Արհեստներ

Դգալագործութիւն

Սանտրագործութեան համընթաց արհեստ մըն էր դգալագործութիւնը, քանի որ նոյն էին ատաղձը, սպառումի շուկան, եւ մասամբ ալ գործիքները:

Դգալաշինութիւնն ու շերեփաշինութիւնը զարգացած էին յատկապէս Պիթիասի եւ Հաճի Հապիպլիի մէջ: Ընտրելագոյն փայտը միշտ տօսախն էր:

Թէեւ գոյութիւն ունէին մետաղեայ սպասներ, սակայն առաջին պատերազմէն առաջ մանաւանդ, գիւղացիներուն գործածածը փայտեայ սպասներն էին:

Կային վարպետներ, որոնք դգալաշինութիւնը հասցուցած էին արուեստի բարձրութեան. Արտադրուած դգալներն ու պատարաքաղները չափազանց նուրբ էին եւ ճաշակաւոր ձեւով նաշխուած:

Դգալի եւ շերեփի արտածման շուկան ընդհանրապէս արաբ գիւղացիութեան բնակավայրերն էին, ինչպէս սանտրինը:

Մուսալեռ