Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» եւ Այնճարը
«Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային կեդրոնը
1919-1939, քսանամեակի ընթացքին, Մուսա Լերան շրջանին մէջ տիրական էր Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն: Ան ծաւալուն գործունէութիւն տարած էր Մուսա Լերան Հայկական գիւղերուն մէջ, նկատի առնելով նաեւ որ շրջանը ունէր իր երեսփոխանը Սուրիական խորհրդարանին մէջ՝ նաեւ իր հսկողութեամբ կը գործէր շրջանի կառավարիչը (Միւտիր):
Երբ Մուսալեռցիք 1939-ին կամովին լքելով իրենց տունն ու տեղը, մերժելով թրքական իշխանութիւնը, դուրս եկան Մուսա Լերան շրջանէն, Մուսալեռցի նշանաւոր ղեկավար Մովսէս Տէր Գալուստեան Ֆրանսական իշխանութեանց հետ բանակցութիւններ կը վարէր՝ Մուսա Լերան ժողովուրդին նոր բնակավայր մը ապահովելու համար Լիբանանի մէջ: Բանակցութիւնները կ՛արդիւնաւորուին եւ կ՛ապահովուի Այնճար տափաստանը Պէքայի դաշտին մէջ Սուրիական սահմանին մօտիկ:
Փաստօրէն Մովսէս Տէր Գալուստեան կը դառնայ Մուսա Լերան նոր արծուեբոյն Այնճարի հիմնադիրը:
Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն դերակատար է ժողովուրդի Մուսա լեռէն Այնճար տեղափոխութեան եւ փաստօրէն ան տէրը կը դառնայ Այնճարի վերահսկողութեան իր հիմնադրութենէն մինչեւ այսօր: Կոմիտէն իր ուսերուն վրայ կը վերցնէ ժողովուրդին բոլոր հոգերը՝ սկսելով ապահովութենէն եւ անցնելով ժողովուրդի կեանքի բոլոր բնագաւառներուն (կրթութիւն, տնտեսութիւն, միութենական կեանք... ): Կոմիտէն թիկունք կանգնելով գիւղի համայնքներուն, քաղաքապետութեան եւ միութիւններուն շուտով բնական հունի մէջ պիտի զետեղէ գաղթական մուսալեռցիներու կեանքը Այնճարի մէջ:
Շնորհիւ Հ.Յ.Դ.-ի գործունէութեան ժողովուրդը տէր կը դառնայ բնակարաններու եւ ցանքային հողամասերու պետական կալուածագիրներով: Այնճարի առաջին տարիներու հիմնական բոլոր աշխատանքները յառաջ մղուած են Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի անմիջական օժանդակութեան շնորհիւ: Տարիներու ընթացքին Այնճարի մէջ բնակող մուսալեռցիները վերածուած են կազմակերպուած համայնքի եւ գիւղը իր զարգացումը ապրելով վերածուած է օրինակելի բնակավայրի:
Գիւղի բնակչութեան աւելի քան երկու երորդին ներգաղթը հայրենիք (1946-1947), խիստ դժուար կացութիւն ստեղծած է Այնճարի մէջ: Հակառակ ընդհանուր յուսահատութեան, կարելի եղած է շրջանցել այս հարուածը եւ վերադառնալ բնականոն զարգացման ընթացքի:
Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն, քաղաքական-ապահովական դժուար պայմաններու ընթացքին (1948, 1956, 1958, 1967, 1973, 1975-1991, 1996, 2006), գիւղացիներու անվտանգութիւնը ամբողջութեամբ վերցուցած է իր ուսերուն:
Թիկունք կանգնելով գիւղի համայնքներուն, քաղաքապետութեան եւ միութիւններուն՝ կոմիտէն ճիգ չէ խնայած գիւղի զարգացման ընթացքը յառաջ մղելու: Կանոնաւորելով առաջին իսկ օրէն ոռոգման եւ ըմպելի ջուրի բաշխումն ու մատակարարումը Այնճարի մէջ, կոմիտէն յաջողած է կարգ ու կանոն պարտադրել գիւղին մէջ հիմնադրութենէն ի վեր:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն, Այնճարի Հայութիւնը ապրեցաւ դժուար օրեր, սակայն երբեք չմնաց կազմալոյծ: Ընդհակառակը՝ շնորհիւ Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի անմիջական հսկողութեան՝ գիւղը մնաց միշտ ապահով եւ խաղաղ: Ապահովուեցան ժողովուրդի անմիջական կարիքները` ինչպէս ալիւր, վառելանիւթ, կազ եւայլն: Այնճար մնաց ապահով ապաստան մը մայրաքաղաքի բոլոր հայորդիներուն համար: Նոյնիսկ հիմնուեցաւ վառելանիւթի կայարան:
Ծանր ռմբակոծումներու շրջանին (1978, 1990) Այնճար գրկաբաց ընդունեց տարբեր շրջաններու գաղթականներ, որոնց թիւը հասաւ մինջեւ 10,000-ի: Շնորհիւ գաղթականներուն տրամադրուած ամէն տեսակի օժանդակութեանց նուազագոյնի իջաւ գաղթականներու տառապանքը:
Գիւղին մէջ գործեցին շտապ օգնութեան կեդրոններ: Կրթական հաստատութիւնները իրենց դռները բացին գաղթականներուն առջեւ...
Հայ ժողովուրդի իղձերու իրականացման ճամբուն վրայ տուաւ նաեւ նահատակներ՝ Պետիկ Ինճէեան, Սարգիս Ֆուճուրեան, Սարգիս Զէյթլեան, Զաւէն Թաշճեան, Պարոյր Տուտագլեան, Զաւէն Յովհաննէսեան, Անդօ Պօղիկեան եւ ուրիշներ (տեսնել այս մասին նահատակներու գլուխին մէջ):
Այսօր Այնճարը հպարտութիւնն է աշխարհի բոլոր Մուսալեռցիներուն ուր ալ ապրին անոնք: Ան իւրայատուկ գիւղաքաղաք մըն է ոչ թէ միայն հայութեան այլեւ Լիբանանի համար: Ան վերածուած է կարեւոր զբօսաշրջիկական կեդրոնի եւ սփիւռքի տարածքին կը գոյատեւէ որպէս իւրայատուկ հայկական կեդրոն: