Batism

Առաջին զաւակի ծնունդը ընտանեկան ամենամեծ ուրախութիւնը կ՛ըլլար. Մանաւանդ երբ նորածինը մանչ ըլլար: Ան ընդհանրապէս կը ստանար մեծ հօր անունը, որ պիտի ըլլար տան շառաւիղը, տունը պահողը: Աղջիկ ըլլալու պարագային նորածինը կը յորջորջուէր մեծ մօր անունով:

(Աղբիւր՝ «Մուսա Լերան Պապենական Արձագանգներ» Թ. Հապէշեան)




