Արհեստներ

Սանտրագործութիւն

Սանտրագործութիւնը շուրջ դար մը առաջ Ճէպէլ Մուսա մուտք գործած է Մարաշէն: Այս արհեստը առաւելապէս տարածուած էր Եօղուն Օլուքի եւ մաս մըն ալ Խըտըր Պէկի մէջ:

Կ՛արտադրուէր երկու տեսակ սանտր, փայտէ, ոսկորէ կամ եղջիւրներէ:

Անշուշտ փայտի սանտրի շինութիւնը աւելի պարզ էր եւ գինը աւելի աժան էր: Լաւագոյն սանտրը կը շինուէր տօսախի փայտէն, որ թէ կարծր էր, թէ դիմացկուն: Մուսա լերան բարձրունքներուն վրայ կային այլ ծառեր եւս սանտրաշինութեան յարմար. Այսպէս՝ Գաթլապա, Հացենի, Մաննի եւայլն:

Ոսկորէ սանտրը կը շինուէր ընդհանրապէս ուղտի սրունքներուն ոսկորներէն: ոսկորէ սանտրը սակայն հազուադէպ կ՛ըլլար միակտուր: Ընդհանրապէս երկու-երեք կտոր ոսկոր գամիչներով իրարու փակցուելով կը ստացուէր սովորական սանտրին մեծութիւնը:

Միակտուր եղջիւրով սանտր կը շինէին գոմէշի եղջիւրներէն, որոնք սղոցելէ յետոյ՝ տաքցնելով մամուլին մէջ կը տափակցնէին: Աւելի յարգի էին փղոսկրեայ սանտրերը, որոնք աւելի տոկուն եւ նուրբ կ՛ըլլային:

Փոր Սայիտէն վերադարձէն յետոյ ընդհանրացաւ նաեւ արհեստական նիւթերէ (սենթեթիք) շինուած սանտրը, որուն շինութիւնը աւելի պարզ էր :

Փայտեայ թէ ոսկորէ սանտրին շինութիւնը թէեւ դժուարին աշխատանքի կը կարօտի, սակայն քիչ եւ ոչ բարդ մի քանի գործիքներ (սղոց, ուրագ, խարտոց, քերիչ, յղկիչ) բաւական էին ամբողջացնելու զայն: Սակայն արհեստագէտները այնքան վարժ էին ակռաներ շինելու մէջ, որ շատ արագ սղոցելով հանդերձ ՝ շատ համաչափ եւ ըստ կարիքի շատ խիտ եւ ցանցառ ակռաներ կը շինէին:

Սանտրագործութիւնը եկամուտի օժանդակ աղբիւր մըն էր բազմաթիւ ընտանիքներու համար: Ինչպէս մետաքսագործութեան, նոյնպէս եւ սանտրագործութեան մէջ տանտիկինը իր որոշ բաժինը կը բերէր՝ ամուսինին գործը դիւրացնելով չափով մը:

Արտադրուած սանտրը կը ծախուէր տեղացի վաճառականներու, որոնք զայն մեծաքանակ կ՛արտածէին Հալէպ, Դամասկոս, Եգիպտոս եւ այլուր:

Նախապէս Սուէտիացի օրիորդի մը համար պայման էր եւ պատիւ օժիտին մէջ ունենալ փղոսկրեայ կամ ոսկորէ սանտրեր, ինչպէս նաեւ մետաքսեղէն գործուածքներ:

Մուսալեռ

?>