Մշակութային

Մշակութային Կեանքը Այնճարի մէջ

 

Մուսալեռցիք արուեստասէր եւ ուսումնասէր ժողովուրդ են: Այդ մասին ամենախօսուն երեւոյթը կրթական հաստատութիւններու ծնունդն է՝ նոյնիսկ վրաններու տակ:

Առաջին քանի մը տարիներուն , կազմակերպական շրջանէ մը ետք, գիւղին մէջ կը սկսի մշակութային կեանքը, որ կը յատկանշուի այլազան բնոյթի ձեռնարկներու կազմակերպումով՝ թէ կրթական հաստատութիւններու եւ թէ գիւղին մէջ գործող միութեանց կողմէ:

Դասախօսութիւններ, ցուցահանդէսներ եւ թատերական ներկայացումներ՝ առանցքը կը կազմեն մշակութային կեանքին: Թատերական ներկայացումներն են սակայն ամենէն տիրապետողները, ինչ որ ինքնին ցուցանիշ մըն է թէ մուսալեռցիք յատուկ սէր ունին թատրոնի հանդէպ:

Գիւղին մէջ տիրապետող կը դառնայ գրական մթնոլորտը, որովհետեւ հոս կ՛ապրին (տարբեր ժամանակաշրջաններու) եւ կը ստեղծագործեն մուսալեռցի եւ Այնճարցի գրագէտներ ու մտաւորականներ՝ ինչպէս Եդուարդ Պօյաճեան, Պօղոս Սնապեան, Սերոբ Շերպէթճեան, Սարգիս եւ Սոնա Զէյթլեան, Զուլալ Գազանճեան, Թովմաս Հապէշեան, Մարտիրոս Գուշագճեան, Պօղոս Մատուռեան, Անդրանիկ Ուրֆալեան, Յովհաննէս Պուրսալեան, Յակոբ Հապէշեան (հետագային Տէր Խորեն Քհն.), Եսայի Մարգարեան (տոլար պապուկ), Բաբգէն Զանոյեան, Վարուժան արք. Հերկելեան, Գերապայծառ Վարդան Աշգարեան, Յակոբ Փամպուքեան (Բամպակեան), Աբրահամ Գատեան եւ ուրիշներ:

Այս սերունդին կը յաջորդեն երիտասարդներ՝ Պետիկ Հերկելեան, Աբրահամ Պօղիկեան, Դոկտ. Վազգէն Ղուկասեան, Դոկտ. Վահրամ Շէմմէսեան, Տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեան, որոնց շարքին կ'աւելնան նաեւ խոստմնալից նորեկներ՝ Մհեր եւ Վահագն Գարագաշեաններ, Հրազդան Զէյթլեան, Սոնիա Թաշճեան, Արա Գազանճեան եւ ուրիշներ:

Անմասն չէ նաեւ կերպարուեստի բնագաւառը: Մուսալեռցիք կ՛ունենան նաեւ իրենց արուեստագէտները՝ ինչպէս Ժան Գազանճեան, Գեղամ Թազեան, Վարուժան Մարտիրեան, Հայր Յարութիւն Պզտիկեան, Աշոտ Թազեան, Փանոս Թոսունեան եւ ուրիշներ:

Այս սերունդին կը յաջորդեն աւելի երիտասարդներ՝ ինչպէս Վահէ Հաննիսեան, Սեդրակ եւ Ալեքսան Քիւսպէկեան, Սեպուհ Աբրահամեան, Մարալ եւ Ժիրօ Փանոսեան, Կարօ եւ Րաֆֆի Անտոնեաններ, Պօղոս Թասլաքեան, Յովսէփ Աշգարեան, Գրիգոր Սագայեան, Նանօր Հաճեան եւ արուեստաբան Մովսէս Ս. Հերկելեան եւ ուրիշներ:

Տոքթ. Կարօ Ուրֆալեան, Րաֆֆի Թաշճեան, Սարհատ Աբրահամեան, Կարպիս Քէնտիրճեան, Կարինէ Շաննագեան, Վարդան Գապաղեան, Նայիրի եւ Նանօր Թասլաքեաններ՝ խոստմնալից ուժեր կրնան նկատուիլ:

Հոս պէտք չէ մոռնալ նաեւ ձեռագործի եւ ձեռային աշխատանքներու մուսալեռցի վարպետները ինչպէս՝ Յովսէփ Թասլաքեան, Պետրոս Մարտիրեան եւ որդին Լեւոնը, Զօհրապ Պաթուզեան եւ ուրիշներ:
Այնճարի մէջ մշակութային կեանքը մեծ վերելք կ՛ապրի Ազգ. «Յառաջ» վարժարանի Շրջանավարտից միութեան գործունէութեան շրջանին, երբ կը կազմակերպուին երգչախումբեր, պարախումբեր եւ թատերախումբեր, մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով գիւղին մէջ:

1973-ին գիւղին մէջ կը հիմնուի Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղը, որ մինչեւ օրս գիւղի մշակութային կեանքի հիմնական առանցքը կը մնայ:

Այնճար

?>