«Մենք Լեռն Ենք Տակաւին Թող Ետ Գայ Թշնամին»
Հովանաւորութեամբ Այնճարի Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» Կոմիտէին, աւելի քան տասնամեակէ մը իվեր կը գործէ Մուսալեռ-Այնճարի պաշտօնական կայքէջը (https://mousaleranjar.org), հիմնականօրէն աշխարհի մուսալեռցիներուն փոխանցելով Այնճարի լուրերը օրը օրին: Կայքէջը օգտակար հանդիսացած է նաեւ վստահելի տեղեկութիւններ ներկայացնելով բոլոր անոնց՝ որոնք հետաքրքրուած են Մուսա Լեռով կամ Այնճարով, մանաւանդ հայ եւ օտար մամուլին:
Քայլ պահելով արդի ժամանակներու պահանջքին հետ, Օգոստոս 2012-ին յառաջացուեցաւ համացանցի նոր մարմին մը, որուն պարտականութիւն տրուեցաւ ամբողջութեամբ վերաթարմացնելու համացանցի կայքէջը՝ նոր տեսքով եւ աւելի ընդարձակ բովանդակութեամբ:
Մարմինը անմիջապէս սկսաւ իր աշխատանքին օգտագործելով ընկերային յարաբերութեան՝ Facebook-ի MousalerAnjar էջը, 4 Սեպտեմբեր 2012- էն սկսեալ https://www.facebook.com/Mousaleranjar.net.:
Այս կայքէջը, իր նոր տեսքով, կը ներկայացնէ Մուսա Լերան փառքը յաւերժացնող էջեր՝ Մուսա Լերան ժողովուրդի աւանդութիւններն ու կենցաղային սովորութիւնները, արհեստները, Մոսա Լերան բարբառը, Մուսա Լերան հերոսամարտը, Մուսա Լերան մասին գրուած գիրքերը, Մուսալեռցի գրողները, արուեստագէտները, ազգային-քաղաքական գործիչները ... եւայլն:
Առանձին բաժիններով կը ներկայացուին Մուսալեռցիներու նոր արծուէբոյնին՝ Այնճարի հիմնադրութիւնը, Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէութիւնը, քաղաքապետութիւնը, Այնճարի մէջ գործող համայնքներն ու միութիւնները, պատմական բերդը, Այնճարի արտադրութիւնները, Այնճարի մշակութային կեանքը, տեսարժան վայրերը, Այնճարի անցեալն ու ներկան ... եւայլն:
Բնականաբար կատարեալ չի կրնար ըլլալ ներկայացուածը: Մեր հայրենակիցները անպայման կրնան օժանդակել մեզի, մեզ տրամադրելով յատկանշական լուսանկարներ եւ տեղեկութիւններ, եթէ ունին իրենց տրամադրութեան տակ:
Համացանցի մարմինը կոչուած է սփռելու Այնճարի մասին արագ եւ հաւաստի լուրեր, ինչպէս նաեւ ծանուցելու աշխարհի չորս ծագերուն գտնուող Մուսալեռցի-Այնճարցիներուն կատարած նուաճումներն ու արձանագրած յաջողութիւնները:
Համացանցի այս էջը միջոց պիտի դառնայ՝ համայն աշխարհի Մուսալեռցի-Այնճարցիները իրար հետ հաղորդակից դարձնելու եւ մեր պատմութիւնը ծանօթացնելու համայն աշխարհին: Ան նաեւ կապը պիտի դառնայ հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ ապրող մեր ժողովուրդին:
Համացանցի այս էջը Այնճարի պաշտօնական կայքէջն է՝ միշտ հսկողութեամբ Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին:
Մեր հետ կապ հաստատելու համար կարելի է օգտագործել հետեւեալ հասցէն .-
Հեռ. 00961-8-620319 Ելեկտրական փոսթ Այս էլ-փոստի հասցեն ծածկագրված է թափոնափոստի բոթերից։ Այն տեսնելու համար անհրաժեշտ է միացնել JavaScript։: