Լուրերու Արխիվ
 
Մուսա Լերան հերոսամարտի 107-ամեակին առիթով կիրակի, 18 սեպտեմբերին Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ` մասնակցութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Նարեկացի» երգչախումբին: Ս. պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան:
Առաջնորդ սրբազանը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ այն պատմական նուիրական առիթներուն, որոնց պատճառով ժողովուրդը համախմբուած է Այնճարի մէջ: Առաջինը Քրիստոսի խաչափայտին ազատագրութեան պատմութիւնն է, որ տեղի ունեցած է 7-րդ դարուն, եւ այս մասին պատմութիւնը կ՛արձանագրէ, որ 614 թուականին, Պարսկաստանը պարտութեան մատնելով բիւզանդացիները, կը յաջողի գրաւել Երուսաղէմը ու զայն աւերելէ ետք Տիզպոն կը տանի Քրիստոսի խաչը: Այդ ժամանակ վստահաբար անարգուած է քրիստոնեայ աշխարհը, եւ առաւելաբար նուաստացած` Բիւզանդիոնը, որ ոչ միայն չէր կրցած պաշտպանել իր սահմանները, այլ նաեւ չէր կրցած տէր կանգնիլ իր հոգատարութեան ենթակայ Երուսաղէմին ու պաշտպանել այնտեղ գտնուող նուիրական սրբութիւնները, սակայն 628-ին բիւզանդացիք, պարտութեան մատնելէ ետք Պարսկաստանը, կը յաջողին ազատագրել Քրիստոսի խաչափայտը ու զայն վերադարձնել Երուսաղէմ, եւ այդ ժամանակուան հզօրագոյն դէմքը` Հերակլ կայսր, անձամբ կ՛առաջնորդէ դէպի Երուսաղէմ խաչի վերադարձին թափօրը եւ ի մխիթարութիւն քրիստոնեայ աշխարհին` ան նաեւ իր ձեռքերով խաչը կը բարձրացնէ եւ կը զետեղէ Ս. Յարութեան տաճարին մէջ:
օժանդակութեամբ եւ մեր նահատակներով շարունակելու մեր պատմութեան երթն ու պարտաւոր ենք ապաւինելու մեր ներքին արժէքներուն, մեր հաւատքին, կամքին, մեր գիտակցութեան, մեր ցեղային պարկեշտ ոգիին ու մեր ժողովուրդի զաւակներուն անձնազոհ նուիրումի կեցուածքներուն:
Շարունակելով իր խօսքը` առաջնորդը ըսաւ, որ այս օրը փառքի տօն է անկասկած, սակայն միաժամանակ առիթ է մեր ներկայով մտահոգուելու ու ապագայով տագնապելու, որովհետեւ պէտք է խոստովանինք, որ սկսած է փոքրանալ մեր ազգային իտէալը, եւ մեր ժողովուրդի զաւակներէն ոմանք սկսած են խուսափիլ յաւելեալ ճիգէ ու դարձած թերահաւատ` նոյնինքն իրենց սեփական ուժին ու կարողութիւններուն նկատմամբ: Ան նկատել տուաւ, որ Արցախի ու Հայաստանի վերջին անցուդարձերուն պատճառով մեր ազգային տենչերուն ու երազներուն վրայ նոր գիշեր մըն ալ իջաւ եւ մշուշի մէջ թաղեց մեր վաղուան յոյսերը, որոնք մեր երազներէն ու տենչերէն ծնելով, այսօր պէտք էր պայծառօրէն շողային ու ճառագայթէին մեր ազգի կեանքէն ներս:
Հետեւաբար, մասնաւորաբար մեր օրերուն, մեր ապրած ընկերային եւ տնտեսական պայմաններուն եւ քաղաքական անցուդարձերուն մէջ, մեր հաւաքականութեան բարոյական ու հոգեւոր վիճակը պաշտպանելու բաղձանքով, սրբազան հայրը կոչ ուղղեց զգուշ ըլլալու, որպէսզի մեր ժողովուրդը Աստուծմէ չհեռանայ, չկտրուի նախորդ սերունդներուն ծով զոհողութիւններով կերտուած աւանդէն եւ չկորսնցնէ անցեալի յիշողութիւնը, որ մեր ամբողջ պատմութիւնն է, որուն դիմաց պարբերաբար պէտք է ինքնաքննութեան նստինք եւ անով նորոգուինք: Սրբազանը ըսաւ, թէ ի՛նչ ալ ըլլան մեր կեանքի պայմանները, պարտինք մեր ժողովուրդին ջանքերը համախմբել, մեր համայնական կեանքը պահպանել, մեր հոգեւոր ու ազգային արժէքներով պաշտպանել մեր ընտանեկան յարկերը ու նոր սերունդը ուղղել դէպի ազգին արմատներ, եւ եզրափակելով իր խօսքը` յայտնեց, որ պէտք է հաւատանք եւ զգանք, թէ Աստուած մեզի հետ է, եւ անոր աներեւոյթ ձեռքը թոյլ չի տար, որ մեր դիմագրաւած տեսակաւոր տագնապներուն ու անկումներուն մէջ մենք խորտակուինք ու ոչնչանանք, աղօթելով, որ ան խաղաղութիւն պարգեւէ մեր հայրենիքին, յաւիտենական հանգիստ շնորհէ մեր նահատակներուն, արդարութեան եւ իրաւունքի ծարաւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն մէջ յայտնաբերէ խաչը շալկող նոր հերոսներ եւ մեզ տանի իր անմահական պարգեւներուն:
Ս. պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն Մուսա Լերան հերոսամարտի 18 նահատակներու յիշատակին, ինչպէս նաեւ` վերջերս Ազրպէյճանի բարբարոսութիւններուն պատճառով Հայաստանի մէջ նահատակուած հայորդիներուն հոգիներուն համար, որմէ ետք կատար
30126052795925644707853708933037394897006101n
30275552395925645641186947997363713020939458n
30494357395925646641186847104657384372662761n
3025481079592564804118670833088941178269797n
3059300599592564927451991324224062660536444n
ուեցաւ մատաղօրհնէք եւ մատաղի բաշխում:
яндекс
?>