Աւանդութիւններ

Աստուածածնի Տօն

Աստուածածնի տօնը մասնաւորաբար աւելի կարեւորութամբ եւ խանդավառութեամբ կը տօնուէր Պիթիասի եւ Հաճի Հապիպլիի ժողովուրդին կողմէ:

Քանի մը օր առաջ պէտք եղած պատրաստութիւնները կը տեսնուէին ապահովելու համար հարիսային ցորենն ու միսը: Օրհնուած հաց ու աղ կը կերցնէին ոչխարներուն, զանոնք մորթելէ առաջ:

Շաբաթ իրիկուընէ կը սկսէին հարիսային եփն ու ընդհանրական խրախճանքները: Կիրակի առաւօտուն ժողովուրդը կը համախմբուէր եկեղեցի՝ մասնակցելու համար մատուցուող սրբազան արարողութեան՝ մեծարելու համար Աստուածամայրը եւ խնդրելու անոր բարեխօսութիւնը իրենց ցանկութիւններուն իրագործման համար: Երբ պատարագը աւարտէր, ընդհատուած հասարակաց ուրախութիւնները կը վերսկսէին աւելի մեծ թափով: Եկեղեցւոյ շրջակայքը գտնուող ծառերու շուքերուն տակ ժողովուրդը կ'եռար ընդհանուր ուրախութեան մթնոլորտին մէջ: Կէսօրուան ժամանակ հարիսայի բաշխումը կը սկսէր: Ճաշկերոյթը տեղի կ'ունենար համաժողովրդային բնոյթով, ընտանեկան սիրոյ պայծառ զգացումներով: Ուրախութիւնները կը շարունակուէին մինչեւ երեկոյ:՝

Մուսալեռ

?>