Նահատակներ

Մուսալեռցի - Այնճարցի Նահատակներ

Սարգիս Զէյթլեան

sarkiszeitlian

Ընկ. Սարգիս Զէյթլեան ծնած է 1930-ին , Մուսա Լերան Խըտըր Պէկ գիւղը: Մուսա լեռցիներու Լիբանան վերաբնակեցումէն եւ Այնճարի հիւղաւանը կերտելէն ետք , յաճախած է ազգային «Յառաջ» նախակրթարանը, այնուհետև Երուսաղէմի ժառանգաւորաց վարժարանը և «Նշան Փալանճեան» ճեմարանի հայագիտական բաժինը , Լևոն Շանթի և Սիմոն Վրացեանի տնօրէնութեան օրերուն:

1954-ին կը հրաւիրուի Գահիրէ , իբրեւ օգնական խնբագիր Ընկ. Վահան Նաւասարդեանի խմբագրած «Յուսաբեր» օրաթերթին: Ան կը պաշտօնավարէ նաև Ազգ. «Գալուստեան» վարժարանին մէջ, դասաւանդելով հայագիտական նիւթեր:
1958 ին կը նշանակուի «Յուսաբեր»ի խմբագիր մինչեւ 1962 թուականը, երբ իր ընտանիքին հետ կը վերադառնայ Լիբանան, ուր կը նշանակուի «Ազդակ»ի խմբագիր և այդ պաշտօնը կը վարէ մինչև 1968 թուականը: Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի պաշտօնաթերթ «Ազդակ շաբաթօրեակ-Դրօշակ» ի հիմնադրութենէն ետք , շրջան մը իբրև օգնական խմբագիր պաշտօնավարելէ ետք , 1978-էն սկսեալ կը գործէ խմբագրապետի հանգամանքով , մինչեւ իր առեւանգումը՝ 28 Մարտ 1985 :

1973 էն մինչեւ իր մահը ,Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Ընկ. Սարգիս Զէյթլեան կը հանդիսանայ դաշնակցական ղեկավարութեան պատմական սերունդը փոխարինող և անոնց ուղին վերանորոգող պատասխանատու ընկերներու ներկայացուցչական դէմքերէն մէկը, որ Հ.Յ.Դաշնակցութեան վերջին քառորդ դարուն կազմակերպական կեանքին, ազգային քաղաքական գործունէութեան և գաղափարական վերանորոգումին մէջ ունեցաւ իր ուրոյն և շօշափելի մասնակցութեան բաժինը: Դերակատար եղաւ նաեւ երիտասարդական միութիւններու հիմնադրութեան աշխատանքներուն մէջ՝ սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը համախմբելով ազգային օրակարգի շուրջ:

28 Մարտ , 1985-ի առաւօտուն՝ Զոքաք-Պլաթի շրջանին մէջ , «Նշան Փալանճեան» ճեմարանի ճամբուն վրայ, հակադաշնակցական դաւադիր ուժերու ձեռքով առեւանգուեցաւ եւ աւելի ուշ անծանօթ պայմաններու մէջ տմարդի կերպով սպաննուեցաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ և «Ազդակ Շաբաթօրեակ-Դրօշակ»ի խմբագրապետ՝ ընկ. Սարգիս Զէյթլեան:
Իր մահէն ետք Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի կողմէ հրատարակուեցաւ ծաւալուն հատոր մը որ կ՛ամփոփէ Սարգիս Զէյթլեանի կողմէ գրուած յօդուածներն ու խմբագրականները:

Զաւէն Թաշճեան

ZavenTashjian

Ընկեր Զաւէն Թաշճեան ծնած է Այնճար, 1944 ին: Յաճախած է Ազգային «Յառաջ» վարժարանը , ուր ստացած է իր նախնական կրթութիւնը: Պատանի հասակին անդամագրուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Այնճարի մասնաճիւղին ու ապա ՝ Հ.Յ.Դ. «Յառաջ» պատանեկան միութեան, որուն գաղափարական հնոցին մէջ կուսակցականի իր դաստիարակութիւնը ստանալէ ետք փոխանցուած է Հ.Յ.Դաշնակցութեան շարքերը:

Մոլի ընթերցող էր ընկեր Զաւէն: Մեծ ըմբոշխնումով կը կարդար մանաւանդ բանաստեղծական գործեր: Ան բացառիկ տաղանդ ունէր ասմունքի եւ դերասանութեան: Մաս կազմած է համազգայինի թատերական ներկայացումներուն եւ մեծ յաջողութեամբ մարմնաւորած է Պէպոյի կերպարը:

Լիբանանեան տագնապէն առաջ իսկ՝ ընկեր Զաւէն մաս կը կազմէր տեղւոյն Հ.Յ.Դ.«Կարմիր լեռ» կոմիտէին: 1980-էն մինչեւ նահատակութիւնը , վեց տարի շարունակ կը վարէր անոր ներկայացուցիչի պատասխանատու պաշտօնը:

3 Մարտ 1986 ին , ընկեր Զաւէն Թաշճեան զոհ գնաց դաւադիր ոճիրի մը իր վաճառատան մէջ : Անծանօթ մը մուտք գործելով վաճառատուն, ձայնարգել զէնքով մը երկու փամփուշտ արձակեց այդ պահուն առանձին գտնուող ընկերոջ վրայ եւ յաջողեցաւ խոյս տալ:

Ընկեր Զաւէն եղաւ ամէն տեղ եւ իր համակ կեանքը նուիրեց իր գիւղին , ժողովուրդին , կուսակցութեան եւ ազգին մինչեւ որ նահատակ ինկաւ հայանուն վարձկանի մը ձեռքով արձակուած փամփուշտէն:

Պետիկ Ինճէեան

bediginjeyian

Ան զաւակն էր Յովհաննէս եւ Ալիս Ինճէեաններուն , ծնած 3 Նոյեմբեր 1950 ին , Այնճար: Փոքր տարիքէն յատուկ սէր ցուցաբերած էր մարզանքին և որսին հանդէպ, որ հետագային արտայայտուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի և Հ.Յ.Դ.-ի իր անդամակցութեամբ և աշխոյժ գործունէութեամբ: Մաքուր կենցաղով ու բարի և հեզ բնաւորութեամբ, ծառայասէր Պետիկը բոլորին սիրելին էր: Ազգային գործերուն մէջ երբեք խտրութիւն չէր դներ: Իր համոզումը այն էր, որ երիտասարդները պէտք է հոգան ժողովուրդին բոլոր պէտքերը եւ ուղղակիօրէն աշխատին ժողովուրդին հետ գետնի վրայ:

27 Մայիս, 1976-ին, Փարիզի հայկական կեդրոնի սենեակներէն մէկուն մէջ, կը նահատակուի ընկեր Պետիկը:
Ահաւասիկ այսպէս, զինեալ պայքարի առաջին նահատակը կը դառնար հերոսական Մուսա Լերան ժողովուրդի թոռներէն մէկը՝ որ ամբողջական նուիրումով կ՛ապացուցէր թէ Հայ Դատը չէ մեռած, թէ հայ ժողովուրդի զաւակները պիտի պայքարին մինչեւ ստանան իրենց արդար իրաւունքները:

Զաւէն Յովհաննէսեան

ZavenHovannesian

28 Մարտ 1963-ին Մուսա լեռցի ընտանիքի մէջ ծնած այս երիտասարդը հասակ նետած է Պէյրութի եւ Այնճարի թաղերուն մէջ: Վստահաբար Ճէպէլ Մուսայի հերոսական անցեալը յատուկ աւիշ ներարկած է իր երակներուն , եւ ինք յատուկ սէր տածած է ազգային արժէքներու հանդէպ:

Զաւէն զոհ կ՛երթայ Սեպտեմբեր 1979-ին , «Ապրոյեան»-ի պահակութեան կեդրոնի տանիքը, երբ արձակազէնի փամփուշտէ մը մահացու կը վիրաւորուի եւ կը նահատակուի տեղն ու տեղը:

Առիթը չունեցաւ ան հասնելու իր սիրած կուսակցութեան շարքերը անցնելու տարիքին, իր սիրած դրօշակով կարելի չեղաւ պարուրել զինք, սակայն իր մատաղումը եղաւ դրօշակ եւ պատգամ:

Սարգիս Ֆուճուրեան

Sarkisfujurian

Ընկեր Սարգիս զաւակն էր Մուսալեռցի հաւատաւոր դաշնակցական՝ ընկեր Աբրահամ Ֆուճուրեանի, որ դաշնակցականի իր օրինակելի կեցուածքով յարգուած էր իր ընկերներէն եւ մեծ վարկ ունէր լիբանանեան բանակին մէջ , ուր կը ծառայէր իբրեւ յիսնապետ:

Համալսարանը աւարտելէ ետք, ան նուիրուած էր ուսուցչութեան, տարիներ շարունակ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելով նորահաս սերունդին:

Ընկ. Սարգիսի կուսակցական կազմաւորման առաջին դպրոցը կ՛ըլլայ Հ.Յ.Դ. «Զաւարեան» Ուսանողական Միութիւնը: Փոքր տարիքէն ան մաս կը կազմէ նաև Հ.Մ.Ը.Մ. ին , որուն կը ծառայէ աւելի քան 10 տարի:

Նուիրումի եւ շարունակուող կեանքի դաշնակցական նման օրինակ մը կու տայ ընկ. Սարգիս Ֆուճուրեան, որ 22 Յուլիս 1976- ին կը նահատակուի Արագածի մէջ, երբ նոր հաստատուած զինադուլի մը ամրապնդման աշխատանքներու պահուն, ինքնազսպումի հրահանքներ կը փոխանցէր պատնէշներու ետին կանգնած հայ տղոց, յանկարծ դիմացէն անարգ փամփուշտ մը կը ստանայ կուրծքէն եւ հերոսաբար կը նահատակուի տեղն ու տեղը: Այսպիսով ան կը դառնայ Նապաայի դէպքերուն առաջին նահատակը:

Պարոյր Տուտագլեան

baroyrdoudaklian

Ծնած է նոր Սիսի մէջ 1960-ին: Հասակ առած է «Ս. Սարգիս» եկեղեցւոյ շուքին տակ եւ նախակրթութիւնը ստացած է նոյն թաղի Ազգ. «Աքսոր Գասարճեան» վարժարանին մէջ: Ճակատագրին մէկ խաղով թաղին, եկեղեցւոյ և վարժարանին պաշտպանութեան նուիրական ճամբուն վրայ ալ վերջ կը գտնէր Պարոյր Տուտագլեանի կեանքը, զոր ուխտած էր արդէն նուիրաբերել իր ժողովուրդին, անդամագրուելով Հ.Յ.Դ. երիտասարդական Միութեան:

Անսպառ եռանդը, նուիրումը, ծառայութիւնն ու պատրաստակամութիւնը նկարագրային յատկանիշի վերածած Պարոյր Տուտագլեան, Սեպտեմբեր 1979-ի նահատակներէն է: Հազիւ 19 գարուններ բոլորած այս երիտասարդը կը զոհուի 13 Սեպտեմբեր 1979-ի առաւօտեան, Նոր Սիսի «Ս. Սարգիս» եկեղեցւոյ դիրքին վրայ, նոր հաստատուած զինադուլի մը ամրապնդման պահուն, արձակազէնի մը անարգ փամփուշտէն:

Պարոյրի ընտանիքը , դաշնակցական հայ մարդու անգնահատելի տոկունութեամբ, գիտակից մօտեցումով վերաբերուեցաւ անոր մահուան հետ: Երբ օր մը վերջ միայն առիթը ունեցան խորշակահար իրենց զաւկին դիակը ողջունելու Եռագոյնով փաթթուած դագաղին մէջ, իրենց անհուն ու անմխիթար սուգին մէջ, «վարձքդ կատա՜ր, զաւակս» գոչեցին անոնք, մեծնալով ու մեծցնելով նահատակը՝ բազմահարիւր սգակիրներու ներկայութեամբ:

Յովիկ Պուրսալեան

hovigboursalian1

Ծնած է 1968-ին Այնճար , Նախնական կրթութունը ստացած է Այնճարի Ազգ. «Յառաջ» վարժարանէն ներս: Փոքր տարիքէն մեծ սէր ցուցաբերած է զէնքին հանդէպ եւ այս երեւոյթին իբրեւ արդիւնք ան կամաւոր զինուոր արձանագրուած է Լիբանանեան բանակին՝ ծառայելու համար Լիբանան հայրենիքին:

Յովիկը, միշտ ժպիտը դէմքին փորձած է համերաշխութիւն պահել իր ընկերներուն մէջ՝ խուսափելով ընկերական անհիմն վիճաբանութիւններէ: Ան եղած է բոլորին մտերիմը: Մաս կազմած է Հ.Յ.Դ. «Յառաջ» պատանեկան միութեան , ինչպէս նաեւ Լ.Ե.Մ.-ի «Շաւարշ Միսաքեան» Մասնաճիւղին: Երկար տարիներ մաս կազմած է նաեւ Այնճարի փողերախումբին:

1987-ին Վերջնականապէս կ՛որոշէ զինուորագրուիլ Լիբանանեան բանակին մէջ եւ ծառայել երկրին: Մուսա Լերան հերոսամարտի յաղթութեան հաւատքով՝ կ՛ուզէր պաշտպանել իր գիւղն ու երկիրը: Սակայն , երեք տարիներ ետք, Յովիկ կը նահատակուի բանակի ծառայութեան ընթացքին:

Յովիկի հարազատներուն, ինչպէս նաեւ ամբողջ գիւղի զաւակներուն համար մեծ կորուստ էր իր նահատակութիւնը, սակայն ան միշտ կը մնայ գիւղի հերոս զաւակներու շարքին դասուած , որովհետեւ, ան , մահը արհամարհելով՝ զէն ի ձեռին նահատակուեցաւ յանուն Լիբանանի փրկութեան:

Լորանս Քերթէշեան

lawrance2Լորանս Քերթէշեան զինուորագրուած է Լիբանանեան բանակին 1993 թուականին: Ան նահատակուած է նոյն տարին եւ իր անունը արձանագրուած է բանակի նահատակներու յուշակոթողին վրայ՝ զոր կարելի է տեսնել ստորեւ:

Անդօ Պօղիկեան

Ծնած է Այնճար 1963-ին եւ նախնական կրթութիւնը ստացած է Այնճարի հայ Աւետարանական վարժարանին մէջ: Մաս կազմած է Հ.Մ.Ը.Մ. Այնճարի ֆութպոլի Ա. խումբին եւ մասնակցած բազմաթիւ մրցումներու: Անդամագրուած է Հ.Յ.Դ. Լ.Ե.Մ. -ի «Շ. Միսաքեան» Մասնաճիւղին եւ իր մասնակցութիւնը բերած է միութենական աշխատանքներուն: Նահատակուած է Այնճարի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ակումբի շրջափակին մէջ 16 Մայիս 1981-ին:

Դէմքեր