Առաքելական

Այնճարի Հայ Առաքելական Համայնքը

Մուսալեռցիք մեծաւ մասամբ Հայ Առաքելական համայնքի զաւակներ էին եւ ունէին մէկէ աւելի հոգեւոր հովիւներ, Մուսա Լերան Հայկական գիւղերուն մէջ ծառայող: Պասիթի մէջ ժողովուրդին կ՛ընկերանային վեց քահանայ հայրեր՝ Տէր Յարութիւն Քհնյ. Շէրպէթճեան (Խըտըր Պէկ), Տէր Մարկոս Քհնյ. Կիւզէլեան (Քէպուսիէ), Տէր Վահան Ա. Քհնյ. Քէնտիրճեան (Պիթիաս), Տէր Մովսէս Քհնյ. Շիրիքեան (Եօղուն Օլուք) եւ Տէր Յակոբ Քհնյ. Քէլէմեան (Հաճի Հապիպլի):

Այնճարի մէջ, առաջին տարիներուն, հաւատարիմ իր աննկուն հաւատքին, համայնքը իր եկեղեցական արարողութիւնները կը սկսի կատարել սեւ մեծ վրանի մը տակ, որ կը կոչուի «վրան-եկեղեցի»:

1939-ին, Այնճար հասնելէն քանի մը ամիս ետք, մի քանի արաբական լայն ու ընդարձակ վրաններ իրար կցելով կը բացուի նաեւ Ազգային Վարժարանը՝ որուն «Վրան- վարժարան» անունը կը տրուի:

1940-ին, Փարիզի «Յառաջ» թերթի խմբագիր՝ Շաւարշ Միսաքեանի անձնական նախաձեռնութեամբ, Ֆրանսահայութենէն կոկիկ գումար մը կը հանգանակուի եւ հիմը կը դրուի Ազգ. «Յառաջ» վարժարանին: Վարժարանը Ֆրանսահայութեան նուէրը կ՝ըլլայ Մուսա Լերան գաղթական ժողովուրդին: Հետագային՝ ի յարգանս Շ. Միսաքեանի, անոր կիսանդրին կը կանգնեցուի վարժարանի բակին մէջ: Վարժարանի պաշտօնական բացումը տեղի կ՛ունենայ 1941-ին, 755 երկսեռ աշակերտութեամբ: 1942-էն ետք համայնքը իր եկեղեցական արարողութիւնները կը կատարէ Ազգ. «Յառաջ» վարժարանի «Տիգրանեան» սրահին մէջ:

1945-ին, Տէր Վահան Ա. Քհնյ. Քէնտիրճեանի ջանքերով, կը հիմնուի եկեղեցւոյ «Շուշանեան» կիրակնօրեայ դպրոցը, որ տարիներու ընթացքին եղած է Այնճարի մանուկներուն համար՝ Քրիստոնէական դաստիարակութեան վառ հնոց մը: Սկզբնական տարիներուն անոր տեսչութիւնը կը վարէ Տէր հայրը, ապա 25 տարիներ տեսչութիւնը կը վարէ օրդ. Վերգինէ Այնթապեան: 1990էն ի վեր կիրակնօրեայ վարժարանի տեսուչի պաշտօնը կը ստանձնէ տիկ. Համեստուհի Ճամպազեանը, օգնականներ ունենալով տիկ. Սալբի Հանտեան, օրդ. Թալին Սնապեան եւ տիկ. Կարինէ Թէրզեան:

Ներգաղթը անկիւնադարձ մը կ՛ըլլայ թ՛է գիւղին եւ թ՛է վարժարանին համար: Աշակերտութեան թիւը կը նուազի, ապա հետզհետէ աւելի նուազելով միայն 135 աշակերտներ կը մնան 1954-55 կրթական տարեշրջանին:

1940- ին կը վախճանի Տէր Յարութիւն քհնյ. Շերպէթճեանը:

1946-ին Հայաստան կը ներգաղթեն երկու քահանայ հայրեր՝ Տէր Յակոբ Քհնյ. Քէլէմեան եւ Տէր Մարկոս Քհնյ. Կիւզէլեան, իսկ Տէր Մովսէս Քհնյ. Շիրիքեան կը փոխադրուի Քեսապ: 1951-ին կը վախճանի Տէր Մարկոս Քհնյ. Երէցեանը, հետեւաբար Տէր Վահան Քհնյ. Քէնտիրճեան առանձինը կը հովուէ Այնճարի վեց գիւղերը՝ մինչեւ Տէր Նարեկ Քհնյ. Շիրիքեանի օծումը:

1958-ին ծնունդ կ՛առնէ Այնճարի «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ շինութեան ծրագիրը, Թաղական խորհուրդին եւ պետական երեսփոխան Մովսէս Տէր Գալուստեանի ջանքերով: Շինութեան ծրագիրը թափ կ'առնէ օրուայ բարեջան Առաջնորդ եւ ապա կաթողիկոս՝ երջանկայիշատակ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Խորէն Ա. Բարոյեանի օրհնութեամբ:

Ժողովուրդի լիաբուռն նուիրատուութեան կը մասնակցի նաեւ ազգային բարերար Պրն. Փօլ Մինասեան: Եկեղեցւոյ նախագիծը կը պատրաստէ ճարտարապետ Պրն. Գէորգ Էմմիեան՝ հաւատարիմ հայկական ճարտարապետական ոճին ու կառուցողական աւանդութեանց, այնպէս որ եկեղեցին (32x15 մեթր) հայկական ճարտարապետական կոթող մը կը դառնայ Հայաստանէն շատ հեռու այս հայկական աւանին մէջ: 1 Հոկտեմբեր 1960-ին կը կատարուի եկեղեցւոյ օծումը՝ ձեռամբ երջանկայիշատակ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Զարեհ Կաթողիկոս Փայասլեանի:

«Ս.Պօղոս» եկեղեցին, բազմած գիւղի գագաթին, կը դառնայ հոյակերտ կառոյց մը: Ժամանակի ընթացքին ան աւելիով կը բարեզարդուի եւ կ՛օժտուի վիթխարի սրբանկարներով (նկարիչ մկրտիչ Ասլանեան): Եկեղեցւոյ մէջ կը զետեղուին նաեւ Արտաւազդ Շ. Պէրպէրեանի վիթխարի սրբանկարները, Ժան Գազանճեանի մէկ սրբանկարը, իսկ խորանի Մարիամ Աստուածածինն ու Յիսուս մանուկը գործն է հռչակաւոր նկարիչ Փօլ Կիրակոսեանի: Փոքր խորաններու սրբանկարները կը պատկանին սրբանկարիչ Յովսէփ սարկաւագ Աշգարեանի: Եկեղեցին հիմնական նորոգութեան կ՛ենթարկուի 1999-ին:

Անցնող տասնամեակներու ընթացքին եկեղեցւոյ ծառայած են տասը թաղական խորհուրդներ, ատենապետութեամբ յաջորդաբար՝ Մարտիրոս Պօյաճեանի, Սերոբ Շերպէթճեանի, Սուրէն Ֆիլհաննէսեանի, Գաբրիէլ Հաւաթեանի, Յովհաննէս Փանոսեանի, Մեսրոպ Քէնտիրճեանի , Նժդեհ Գէորգեանի եւ Գրիգոր Քէշիշեանի:

Եկեղեցին կ՛ունենայ նաեւ իր «դպրաց դասը», որ տասնամեակներու վրայ երկարած կը ծառայէ անձնուէր գիտակցութեամբ:

1963-ին Տէր Նարեկ Քհնյ. Շիրիքեան կ՛ուղարկուի Ամերիկա եւ դարձեալ Տէր Վահան Քհնյ. Քէնտիրճեան առանձին կը հովուէ Այնճարի գիւղերը մինչեւ 1970, երբ քահանայ կ՛օծուի Տէր Աշոտ Գարագաշեանը, որ մինչեւ օրս կը վարէ Այնճարի հովապետութիւնը:

1971-ին Տէր Աշոտ Քհնյ. Գարագաշեանի ջանքերով կը հիմնուի «Եկեղեցասէր Տիկնաց Միութիւն»ը, որ իր մեծաթիւ անդամուհիներու ջանքերով կ՛օժանդակէ եկեղեցւոյ բարեզարդման եւ պայծառութեան:

Համայնքը այսօր կը հաշուէ 500 ընտանիք:

 
Համայնքը ունի նաեւ իր երկու ազգային երեսփոխանները, որոնք կը մասնակցին ազգային գաւառական ժողովին:

Համայնքը ունեցած է մեծաթիւ մուսալեռցի հոգեւոր հովիւներ, (Այնճարի մէջ ծառայած Տէր հայրներու կողքին) որոնք ծառայած են տարբեր գաղութներու եւ հայրենիքի մէջ, ինչպէս՝ Հայր Վարուժան արք. Հերկելեան, Տէր Խորէն Քհնյ. Հապէշեան, Տէր Կորիւն Քհնյ. Շիրիքեան, Տէր Մաշտոց Քհնյ. Աշգարեան, Տէր Բաբգէն Քհնյ. Մանուէլեան, Տէր Սահակ Քհնյ. Անտէքեան, Հայր Մաշտոց Վրդ. Բարիլոյսեան, Տրդատ Վրդ. Քէշիշեան, Տէր Գեղամ Քհնյ. Փաշայեան, Վազգէն Եպս. Քըպրսլեան, Տէր Գրիգոր Քհնյ. Սիւլահեան, Տէր Ղեւոնդ Քհնյ. Գարթունեան, Տէր Մովսէս Քհնյ. Շիրիքեան, Տէր Անդրանիկ Քհնյ. Տուզմանեան, Տէր Բաբգէն Քհնյ. Քէնտիրճեան, Տէր Արսէն Քհնյ. Քէշիշեան, Տէր Մեսրոպ Քհնյ. Քէրքէզեան, Տէր Կոմիտաս Քհնյ. Փանոսեան, Տէր Մովսէս Քհնյ. Ղազարեան, Հայր Թորգոմ վրդ. Տօնիկեան, Տէր Վարդան Քհնյ. Պուտուրեան, Տէր Վարդան Քհնյ. Վարդերեսեան, Տէր Վահան Վրդ. Գէորգեան, Տէր Մոմիկ Քհնյ. Հապէշեան, Տէր Հրանդ Քհնյ. Գէորգեան ... 

Համայնքի Ազգ. «Յառաջ» վարժարանը (http://haratch-gulbengian.org) 1959-ին կ՛ունենայ նաեւ իր քոլէճի բաժինը, որ իր առաջին շրջանաւարտները կ՛ունենայ 1965-ին:

1964-65-ին, հետզհետէ բազմացող աշակերտութեան դիմաց, նախակրթարանի շէնքը շատ նեղ կու գայ, ուստի մանկապարտէզը կը փոխադրուի մայրանոց:

Հոս պէտք է արձանագրել «Յառաջ» վարժարանի շրջանաւարտից միութեան բեղուն գործունէութիւնը, որ կ՛երկարի երկու տասնամեակներու վրայ: Շրջանաւարտից միութիւնը կը տանի մշակութային հզօր աշխատանք (տեսնել՝ Մշակութային Կեանքը Այնճարի Մէջ բաժինը):

1969-ին հիմը կը դրուի երկրորդական վարժարանին: Շէնքին նախագիծը կը պատրաստէ ճարտարապետ Գէորգ Էմմիեան ինչպէս նաեւ կ՛ապահովուի պետական արտօնագիր: Յաջորդող տարիներուն վարժարանը պիտի դառնայ ազգային դաստիարակութեան բեղուն օճախ մը: Երկրորդական վարժարանը կը կոչուի Ազգ. «Գ. Կիւլպէնկեան» գոլէճ՝ ի յարգանս համանուն հաստատութեան, որ մեծագոյն նուիրատուն հանդիսացած էր վարժարանի կառուցման:

Վարժարանէն շրջանաւարտ համալսարանական երիտասարդներու ամառնային եկամուտներով կը բարեզարդուի վարժարանի բակը, կ՛իրականանայ ծառամշակումն ու ցանկապատումը:

1971-ին վարժարանը կ՛ունենայ իր գրադարանը, որ կը կոչուի «Բիւզանդ Թիւթիւնճեան» գրադարան, նուիրատու՝ պրն. Բիւզանդ Թիւթիւնճեանի անունով: Պրն. Բիւզանդ Թիւթիւնճեան կը հոգայ նաեւ քոլէճի սրահին կահաւորման ծախսերը:

1970-ականներուն վարժարանը կ՛ունենայ իր գիշերօթիկի բաժինը առանձին շէնքով, որ հետագային կը տրուի ուսուցիչներուն որպէս բնակարան:

1979-ին վարժարանը կ՛ունենայ իր արդի տարրալուծարանը Տէր եւ Տիկին Զօհրապ Թազեաններու նիւթական օժանդակութեամբ: Հիմնական վերանորոգութեան կ՛ենթարկուի ազգային «Յառաջ» նախակրթարանն ու մանկապարտէզը «Գ. Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան նիւթական օժանդակութեամբ:

«Տիգրանեան» սրահը կը վերանուանուի «Մուսա Լեռ» սրահ անունով:

Համայնքը կը կառուցէ նաեւ մեծ ժողովրդային հանդիսութիւններու «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահը եկեղեցուոյ կողքին՝ որ կը դառնայ համագիւղական մեծ տօնախմբութիւններու ժամադրավայրը:

Հայ ժողովուրդի քրիստոնէացման 1700 ամեակին առիթով, եկեղեցուոյ շրջափակին մէջ կը կանգնեցուի Հայաստանէն բերուած հսկայ խաչքար մը:

Վարժարանը կ՛ունենայ իր պտղատու պարտէզները որոնց եկամուտով կը փորձուի մեղմել հաստատութեան պիւտճէական բացը: Քէօշէեան ընտանիքի մեծագումար նուիրատուուեամբ վարժարանը կը հաստատէ խնձորի տարածուն պարտէզ մը մանկապարտէզի կողքին:

Վարժարանի ուսանողները, ուսուցիչներու օժանդակութեամբ՝ կը տանին արտադպրոցական ծաւալուն գործունէութիւն. Կը հրատարակեն «Մուսա Լեռ» տարեգիրքը, կը կազմակերպեն թատերական ներկայացումներ, մարզահանդէսներ, արուեստի ցուցահանդէսներ, յիշատակի տօնակատարութիւններ, եւ այլն: Վարժարանը իր մեծ ներդրումը կ՛ունենայ գիւղի մշակութային կեանքին:

վարժարանը տուած է հարիւրաւոր շրջանաւարտներ:

Անցնող տարիներուն վարժարանի տնօրէնութիւնը վարած են յաջորդաբար՝ Գրիգոր Գուտուլեան (1941-1945), Տէր Նարեկ Քհնյ. Շիրիքեան (1953-1963), Սարգիս Զէյթլեան (1963-1965), Յովհաննէս Գարագաշեան (1965-1975), Մովսէս Այնթապլեան (1975-1994), Տոքթ. Գասպար Թաշճեան (1994 -1995), Յարութիւն Մանճեան (1996-1997), Սարգիս Տէր Խաչատուրեան (1999-2000), Հրակ Սթամպուլեան (2000-2001), Հայկ Տէր Պետրոսեան(2002-2003), Սահակ Անտէքեան(2003-2005) եւ (2005-էն մինչեւ օրս) Արմէն Թաշճեան:

Վարժարանի անսայթաք գործունէութեան մնայուն կերպով հսկած են հոգաբարձու- խնամակալ մարմինները, որոնք՝ ի գին մեծ զոհողութեանց, սատարած են վարժարանի զարգացման:

Համայնքներ