Շաբաթ 17 Սեպտեմբեր 2022-ին, Մուսա լեռ-Այնճարի ազգային գերեզմանատան մէջ,Հայաստանէն սաւառնելով Այնճար հասաւ հսկայ խաչքար մը՝ կայք հաստատելով Այնճարի հիմնադրութեան տարիներուն (1939_1941) մահացած (1000_1200 գաղթականներ) մուսալեռցի գաղթականներու հաւաքական դամբարանին վրայ։
Հիմա այլեւս դաժան պայմաններուն ( մալարիա,թիֆոյիտ,փորհարութիւն,անօթութիւն,սարսափելի պաղ...) զոհ գացած Այնճարի հիմնադիր սերունդը ունի իր յուշարձանը՝ յանձինս հայրենիքի մէջ ապրող մուսալեռցի Արամ Ֆրէնկեանին,որուն նուէրն էր այս խաչքարը(Ներողամիտ թող ըլլայ Արամը որ անունը յիշեցինք,որովհետեւ ինք չէր փափաքեր որ անունը յիշատակուի եւ չընդունեց որ խաչքարի յատակին իր անունը փորագրուի)։
Խաչքարը գործն է հայրենի քանդակագործ Արամ Պապայեանին։Ան կրկնօրինակն է Գոշավանքի բակին մէջ գտնուող վարպետ Պօղոսի խաչքարին(1291 թ.)։Ան պատրաստուած է Օշականի "Ս.Մեսրոպ Մաշտոց" եկեղեցւոյ տարածքին մէջ՝ տէր Վազգէն քհն.Յովհաննէսեանի հսկողութեամբ հայկական տուֆ քարով։
Խաչքարը Այնճար հասաւ օժանդակութեամբ Երեւանաբնակ Այնճարցի տէր եւ տիկին Հրակ եւ Լալէ Թասլաքեաններուն,եւ տեղադրուեցաւ գեղեցիկ պատուանդանի մը վրայ շնորհիւ հետեւողական աշխատանքովը Պրն.Յակոբ Գառնէշեանին,Ս.Պօղոս եկեղեցւոյ թաղականութեան եւ քանի մը կամաւոր Այնճարցիներու։
Յատուկ ձեռնարկով մը խաչքարը օրհնուեցաւ հոգեւորականներու աղօթքով՝ առաջնորդութեամբ Պեքայի հայոց հոգեւոր տեսուչ հայր Անանիա ծայրագոյն վարդապետ Գուճանեանին՝ ներկայութեամբ Այնճարի քաղաքապետին,կոմիտէի ներկայացուցիչին,համայնքային եւ միութենական մարմիններուն եւ մուսալեռցիներու։
Հրաշալի խաչքար մը՝ որ իր արժանի տեղը զետեղուեցաւ,առանց մոռնալու մեր հայրենիքի սահմաններուն վրայ հերոսաբար ինկած մեր վերջին նահատակները։
Վարձքը կատար այս ծրագիրը յաջողցնող բոլոր հայրենակիցներուն։
Լօյս թըղ իջնա ալիրէն հուգսվիրէն։