Ազգ. Քաղ. Դէմքեր

Ազգային Քաղաքական Դէմքեր

Աբրահամ Սէքլէմեան (1864 - 1920)

Աբրահամ Սէքլէմեան կը նկատուի Մուսա Լերան ժողովուրդի առաջին մտաւորականն ու հրապարագիրը: Ան ծնած է Մուսա Լերան Պիթիաս գիւղը եւ յաճախած գիւղի ծխական դպրոցը: Փոքր տարիքէն աչքի զարկած է իր արտակարգ ուշիմութեամբ եւ աշխատասիրութեամբ: Տիրապետած է անգլերէն լեզուին: Ուսուցիչ եղած է Կարինի մէջ ուր կը ձերբակալուի որպէս յեղափոխական: Բանտէն ազատ կ՛արձակուի եւ Պոլսոյ մէջ լոյս կ՛ընծայէ իր երկու հատորները՝ «Մարդ Ըլլալու Միջոցը» եւ «Ճշմարիտ Կինը»:

Մեկնած է Ամերիկա, ուր 1898-ին լոյս կը տեսնէ իր անգլերէն լեզուով հատորը՝ «Կոլտըն Մէյտըն» խորագրով: 1908-ին, Ֆրեզնօ քաղաքին մէջ, քանի մը դաշնակցական ընկերներու օժանդակութեամբ, հիմը դրած է «Ասպարէզ» թերթին 1908 թուականին՝ վարելով անոր խմբագրապետի պաշտօնը երկար տարիներ: Մահացած է Ամերիկա 1920-ին՝ հայրենիքի կարօտը սրտին:

Նարեկ Աբրահամեան (1891 - 1927)

Ծնած է 1891-ին Մուսա Լերան Խըտըր Պէկ գիւղը: Յաճախած է Խըտըր Պէկի ազգային վարժարանը ուսուցիչ ունենալով՝ ազգային-կուսակցական եւ դաշնակցական գործիչ Մօրուք Վարժապետը (Գէորգ Պաղտոյեան):

Նարեկ Աբրահամեան կ՛ընտրուի Սուրիական խորհրդարանի երեսփոխան 1924-ին՝ եւ կ՛ըլլայ առաջին մուսալեռցի երեսփոխանը:

Իր հանրանուէր գործունէութեան համար, ան կը դառնայ յարգուած անձնաւորութիւն մը Մուսա Լերան ժողովուրդին համար: Կը մնայ երեսփոխան մինչեւ իր վաղաժամ մահը (1927): Ի նպաստ Մուսա Լերան շրջանին իր տարած աշխատանքներուն համար կ՛արժանանայ Ֆրանսական երկրագործական նախարարութենէն եւ Սուրիական կառավարութենէն գնահատանքի շքանշաններու: Կը մահանայ երիտասարդ տարիքին (1927-ին), թոքախտէ:

Մովսէս Տէր Գալուստեան (Ա. Լէյլանի) (1895 - 1984)

Մովսէս Տէր Գալուստեան ծնած է Մուսա Լերան Եօղուն Օլուք Գիւղը, 1895-ին: Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ հայրենի գիւղին մէջ՝ յաճախելով տեղւոյն «Խրիմեան» վարժարանը: Ուսումը կը շարունակէ Հալէպ, որմէ ետք կը վերադառնայ գիւղ եւ կը սկսի ուսուցչութեան: Անանիա Վիրաւորեանի հետ կը լծուի կուսակցական գործի: Կը կազմակերպուի Հ.Յ.Դաշնակցութեան կորիզը, որ հետագային մեծ դերակատարութիւն պիտի ունենայ 1915-ի հերոսամարտի ընթացքին: Մովսէս Տէր Գալուստեան Լեռ բարձրանալու եւ ինքնապաշտպանութեան դիմելու առաջին պաշտպաններէն եղաւ: Հերոսամարտի վարչական մարմնին կողմէ կ՛ընտրուի զինուորական վերահսկիչ: Մեծ կ՛ըլլայ իր դերակատարութիւնը հերոսամարտի ընթացքին՝ հանդիսանալով անոր զինուորական ղեկավարը:

Փոր Սայիտի մէջ եղաւ հայկական լեգէոնի հիմնադիրներէն եւ շուտով բարձրացաւ տեղակալի աստիճանին: Նշանակալից ներդրում ունեցաւ Արարայի ճակատամարտի յաղթանակին մէջ:

