։
Լօյս թըղ իջնա ալիրէն հուգսվիրէն։
30532538195854857181599123130283488259573741n
30580379095854859114932262244473616796102839n
30520684295854867748264736461831745110321295n
3078644299585485128159971407258701783091688n
3073157979585486488159835915121990543922898n
30520060595854862281598618919906062509563697n
30597175395854871514931026443242330694828899n
30497965195854869081597932913896187575073683n
Շաբաթ, 17 Սեպտ. 2022_ին, երեկոյեան ժամը 6։00֊ին, Համազգայինի Այնճարի 《Պ.Սեւակ》 մասնաճիւղի եւ Anjar Art Gallery-ի գործակցութեամբ ու կազմակերպութեամբ, Այնճարի 《Դալար Անկիւն》 հանրային տարածքին վրայ` տեղի ունեցաւ մտահղացքային արուեստի (conceptual art) ներկայացում` որուն կը մասնակցէին արուեստագէտներ` Նանոր Հաճեան, Կարինէ Շաննագեան , Կարպիս Քէնտիրճեան եւ Գօգօ Կարապէտ Սագայեան։
Վրձինով, ներկով ու պաստարով, եւ զանազան տարբեր միջոցներով ու 《լեզուներով》 արուեստագէտները ներկաներուն փոխանձեցին իրենց ըսելիքը,որուն մէջ կար կեանքի փիլիսոփայութիւն, լաւն ու վատը, արուեստն ու մեր ազգին ցաւը։
3056644141265389468096304267040884492410597n
3058491931265388768096378924946575029160898n
3073106341265388168096437795936966605216399n
3065980431265552534746665938101171993771616n
3066678401265388501429737444419269298970556n
3065091841265389001429683349982561510421907n
3062858571265389634762952999137733295595843n
 
Մուսա լերան հերոսամարտի 107-ամեակին եւ Մուսա լեռ – Այնճարի հիմնադրութեան 83-ամեակին առիթով կազմակերպուած եւ քանի մը օրուան վրայ երկարած ոգեկոչման ձեռնարկներուն հիմնականը հանդիսացաւ ժողովրդային տօնախմբութիւնը, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ, 17 սեպտեմբեր 2022-ի երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ, Այնճարի մէջ: ՀՄԸՄ Այնճարի մասնաճիւղի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ ժողովուրդը ուղղուեցաւ դէպի Մուսա լերան յուշարձան-համալիրի կից, ուր կայացաւ ձեռնարկը:
Ձեռնարկը սկիզբ առաւ ժամը 8:30-ին, ՀՄԸՄ Այնճարի մասնաճիւղի սկաուտներուն շարքերով: ՀՄԸՄ Այնճարի մասնաճիւղի շեփորախումբին կողմէ ժողովրդային եւ պաշտօնական դիմաւորութենէ ետք հնչեցին Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները:
ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին կողմէ բացման խօսքը արտասանեց Վարանդ Մաճարեան, որ ըսաւ. «Այսօր հպարտութեամբ կը նշենք, որ Մուսա լերան քառասնօրեայ պայքարի սխրագործութիւնը ոսկի տառերով արձանագրուած է հայոց պատմութեան էջերուն մէջ` իբրեւ ժողովուրդի կամքի պարտադրման եզակի օրինակ: Այսօր անվարան կարելի է ըսել, որ Մուսա լեռը եղաւ պայքարի ու յաղթութեան խորհրդանիշ, կամքի վճռակամութիւն, քաջութիւն: Անվախօրէն թուրքին ոչ ըսելու, անոր առջեւ չխոնարհելու խորհրդանիշը»: Մաճարեան ներկաներուն կոչ ուղղելով ըսաւ.
«Սիրելի՛ ներկաներ, մուսալեռցիի քաջութեան ու հայրենասիրութեան մասին պէտք չկայ ճառախօսելու. բայց եթէ այսօր հայրենիք պիտի փրկենք, պարտաւոր ենք ազգովին մկրտուելու եւ համախմբուելու Մուսա լերան հերոսամարտի պայքարի ոգիով»:
Ապա տօնախմբութեան հանդիսավարներ ` ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղէն Լոռի Գաբրիէլեան եւ Մարիա Աբէլեան, ազգայնաշունչ ասմունքային տողերով ձեռնարկը վարեցին:
Գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժինով Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի աշակերտներէն Կալի Գալուստեան երգեց «Թուրքին պոստից բեկան խփեց»:
Այնուհետեւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին անունով խօսք առաւ Եսայի Հաւաթեան, որ բացատրեց, թէ ինչո՛ւ Մուսա լերան հերոսամարտէն 107 տարի ետք կամ Այնճարի հիմնադրութենէն 83 տարի ետք խմբուած ենք տօնելու, յիշելու եւ ապրելու անցեալի այս զոյգ դէպքերը, ան անդրադարձաւ այն երեւոյթին, թէ ի՛նչ թաքնուած է այս նշումներուն մէջ, որ միշտ ժողովուրդը կը մղէ համախմբուելու եւ ոգեկոչելու: Հաւաթեան, անդրադառնալով հայրենիքի մէջ տեղի ունեցած անցեալ շաբթուան իրադարձութիւններուն ըսաւ. «Այս շաբթուան մեր հաւաքները զօրակցական հաւաքներ են հայոց բանակին, հայ զինուորին, թէկուզեւ Մուսա լերան հերոսամարտին կամ Այնճարի հիմնադրութեան առիթով: Այո՛, զօրակցութիւն հայոց բանակին, որ միակ երաշխիքն է մեր հայրենիքին ապահովութեան, եւ ոչ թէ ապազգային իշխանութեան. ո՛չ նահանջին, ո՛չ պարտուողականութեան»: Ան հաստատեց, որ արգիլուած է անտարբերութիւնը, անհոգութիւնը եւ ծուլութիւնը:
Իր խօսքը աւարտելով` Եսայի Հաւաթեան ներկաներուն ըսաւ. «Սիրելի՛ հայրենակիցներ, ինչպէս նախապէս Մուսա լերան վրայ, նոյնպէս հոս. չկայ կուսակցական եւ համայնքային խտրականութիւն` թէկուզեւ այս քաղաքը նաեւ դաշնակցական հիմնադրութեան պատմութիւն ունի. այո՛ միասնութեան, այո՛ քաջութեան, այո՛ արժանապատուութեան. եթէ ասոնք կան, ժողովո՛ւրդ, չմտահոգուիս, յաղթանակը ապահովուած է: Յարգա՛նք հայրենիքին համար նահատակուած մեր զինուորներուն, յարգա՛նք հերոսամարտի 18 նահատակներուն` այսօր, վաղը եւ յաւիտեան»:
Ապա Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղէն խումբ մը երիտասարդներ ելոյթ ունեցան հայրենասիրական եւ ազգային երգերով` Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի նորակազմ նուագախումբին ընկերակցութեամբ:
Անկէ ետք օրուան բանախօսը` Սիլվա Սողոմոնեան, նախ պատմեց հերոսական Մուսա լերան պատմութիւնը սկսելով հերոսամարտի օրերէն, Այնճարի հիմնադրութենէն եւ հասնելով մինչեւ այսօրուան Այնճարը` հետեւեալ կոչը ուղղելով ներկաներուն. «Մեր հաւատարմութիւնը կը պահանջէ գերագոյն պատասխանատուութեան գիտակցութիւն եւ նուիրում, որպէսզի անպարտելի մնանք, որպէսզի իբրեւ մուսալեռցիներ, որ արժէքներու պատկանելիութիւն ունինք, ապրինք ու ապրեցնենք, ստեղծագործենք, ծաղկեցնենք, նոյնիսկ տիրող աննպաստ ու անարդար իրավիճակին մէջ»: Իր խօսքը շարունակելով Ս. Սողոմոնեան անդրադարձաւ հայրենիքի ներկայ վիճակին եւ ըսաւ. «Ճակատամարտը այսօր ազգակերտումն է, համաշխարհայնացման դժուար ալիքներուն դէմ դիմանալ պէտք է, տոկալ պէտք է իբրեւ սփիւռք, եւ պիտի թիավարենք հաստատուն ու հպարտ»: Իր խօսքը փակելով` պատգամախօսը ըսաւ. «Այսօր աւելի քան երբեք մեր բոլորիս միտքերն ու սիրտերը Հայաստան են: Մայր հայրենիքի այս ահազանգային վիճակը մեզ բոլորս կը մղէ համաժողովրդային դիմադրութեան, եւ մեր պատմութիւնը մեզի կը մղէ վերականգնելու, պայքարելու, եւ միասնակամ բռունցքով զօրակցելու մեր հայրենիքին»:
Այնուհետեւ Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանի աշակերտուհիները ելոյթ ունեցան «Զարթօնք» պարով, որմէ ետք ներկաները դիտեցին Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի եւ Այնճար «Արթ կալըրի»-ի կողմէ պատրաստուած նկարչական տեսերիզը, որուն նիւթը «Այնճար» գիւղն էր:
Ապա ելոյթ ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը` ազգային եւ ժողովրդային շարք մը երգերով:
Աւարտին իր օրհնութիւնն ու պատգամը տուաւ Պեքաայի հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան, որ փառք եւ գոհութիւն տուաւ Աստուծոյ, որ այս տարի եւս կարելի եղաւ միախմբուիլ այս սուրբ կամարներուն տակ` կրկին անգամ տօնախմբելու, յիշատակելու եւ արժեւորելու Մուսա լերան հերոսամարտի մեր նահատակները, Այնճարի հիմնադրութիւնը, ինչպէս նաեւ Խաչվերացի տօնը: Խօսելով ընդհանուր վիճակին մասին` ան ըսաւ. «Լիբանանը տնտեսական եւ ճգնաժամային պահեր կ՛ապրի, այո՛, նոյնքան եւ աւելին այսօր մեր հայրենիքին մէջ, անմեղ զոհեր իրենց արիւնը կը թափեն, կը նահատակուին ի խնդիր մեր սուրբ հողին, մեր հայրենիքին»: Հայր սուրբը ըսաւ, որ եթէ այսօր ոեւէ անձ կը փորձէ Հայաստանը ջնջել, ապա ան պէտք է գիտնայ, որ մենք երբեք չջնջուեցանք, մնացինք, կանգ, պիտի լինենք ու դեռ շատանանք:
Ձեռնարկը փակուեցաւ դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբին կողմէ «Խուժան ասկեար»-ի երգեցողութեամբ:
30539744695882738978810945718284286382236255n
30480408895882741178810722861658490364817537n
30544750195882742712143905657048878639554357n
30619322095882745545476956285650701813417020n
30584245495882743945477118733913753560520296n
30775104895882746845476828207635960503911871n
30733027595882747512143426566239799320402801n
30335131395882750678809774982474401176538691n
30530704795882749378809907916332886284759552n
30503463595882748245476685277112477871376881n
30660733195882740412144132289460752655666464n
 
 
?>