Մ. Լեռի հետ կապ ունեցող

Գիրքեր Որոնք Կապ Ո Մուսա Լերան Հետ

Անտիոքի Մերձակայ Ռուճի Հովիտի Հայերը

«Ռիչըրտ եւ Թինա Գարօլայն» Հիմնադրամ - թիւ 2

Հեղինակ՝ Յակոբ Չոլաքեան

2006 Անթիլիաս, 257 Էջ

Պատմա-Ազգագրական Ուսումնասիրութիւն Անտիոքի շրջանին մէջ մտնող Ռուճի Հովիտի հայ գաղթականներու պատմութեան եւ ազգագրութեան նուիրուած:

Էջեր Կամաւորի Օրագրէս

Հեղինակ՝ Խորէն Ա. Քհնյ. Աճէմեան

1967 Պէյրութ, 325 Էջ

Գիրքը կը ներկայացնէ Կամաւոր Լէգեոնական Խորէն Ա. Քհնյ. Աճէմեանի յուշերը՝ կիլիկիոյ Լեգէոնական-Կամաւորական շարժումի մասին:

Կիլիկիոյ Հայութեան Վերջին Գաղթը

Հեղինակ՝ Հրանդ Գանգրունի

1998 Պէյրութ, 199 Էջ

Պատմական ուսումնասիրութիւն Կիլիկիոյ շրջանի հայութեան վերջին գաղթին մասին 1920-1921 թուականներուն: Ներկայացուած են պատմական փաստաթուղթեր:

Հերոսապատում Մեծ Եղեռնի

Հրատարակութիւն «Ազդակ» օրաթերթի

1978 Պէյրութ, 413 Էջ

1915-ի հերոսամարտերուն նուիրուած հատոր: Առանձին գլուխ մը նուիրուած է Մուսա Լերան Հերոսամարտին (էջ 273-330):

Քեսապ (եռահատոր)

Հրատարակութիւն Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան

Հեղինակ՝ Յակոբ Չոլաքեան

1995 Հալէպ

Քեսապի բնակավայրերուն, բնակչութեան, պատմութեան եւ տնտեսութեան նուիրուած ծաւալուն աշխատասիրութիւն: Կարգ մը բաժիններ կը վերաբերին Մուսալեռցիներուն:

Հայկական Լէգեոնը

Հրատարակութիւն Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան

Հեղինակ՝ Տիգրան Յ. Պօյաճեան

1965 Նիւ Եորք, 412 Էջ

Հեղինակը որպէս լէգեոնական կը ներկայացնէ իր յուշերը:

The Light Bearers

Հեղինակ՝ Jean Hatton

2003 Անգլիա, 295 Էջ

Աշխատասիրութիւն Նուիրուած Միսիոնարական շարժումի 150-ամեակին: Գրքին մէջ կան ակնարկութիւններ Մուսա Լերան ժողովուրդին եւ հերոսամարտին մասին:

Մուսա Լերան Ժողովրդային Հեքիաթներ

Հեղինակ՝ Սոնա Զէյթլեան

Կենդանական եւ կենցաղային հեքիաթներ Մուսա Լերան ժողովուրդէն հաւաքուած եւ մշակուած:

Antioche (եռահատոր)

Հեղինակ՝ Colonel Paul Jacquot

1931 Անտիոք

Զբօսաշրջիկական ծանօթացման հրատարակութիւն Անտիոքի շրջանին մասին: Բաժին մը յատկացուած է Մուսա Լերան:

Բնօրրան

Հայաստանի Հայրենակցական Միութիւններու Խորհուրդ

Խմբագիր՝ Ճոզէֆ Աւետիսեան

2004-2007 Երեւան, 320 Էջ

Հայրենակցական Միութիւններու գործունէութիւնը ներկայացնող հանդէս:

Ալէքսանտրէթի Սանճաքի Հարցը եւ Միջազգային Դիւանագիտութիւնը 1936-1939

Հեղինակ՝ Ալիշան Պայրամեան

1998 Երեւան, 212 Էջ

Հատորը կը ներկայացնէ Ալէքսանտրէթի Սանճաքի Թուրքիոյ միացման միջազգային դիւանագիտութեան քաղաքական պայքարի տարբեր փուլերը:

Armenian Kingdom of Cilicia

Հեղինակ՝ Ազատ Պոզոյեան

2009 , 87 Էջ

Հատորը կը ներկայացնէ Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան տարբեր շրջանները գունազարդ լուսանկարներով՝ Հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով: Առանձին բաժինով մը ներկայացուած է Մուսա Լերան շրջանը:

Գրադարան

?>