Եգիպտոսի մէջ կ՛աշխատակցի «Յուսաբեր»ին՝ Ա. Լէյլանի ծածկանունով: 1928-ին կը հրատարակէ իր առաջին գրքոյկը, որ մեծ հետաքրքրութիւն կը ստեղծէ իր անձին շուրջ: Ֆրանսական հոգատարութեան շրջանին Մովսէս Տէր Գալուստեան եղաւ Մուսա Լերան շրջանի կառավարիչը՝ երկար տարիներ մեծապէս օգտակար հանդիսանալով շրջանի հայութեան: Փաստօրէն ան ժողովրդապետ էր, կուսակցապետ եւ կրթական գործի մղիչ ուժ: Կ՛ընտրուի երեսփոխան՝ Իսկէնտէրուն- Սանճաքի հայութիւնը ներկայացնելու համար սուրիական խորհրդարանին մէջ:

1939-ին հարկադրաբար Մուսալեռցիները լքեցին իրենց հայրենի գիւղերը: Մովսէս Տէր Գալուստեան մեծ աշխատանք տարաւ Մուսալեռցիներուն նոր ապաստան մը ապահովելու համար եւ փաստօրէն դարձաւ Մուսա Լեռ- Այնճարի հիմնադիրը:

1939-էն ետք Մովսէս Տէր Գալուստեանի գործունէութեան դաշտը հիմնականօրէն Լիբանանն էր, ուր կ՛ընտրուի երեսփոխան՝ 1943-էն մինչեւ 1972: Երեսուն տարիներու ընթացքին, մաս կազմելով նաեւ կուսակցութեան գերագոյն մարմիններուն, Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան: Ան մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ լիբանանահայ գաղութի կազմաւորման եւ զարգացման մէջ: Եղաւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ջերմ պաշտպաններէն եւ դաշնակցութեան ճամբով իր ամբողջ կեանքը ի սպաս դրաւ հայութեան, անշեղօրէն հետեւելով կուսակցութեան հարազատ ծրագիրին եւ քաղաքական վարքագիծին: Գործեց դաշնակցականի անկաշառ հաւատքով եւ հայութեան գերագոյն շահերուն համար:

Կը մահանայ 1984-ին, Պէյրութ, եւ կը թաղուի Պուրճ Համուտի ազգային գերեզմանատունը:

1998-ին, Մովսէս Տէր Գալուստեանի աճիւնները կը տեղափոխուին Այնճար եւ իրենց յաւիտենական հանգիստը կը գտնեն Մուսա Լերան հերոսներուն նուիրուած յուշարձան-համալիրի կողքին, Արթօ Չաքմաքճեանի կերտած կիսանդրիի պատուանդանին տակ:

Պետրոս Տմլաքեան ( - 1921)

Փոքր տարիքէն հայրը կորսնցուցած ըլլալով, երեք քոյրերու ամենափոքրը, մնացած էր մօրը խնամքին տակ եւ հետագային դարձած է անոր յոյսն ու ապաւէնը:

Անիկա մտնելով Խըտըր Պէկ գիւղիԼատինաց վարժարանը, շուտով ուշադրութիւնը գրաւեց աւստրիացի «Փաթրիկ»ին, իր ուշիմութեամբ եւ խիզախ բնաւորութեամբ:

Տմլաքեան որքան մեծնար, նոյն համեմատութեամբ անոր մէջ կ՛աճէր ազատ լեռնականի ըմբոստ ոգին եւ ընտանիքի պատասխանատուութեան զգացումը: Պարագաներու բերումով սակայն անիկա, ուսումը կիսատ թողած՝ կը մեկնի Ամերիկա, ապահով ապագայ մը կերտելու հեռանկարով: Հոն կը մտնէ Հնչակեան կուսակցութեան շարքերը , ինչ որ իր մէջ պիտի հրահրէ ի ծնէ ըմբոստ լեռնականի գիծը:

1912-ին էր որ կը վերադառնար Մուսա Լեռ: Երիտասարդները կը մղէ զինուելու եւ որեւէ անակնկալի պատրաստ ըլլալու:

Տմլաքեան սխալած չէր իր կանխատեսութեան մէջ: 1914-ին պիտի բռնկէր առաջին աշխարհամարտը եւ տարին չշրջած, թրքական արիւնկզակ իշխանութիւնները պիտի ձեռնարկէին իրենց հայաջինջ քաղաքականութեան:

Տմլաքեան առաջին իսկ օրէն եղաւ դրօշակակիրներէն մէկը ժողովուրդը ինքնապաշտպանութեան սուրբ գործին առաջնորդող: «Օ՜ն, Դէպի Լեռ» կարգախօսը հնչեցնողներուն առաջիններէն մէկը եղաւ ան:

Տմլաքեան, Մուսա Լերան հերոսամարտի չէթէեական երեք խումբերէն մէկուն խմբապետն էր:

Հայկական Լէգէոնի կազմութեան ժամանակ, 600 սուէտացիներու հետ Տմլաքեան առաջիններէն մին եղաւ դրապէս պատասխանող Լէգէոնի կազմութեան կոչին:
Անիկա 1921-ին, պարտականութեան գլուխը, ինկաւ անարգ թշնամիին գնդակով, Մարաշի ճակատին վրայ:

