Աւանդութիւններ

Ծնունդի տօն

Ծնունդին ամէն ընտանիք սեղան կը պատրաստէր: Պայման էր որ սեղանին վրայ ըլլային շիշ մը օղի եւ առատ աղանդերներ, պանիրով հաց, բոկեղ, կաթնահաց, մսեղէններ եւ քաղցրաւենիք: Շաբաթ իրիկուան սարքուած սեղանը կը լուծուէր երեքշաբթի առաւօտուն. սոյն երեք օրերուն բոլոր ազգականները եւ բարեկամները փոխադարձ այցելութիւններ կու տային իրարու՝ պատուելով սարքուած սեղանը եւ սեղանատէրը:

Իրարու հետ խռոված անհատներն ու ընտանիքները, Ծնունդի առաւօտուն կը հաշտուէին եւ մաքուր սրտով կը դիմէին եկեղեցի:

Մուսալեռ

?>