Աւանդութիւններ

Վարդիվուր (վարդավառ)

Վարդավառը ցնծատօն էր Եօղուն Օլուք , Խըտըր Պէկ եւ Վագըֆ գիւղերուն համար: Տօնախմբութիւնները տեղի կ'ունենային Խըտըր Պէկի դարաւոր Սօսիին տակը եւ շուրջի նարնջենիի պարտէզներուն մէջ: Խրախճանքները համաժողովրդային բնոյթ ունէին, որուն կը մասնակցէին նաեւ դրացի այլազգիներ: Ուրախութիւնները տեղի կ'ունենային խմբական ձեւով, գլխաւոր խումբը որպէս նուագարան կը գործածէր թմբուկ-զուռնան: Մնացեալ խմբակները կ'ունենային դափ, սրինգ, արղուն, թամպուրու, ջութակ, եւայլն: Երգի ու նուագարաններու ձայնէն կը թնդար ձորը: Տրամադրութիւնները աւելի կ'աշխուժանային՝ երբ սկսէին նաեւ զէնքերը պայթիլ:

Գետակի վրայ տիրապետող կ'ըլլային տղաքը, անցուդարձ ընողները անխտիր ջուրի տարափի կ'ենթարկուէին. իսկ իրենք՝ տղաքը , անձրեւի տակ մնացած աքլորներու նման խխում կ'ըլլային:

Այլ երիտասարդական խումբ մը ձմերուկի խաղ կը սարքէր: 50-60 մեթր հեռաւորութեան վրայ ձմերուկ մը զետեղելով՝ հերթով կը քարկոծէին զայն: Իւրաքանչիւր արձակուած 5 քարի համար վճարում մը կ'ըլլար ՝ ըստ նախապէս կայացած համաձայնութեան: Արձակուած քարը ուղղակի ձմերուկին հանդիպելու պարագային , ձմերուկը կը գրաւուէր քարը արձակողին կողմէ: Ապա կը նորոգուէր ձմերուկը եւ խաղը կը շարունակուէր՝ երկար ատեն:

Աղջիկներու համախմբումները տեղի կ'ունենային ձորի երկու ափերուն վերնամասերուն վրայ՝ ուր հովանոցաձեւ ու լայն շուքեր ունեցող հսկայ դափնիներ կային, որոնց հաստ ճիւղերէն պարաններ կախած կ'օրօրուէին ու կ'երգէին ամբողջ օրը: Արեւմարի ատեն բոլորը կ'ափսոսային թէ ինչո՞ւ ժամանակը շուտ անցաւ եւ լուսաւոր օրը գիշերուան հասաւ:

Մուսալեռ

?>