Աւանդութիւններ

Տառընտաս (Տեառընդառաջ)

Տառընտասին խառոյկներ կը վառէին Մուսա լերան գիւղերու հրապարակներուն վրայ եւ ուրախութեան բացագանչութիւններով կը դառնային կրակին շուրջ. իսկ ուխտ ունեցողները կը ցատկէին խարոյկին վրայէն հաւատալով որ իրենց ուխտը ընդունելի կ՛ըլլայ եւ մուրազը կ՛իրականանայ :

Շաբաթ իրիկուն սովորականէն բազմապատիկ աւելի մոմավառութիւն կը կատարուէր եկեղեցիին մէջ: Խորանին վրայ 12 մոմեր վառուած կ՛ըլլային , իսկ աւելի մեծ մոմ մը զետեղուած կ՛ըլլար 12- ին մէջտեղը: 12- ը Յիսուսի աշակերտներն էին , իսկ մէջտեղի մեծ մոմը՝ Յիսուսը: Սոյն մոմերուն վառումը աճուրդով կ՛ըլլար:

Ժամերգութիւնը աւարտելու ատեն՝ տղաքը մոմ ի ձեռին, կը մօտենային Յիսուսը խորհրդանշող մեծ մոմին եւ իրենց մոմերը անկէ վառելով կը տանէին տուն: Տան ճրագը այդ մոմով կը վառէին՝ որ տունը սուրբ լոյսով ողողուէր եւ օձերը չկարենային մուտք գործել տունէն ներս:

Մուսալեռ

?>