Եսայի Եաղուպեան ( -1957)

Ծնած է Սուէտիոյ Եօղուն Օլուք գիւղը: Դեռ պատանի մասնակցած է հայդուկային կեանքի: Թրքական կառավարութեան կողմէ հալածուելով, 1902-ին մեկնած է Ամերիկայի Միացեալ նահանգներ:

Թրքական սահմանադրութենէն ետք, կարճ ժամանակով մը վերադարձած է ծննդավայր, ապա կրկին մեկնած է Ամերիկա՝ իր եղբօր քով: Ամերիկեան քաղքենի միջավայրը նեղ կու գար իրեն սակայն, եւ զայն նորէն կը գտնենք իր ծննդավայրը:

Զէնքի սիրահար Եաղուպեանի սրտին միշտ մօտիկ եղած է ապստամբութեան գաղափարը: Վրայ կը հասնի 1915 չարագուշակ տարին, երբ թրքական արիւնկզակ կառավարութիւնը հայ ժողովուրդի բնաջնջումի ճիւաղային ծրագրի գործադրութեան կը ձեռնարկէր: Եսայի Եաղուպեան կ՛ըլլայ առաջիններէն, որ ոգի ի բռին կը ջատագովէ ինքնապաշտպանութեան սկզբունքը, եւ խօսքէն գործի անցնելով խումբի մը հետ կը քաշուի Ճէպէլ Մուսայի անմատչելի բարձունքները:
Եաղուպեան հերոսամարտի չէթէեական երեք խումբերէն մէկուն խմբապետն էր եւ գործոն մասնակցութիւն կը բերէ հերոսամարտի ճակատամարտներու ընթացքին:
Եաղուպեան 1947-ին հայրենիք ներգաղթեց, եւ հոն ալ իր մահկանացուն կնքեց 1957 թուին:

Սերոբ Շերպեթճեան (1889-1981)

Սուէտիոյ լեռնալանջերուն կազմուած դաշնակցական առաջին խումբին առաջին անդամագրեալներէն էր Սերոբ Շերպեթճեանը:

Ծնած է 1889 -ին Մուսա Լերան Խըտըր Պէկ գիւղին մէջ:
Ան միակ զաւակն էր Խըտըր Պէկի հովիւ՝ տէր Յարութիւն քահանայ Շէրպէթճեանին:
Նախնական կրթութիւնը ստացած է իր ծննդավայրին մէջ:
Սերոբ Շէրպէթճեան մէկն էր այն դաշնակցական «խենթ»երէն, որոնք աքսորի փոխարէն՝ իրենց հայեացքը ուղղեցին Մուսա Լերան անառիկ ժայրերուն:
 
Իր երիտասարդութիւնը զուգադիպեցաւ մահուան եւ հերոսութեան խոյանքներու տարիներուն՝ Եղեռն եւ Մուսա Լերան Հերոսամարտ:Կեանքի եւ մահուան այդ գուպարի օրերուն, Սերոբ Շերպեթճեան, իբրեւ մէկը ժողովուրդի ղեկավարութեան մաս կազմող ըմբոստներէն, աշխատեցաւ տիւ ու գիշեր՝ որպէսզի կանգուն մնայ ժողովուրդի մարտունակ ոգին եւ պայքարէն յաղթական դուրս գալու յոյսը չտկարանայ:

Ապա, իր ժողովուրդին հետ Եգիպտոսի աւազներուն վրայ, չորս տարուան գաղթականի կեանք մը վարեց, եւ 1919-ին վերադարձաւ Մուսա Լեռ:

Ամուսնացած է Եւա Կէպէշեանին հետ եւ բախտաւորուած չորս զաւակներով,- Արաքսի, Յարութիւն (հետագային Այնճարի Քաղաքապետ), Խաթուն եւ Լուսին:

ՍուէտիոյՄիւտիրնէր ան, երբ 1939-ին, ժողովուրդը վերստին առաւ գաղթականի ցուպը եւ եկաւ հաստատուելու Այնճարի մէջ:

Այստեղ ան դարձաւ Այնճարի առաջին Քաղաքապետը:

Հանրային ծառայութեան իր կորովը չնահանջեց երբեք: Տարիքի բերումով քաղաքապետի պաշտօնէն դադրելէ ետք, նոյն խանդով աշխատեցաւ ազգային հաստատութիւններուն մէջ: Երկար տարիներ ձեռնհասութեամբ վարեց «Ս.Պօղոս» եկեղեցւոյ թաղականութեան եւ ազգային «Յառաջ» վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետի պաշտօնները եւ իր օրով թէ՛ եկեղեցին եւ թէ՛ դպրոցը ապրեցան բարգաւաճ օրեր:

Իր կեանքի վերջին տարիներուն՝ իր պարտականութիւնը կատարած մարդու գոհունակութեամբ, առանձնացաւ եւ խաղաղ կեանք մը ապրեցաւ: Բծախնդիր պրպտումով գրեց Մուսա Լերան ժողովուրդին պատմութիւնն ու իր երկար կեանքին յուշերը, (Հրատարակուած 2010-ին, «Պատմութիւն Սուէտահայերու» խորագրով) ինչպէս նաեւ կատարեց պրպտումներ Մուսա Լերան բարբառի արմատներուն մասին, որոնք տակաւին չեն հրատարակուած:

Սերոբ Շերպեթճեանի կեանքը եղաւ հանրային եւ կուսակցական բոլորանուէր ծառայութեան կեանք մը: Մահացաւ 1981-ին Այնճարի մէջ:

Անդրանիկ Ուրֆալեան (1923-2006)

Ծնած է Մուսա Լերան Քէպուսիէ գիւղը 1923-ին:

Հայրը ուսուցիչ էրՔէպուսիէի մէջ՝ Մարաշէն տեղափոխուած ըլլալով Հալէպ եւ ապա Մուսա Լեռ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Քէպուսիէի մէջ, իսկ 1937-1942 յաճախած է Երուսաղէմի «Սրբոց Յակոբեանց» ժառանգաւորաց վարժարանը՝ զոր աւարտած է փայլուն կերպով:Վերադարձած է Այնճար, ուր դասաւանդած է ազգ. «Յառաջ» վարժարանին մէջ հինգ տարիներ:

1948-ին կը ստանձնէ Թրիփոլիի ազգային վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը մինչեւ 1954 թուականը:

1954-ին կը տեղափոխուի Պէյրութ դառնալով ազգային «Լուսինեան» (Հետագային «Աքսոր Գասարճեան») վարժարանի տնօրէն շուրջ երեսուն տարիներ: 1988-ին կը տեղափոխուի Լոս Անճէլըս՝ ուր կը մահանայ 2006 թուականին:

Աշխատակցած է «Ազդակ»ին, «Յառաջ»ին, «Ասպարէզ»ին, «Ազատ Օր»ին, «Յուսաբեր»ին, «Նոր Կեանք»ին եւ այլ սփիւռքահայ թերթերու եւ պարբերականներու:

Վարած է ազգային-կուսակցական պատասխանատու պաշտօններ եւ իր ներդրումը բերած է յատկապէս Լիբանանահայ գաղութի պահպանութեան ու զարգացման:

Հրատարակած է «Կեանքի Էջեր», «Մուսալեռը եւ Մուսալեռցին», «Կեանքի մը Հետքերով» հատորները:

Զօրավար Փանոս Մանճեան

Ծնած է 1952-ին Պէյրութ: Նախնական եւ միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է Այնճարի «Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան» գոլէճին մէջ: Երկրորդական ուսումը ստացած է Պէյրութի Հայ Աւետարանական Գոլէճին մէջ: Ամուսնացած է Ցօղիկ Քէնտիրճեանին հետ եւ բախտաւորուած է 3 զաւակներով:

1972 թուականին մուտք կը գործէ Լիբանանի սպայից վարժարան, ուրկէ վկայուելով 1975-ին կը դառնայ Լիբանանեան բանակի սպայ: Կը ծառայէ բանակին մէջ 38 տարիներ: 2001-ին կը ստանայ Զօրավարի աստիճան: Մինչեւ 2010-ը կը գործէ բանակին մէջ որպէս Զօրավար տարբեր պատասխանատու պաշտօններ վարելով: Հանգստեան կը կոչուի Դեկտեմբեր 2010-ին: Զինուորական իր մասնագիտութիւնը եղած է հրասայլերու օգտագործումն ու կառավարումը պատերազմներու ընթացքին: Այս ծիրին մէջ հետեւած է մասնագիտական դասընթացքներու Ամերիկայի Միացիալ Նահանգներուն մէջ: Եղած է վաշտապետ իսկ 2005-2010 ժամամնակամիջոցին նշանակուած է Լիբանանեան բանակի սպարապետի օգնական:
Իր ծառայութեան ընթացքին ստացած է բազմաթիւ շքանշաններ որոնցմէ յատկապէս կարելի է յիշել «Վիրաւորի», «Պատերազմի» եւ «Լիբանանեան Մայրի»-ի շքանշանները: Ստացած է նաեւ բազմաթիւ շնորհաւորագրեր:
Յունիս 2011-ին մաս կը կազմէ Լիբանանի Կառավարութեան որպէս պետական նախարար եւ առիթ կ՛ունենայ Լիբանանը ներկայացնելու Զուիցերիոյ, Իտալիոյ, Յորդանանի, Սուրիոյ եւ Հայաստանի մէջ:

Դէմքեր