Շերամաբուծութիւն - Մետաքսագործութիւն


Խոզակի առուտուրը կը կազմէր Մուսա լերան բնակչութեան գլխաւոր հասոյթներէն մէկը: Այս պատճառով ալ պարտէզներուն երեք քառորդը գրաւած էին թթենիի ծառեր, որոնց տերեւը միակ կերն էր շերամին: Գրեթէ ամէն տուն, շերամապահութեան եղանակին (գարուն) իր բնակարանին մեծագոյն տոկոսը կը յատկացնէր շերամաբուծութեան: Նախ՝ կը գնէ հունտը տուփերով: Ապա անոնցմէ ելած «ճճիները» կը տարածուին յատուկ խսիրներու կամ պաթուրներու վրայ, եւ արագօրէն կ՛աճին թթենիի տերեւ ուտելով: Երբ որդ դառնան կը սկսին մագլցիլ իրենց առջեւ ցախերու կամ «աւելներու» վրայ: Հոն լման աճելէ յետոյ, շուրջ մէկ ամիս, շերամի որդը կը սկսի իր շուրջ բոժոժ մը շինել, որմէ ապագային կը շինեն մետաքսը:
Գիւղացիները կա՛մ խոզակը կը ծախէին վաճառականներուն, կամ իրենք անձամբ կը պատրաստէին մետաքսը:
Մետաքսագործութիւնը ամէնէն աւելի զարգացած էր Հաճի Հապիպլիի մէջ, որուն կը պատկանէր մետաքսիայ գործուածքներու 50 առ հարիւրը՝ շուրջ դար մը ամբողջ:
Ըստ աւանդութեան, 18-րդ դարու երկրորդ կիսուն վարպետ Յարութիւն, Տիգրանակերտէն կու գայ Սուէտիա բերելով մետաքսագործութեան արհեստը:
Թէեւ շրջակայ ալեւի եւ թուրք գիւղերուն մէջ ալ շերամաբուծութիւնը որոշ չափով զարգացած էր, սակայն անոնց անուրանալի վարպետները կը հանդիսանային հայերը: Ինչ կը վերաբերի մետաքսագործութեան, անոր մենաշնորհը մինչեւ 1939-ի պարպումը կը գտնուէր հայերուն ձեռքը, որոնք մետաքս պատրաստելու «տոլապներ» եւ անհրաժեշտ գործիքներ կը շինէին իրենց միջոցներով:
Մետաքսագործ վարպետները՝ խոզակէն հում մետաքսը պատրաստելէն յետոյ՝ զայն տանտիկիններու օգնութեամբ կ՛առնէին մեքլեպ եւ խեննեք կոչուած գործիքներու վրայ փաթթելով՝ ձեռք կը բերէին ոլորուած մետաքսը, որուն կարելի էր բաղձացուած գոյնը տալ:
Ապա «հինել»ու բարդ գործողութիւններէ յետոյ՝ կը պատրաստուի «չիզման»:
Վարպետը կը տեղաւորուի «հոր»ին մէջ, եւ բառնուած ջիզմայի թելերուն մէջէն մագոգը տարուբերելով՝ կը ստանայ ընտիր կերպասը:

Ուրեմն Ճէպէլ Մուսացի վարպետը կրնար հպարտօրէն ըսել.-«Մենք թթենիին տերեւէն մետաքս կը պատրաստենք»:
Անոնք մետաքսը կը գործածէին՝ ոչ միայն տեղացի աղքատէն մինչեւ մեծահարուստը, այլ ան կը ներածուէր հեռաւոր քաղաքներէ, Օսմանիէէն մինչեւ Էրզին, Տյօրթէօլէն մինչեւ Ատանա՝ որպէս հագուստցու, գօտի, փաթթոց, քօղ, թաշկինակ եւայլն:
Հաւերու ծիրտը կը գործածուէր մետաքսը ճերմկցնելու համար:
«Կիւվիզը» մանրելով՝ կարմիր ներկելու կը գործածէին:
Եւ այս ձեւով ներկուած մետաքսը բնաւ իր գոյնը չէր տար: