Ներկայութեամբ Գերշ.Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, Պէքաայի Հոգեւոր տեսուչ Անանիա Ծ.Վ. Գուճանեանի, հոգեւորականներու, Ճարտարուեստի նախարար եւ երեսփոխան Ճորճ Պուչիքեանի, Մշակոյթի նախարար Մուհամատ Մուրդատայի, Քաղաքապետ՝ Վարդգէս Խօշեանի, կուսակցական ու պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու եւ հոծ բազմութեան, շաբաթ 20 Օգոստոսին, Այնճարի բերդին մէջ, խմբավարութեամբ Հոգշ.Տ. Զաւէն վրդ. Նաճառեանի եւ ընկերակացութեամբ «Կիլիկիա» նուագախումբին, Ազգային երգերով ելոյթ ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումը, որ անգամ մը եւս Այնճարի բերդէն ներս բարձր հնչեցուց հայ երաժշտութիւնը ու լուսաւորեց բերդին կամարներն ու պարիսպները:
Օրուան հովանաւորն էր նախարար եւ երեսփոխան Ճորճ Պուչիկեան, իսկ կազմակերպողը՝ Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդը:
Ժողովուրդը մեծ խանդավառութեամբ ունկնդրեց գեղահունչ Ազգային երգերը, որոնց ընդմէջէն վերանորոգուեցաւ անոնց ազգային ոգին ու հայրենասիրական զգացումները:
Ուրախ մթնոլորտի աւարտին փակման խօսքով հանդէս եկաւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդը, որ բարձր գնահատեց բոլոր այն անձանց, որոնց ջանքերով յաջողութեամբ պսակուեցաւ այս հանդիսութիւնը: Ապա ան կոչ ուղղեց՝ կառչած մնալու հայ ազգին, մշակոյթին եւ հայ երաժշտութեան:
Հանդիսատեսները խանդավառ տրամադրութիւններով մեկնեցան բերդէն: