Ներգաղթ

Ներգաղթ

Երբ մուսալեռցիք Այնճարի մէջ կ՛անցնէին ամենէն դժուար տարիները (1939-1945), երբ Բ. Աշխարհամարտը վերջ կը գտնէր եւ երեւան կու գար պատերազմի ձգած ահաւոր աւերը, ճիշտ այդ ժամանակ կը հնչեն ներգաղթի զանգերը (1946), կը հրաւիրեն սփիւռքահայերը հայրենիք հաստատուելու եւ իրականացնելու իրենց դարաւոր երազը՝ ապրիլ Հայաստանի հողին վրայ:

Ստեղծուած ընդհանուր խանդավառութենէն անմասն չմնացին մուսալեռցիք:

1946-47-ին, Պէյրութի նաւահանգիստէն, 650 ընտանիքներ Այնճարէն եւ 50 մուսալեռցի ընտանիքներ Սուրիոյ եւ Լիբանանի տարբեր քաղաքներէն, կը ներգաղթեն Հայաստան: Մուսալեռցիք կը հաստատուին Հայաստանի տարբեր քաղաքներու մէջ, ինչպէս՝ Կիւմրի (նախկին Լենինական), Վանաձոր (Նախկին Կիրովական), Էջմիածին, Վեդի եւ Երեւանի արուարձաններուն մէջ, ինչպէս՝ Մալաթիա, Սեբաստիա, Նոր Արէշ, Արաբկիր, Նոր Զէյթուն, Նորագաւիթ....

Քաղաքներուն մէջ մուսալեռցիք կ՛աշխատին արդիւնաբերութեան մարզին մէջ եւ աչքի կը զարնեն իրենց ճարտարութեամբ, իսկ գիւղերուն մէջ կը դառնան վարպետ այգեպաններ: Մուսալեռցիք նաեւ յաջողութիւններ կ՛արձանագրեն ուսման, գիտութեան, շինարարութեան եւ լուսաւորութեան ասպարէզներուն մէջ եւ իրենց ներդրումը կը բերեն Հայաստանի զարգացման: Անոնք կ՛ունենան բժիշկներ, երկրաչափեր, գիւղատնտեսներ, գիտնականներ, պատմաբաններ, լրագրողներ...

Մուսալեռցիներէն յատկապէս նշանաւոր կը դառնան գիտնական՝ Ալեքսանտր Փաշայեան եւ իր որդիները Արարատ եւ Ասատուր, Մատենադարանի գիտաշխատողներ՝ Փայլակ Այնթապեան եւ Լեւոն Տէր Պետրոսեան (հետագային Հ.Հ. նախագահ), Մինաս Մինասեան, Գաղթուհի Հանանեան, Նայրա եւ Արմէն Մարտիրեաններ, Զատիկ, Յարութիւն եւ Մարտիրոս Գասամանեաններ, Աշոտ Ղազարեան, Գէորգ Վրթանէսեան, Ազատ Էքիզեան, Կիւզալեան եւ Ֆիլեան եղբայրներ եւ ուրիշներ:

Մուսալեռցիք Հայաստանի մէջ պահեցին իրենց բարբառն ու սովորութիւնները, մանաւանդ շարունակեցին յիշատակել հերոսամարտի տօնը՝ ամէն տարուայ Սեպտեմբերին, 1968-էն սկսեալ:

1972-ին, Էջմիածնի շրջանի Գինեւէտ աւանը կը վերանուանուի Մուսա Լեռ եւ 1976-ին, բարձր բլուրին վրայ, կը կառուցուի յուշակոթող մը (ճարտարապետ Ռ. Իսրայէլեան, քանդակագործ՝ Ա. Յարութիւնեան) յարակից թանգարանով, որ կը խորհրդանշէ Մուսա Լերան մարտիկներուն ազատագրական ոգին եւ քաջութիւնը: Ամէն տարի Սեպտեմբերի երկրորդ կիսուն կը յիշատակուի հերոսամարտի տօնը՝ ներկայութեամբ բազմահազար հայորդիներու: Հայաստանի Մուսա Լերան Հայրենակցական Բարեգործական Միութիւնը կը տանի բեղուն գործունէութիւն՝ կազմակերպելով ցուցահանդէսներ, համագումարներ, հրատարակելով յուշագրութիւններ: Վերջին շրջանին միութիւնը կ՛ունենայ նաեւ իր դիմատետրի էջը http://www.facebook.com/musalerhayastan հասցէով:

1948-ին ներգաղթը կանգ կ՛առնէ: Այնճար մնացող Մուսալեռցիները կը խմբուին գիւղի կեդրոնական մասին մէջ: Յաջորդող մէկ երկու տարիները կ՛ըլլան անորոշութեամբ եւ շփոթութեամբ յատկանշուած ժամանակաշրջան մը..
Հայաստանի Մուսա Լերան Հայրենակցական Միութիւնը կը շարունակէ վառ պահել Մուսա Լերան հերոսամարտի ոգին հայրենիքի մէջ մինչեւ այսօր: Վերջին տարիներուն կը կազմուի նաեւ Հայաստանի Երիտասարդ Մուսալեռցիներու Համախմբումը որ նոր եռանդ կը բերէ հայրենակցական աշխատանքներուն: Անոնք կը հաստատեն նաեւ իրենց համացանցի կայքէջը www.mousaler.am հասցէով:

Այնճար

?>