Արհեստներ

Հողագործութիւն

Մուսա լերան գիւղերուն գլխաւոր զբաղումը եղած է հողագործութիւնը՝ անյիշատակ ժամանակներէ ի վեր: Գիւղացիներուն ապրուստի գլխաւոր միջոցը ըլլալով արմտիքը, անոնք առաւելապէս մշակած են ցորենը, գարին, ճերմակ կորեկը, եգիպտացորենը, վարսակը եւայլն:

Անոնք՝ արմտիքի առընթեր` նոյնքան զարկ տուած են նաեւ պարտիզամշակութեան՝ քարքարուտ եւ սակաւաջուր գիւղեր- ինչպէս՝ Հաճի Հապիպլի, Եօղուն Օլուք, լայն չափով մշակած եւ թթենին, թզենին, ձիթենին, դափնին եւ այլ ծառեր:

Ջրառատ գիւղեր, ինչպէս՝ Խըտըր Պէկ, Վաքըֆ, զարգացուցած են մրգաստանները: Անոնց մէջ կարելի է նշմարել բազմահարիւր դալարագեղ պարտէզներ՝ նորաշխարհի, նարինջի, դեղձի, կիտրոնի եւայլն: Եւրոպացի եւ արաբ նշանաւոր պատմաբաններ մեծ գովեստով խօսած են Չեւլիկի եւ Խըտըր Պէկի մասին, ուր բարեխառն կլիման եւ ջրառատ ակերը մեծապէս սատար հանդիսացած են անոնց ծաղկումին եւ բարգաւաճումին:

Հալէպի երբեմնի անգլիական հիւպատոս՝ Մր. Պարքըր , 19-րդ դարուն մնայուն բնակութիւն հաստատած ըլլալով Պիթիասի մէջ, մեծ դեր ունեցած է պարտիզամշակութեան զարգացման մէջ: Անոր կը վերագրուին օրինակ՝ շարք մը բանջարեղէններու մշակումն ու տարածումը մեր գիւղերուն մէջ, յատկապէս լօլիկը եւ նորաշխարհը: Նորաշխարհը առագաստանաւերով կ՛արտածուէր դէպի Անտիոք, Լաթաքիա, Պէյրութ եւ Մերսին, երբ տակաւին անոնք չէին մշակեր զայն: Անոր փայտը շատ յարգի էր սանտրագործութեան համար:

Պիթիաս անուանի էր իր գետնախնձորի եւ ածուխի արտադրութիւններով, որ կը լրացնէր Անտիոքի շուկայի պակասը:

Փոր Սայիտէն վերդարձէն յետոյ (1919) պտուղներու արտադրութիւնը եւ արտածումը աւելի զարգացաւ, երբ մանաւանդ 1925-ին Անտիոքէն դէպի Մուսա լեռ խճուղիի շինութիւնը հասաւ մինչեւ Պիթիաս եւ Խըտըր Պէկ: Բացուեցան նորանոր ջրմուղներ, եւ պտուղները սկսան փոխադրակառքերով արտածուիլ դէպի Անտիոք, Հալէպ եւ Պէյրութ:

Երբ շերամը յարգի էր մանաւանդ առաջին աշխարհամարտէն առաջ, թթենին գերակշիռ արժէք ունէր եւ լեցուցած էր պարտէզներուն մեծամասնութիւնը: Սակայն, երբ հրապարակ ելաւ արուեստական մետաքսը, թթենին արժեզրկուեցաւ եւ անոր տեղը բռնեցին այլ պտղատու ծառեր:

Ձէթը գլխաւոր սննդանիւթերէն էր Մուսա լերան գիւղերուն, երբ նկատի ունենանք մանաւանդ որ Ա. Աշխարհամարտէն առաջ միսի գործածութիւնը հազուադէպ էր (մեծ տօներուն եւ խնճոյքներուն միայն) եւ կերակուրները կ՛եփուէին միայն ձէթով:

Ձիթապտուղը, որուն Սուէտացիները ՊՏՈՒՂ կ՛ըսեն,քաղուելէն յետոյ, հասարակակաց խոշոր քարեղէն աղօրիքներու մէջ (Պաթոզ) կը ճմլուի եւ կը ստացուի մաքուր ձէթը, որուն առաջին խաւը շատ յարգի է եւ կարելի է որպէս դեղ գործածել: Աղօրիքի գործը կը կատարուի ձեռքով ու դանդաղ: 1939-ի պարպումէն առաջ սկսած էին արդէն գործածուիլ մամուլներ, որոնք ձէթը շատ աւելի արագ եւ առատ կ՛արտադրէին. Սակայն այս վերջինին որակը չէր հաւասարեր ձեռքով պատրաստուածին:

Եթէ ձիթենիի ձէթը անհրաժեշտ էր տան սննունդին, կար ուրիշ ձէթ մը՝ Կասլի Ձէթը, որ վաճառելի ապրանք էր եւ բաւական շահաբեր:

Դափնին (Սուէտերէն Կասլա) առատ էր Մուսա լերան գիւղերուն մէջ: Ան կը մեծնայ առանց մասնաւոր խնամքի , եւ ձիթենիէն շատ աւելի հսկայ է: Ունի անուշահոտ տերեւներ, որոնք հին դարերուն կը գործածուէին որպէս դափնեպսակ՝ յաղթականներու ճակատը զարդարելու համար:

Մուսա լերան Դափնին կ՛արտադրէ պտուղ մը, որ իր մեծութեամբ եւ ձեւով կը նմանի ձիթապտուղի: Երբ հասուննայ կ՛առնէ սեւ փայլուն գոյն մը: Այս պտուղը, որ լեղի համ ունի , եփուելով կու տայ Կասլի Ձէթը: Այս ձէթը գիւղացիներուն եկամուտի գլխաւոր աղբիւրն էր , լաւ գին կ՛ընէր եւ կը գործածուէր օճառաշինութեան, ինչպէս նաեւ դեղագործութեան մէջ: Կենդանիներու որոշ հիւանդութիւններ այս ձէթով կը բուժուէին: Լուացքի ատեն տանտիկինը դափնիի տերեւներ կը դնէր ջուրին մէջ, ինչ որ լուացքին հաճելի հոտ մը կու տար: Երեխաներու օրօրօցներու յատակն ալ կը պատէին դափնիի տերեւներով: Նոյնիսկ խորովածի ատեն կը նախընտրէին կասլիի շամփուրը: Իւղը առնելէն յետոյ պտուղը կենդանիներուն կը կերցնէին, եւ անոնց միսը աւելի համով կ՛ըլլար: Այս սաղարթախիտ ծառին հովանին զովարար է եւ քնաբեր, իսկ բուրմունքը՝ զգլխիչ:

Թուզի տեսակները շատ էին Մուսա լերան գիւղերուն մէջ. Մէկը միւսէն համեղ եւ մեղրոտ, (Ձմռինա, Պաղրաձայ, Շուպլա, Ամծըքա, Սահլա):

Որպէս ամառնային պտուղ ուտելէ յետոյ, մնացեալ թուզերը մասնաւոր խսիրներու վրայ կը տափակցնէին, այս գործողութեան կ՛ըսէին մսթըհել, այս կերպով չորցուած թուզերը կը պահէին որպէս ձմերուան պարէն:

Մուսա լերան գիւղերուն մէջ տարածուած էր նաեւ որթատունկը, որ կ՛ըլլար բարձրահասակ, եւ սարփինայի կամ ծառերու վրայ կը մագլցէր: Ողկոյզները խոշոր էին, մանաւանդ մոսթոր կոչուած տեսակէն կը պատրաստէին ընտիր գինի, ինչպէս նաեւ ռուպ, չամիչ, քացախ եւ օղի:

Միրգերէն առատ էին նոյնպէս ծիրանը, սալօրը, նուռը, ընկոյզը, մամուխը, դեղձը, նարինջը եւայլն:

Գէպուսիէի կողմը, Չեւլիկի, ինչպէս նաեւ Վագըֆի դաշտերուն մէջ կային ընդարձակ արտեր՝ սեխի, ձմերուկի եւ գետնապիստակի:

Թռչնաբուծութիւնը զբաղում չէր, բայց ամէն տուն ալ հաւ եւ քիչեր ալ հնդկահաւ, սագ եւ բադ կը պահէին ընտանիքի գործածութեան համար:

Մեղուաբուծութեամբ ալ պարապողներ չէին պակսեր, բայց ընդհանրացած արհեստ մը չէր, շահաբեր նկատուած չէր մեր ժողովուրդէն:

Մատուտակը (սուս կամ փայամ) կպչուն տերեւներով վայրի բոյս մըն է, որուն բարակ երկար արմատները քաղցրահամ եւ օգտակար են: Մանաւանդ վագըֆի շրջանին մէջ շատ կը գտնուէր անկէ: Ձմրան անգործ եղանակին գիւղացիներ հողէն մատուտակի արմատներ հանելով կը պարապէին:

Անասնաբուծութիւնը յատուկ էր առհասարակ բոլոր գիւղերուն. Ամէն ընտանիք կը պահէր կաթնտու մսացու եւ բեռնակիր անասուններ, ինչպէս՝ այծ, ոչխար, կով, եզ, էշ, ջորի եւայլն: Առ ի չգոյէ ինքնաշարժի կամ սայլի, երբ դեռ խճուղի չկար, արմտիքի եւ այլ փոխադրութիւնները Անտիոքէն դէպի գիւղերը կը կատարուէին գրաստներով: Արտ վարելու գործիքը պապենական արօրն էր, զոր կը քաշէին եզները: Նոյնպէս եզներով կամ էշերով կը կամնէին ցորենը կալին մէջ:

Կային նաեւ հօտատէրեր, որոնք կայան հաստատած էին Մուսա լերան խոտառատ բարձրունքներուն վրայ: Ասոնցմէ զատ կային հօտաղներ՝ գիւղի հօտերը արածելու համար:

Մուսալեռ