Լ.Օ.Խ. Աղթամար

Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղ

1942-ին, 7 հիմնադիր ընկերուհիներով հիմը կը դրուի Լ.Օ.Խ.ի Այնճարի մասնաճիւղին՝ «Աղթամար» , որ կոչուած է կարեւոր դեր վերցնելու Այնճարի պատմութեան մէջ: Մասնաճիւղի անդամներուն թիւը շուտով կը հասնի 45-ի եւ անմիջապէս կը սկսի բեղուն աշխատանքը, ծով կարիքները բաւարարելու համար: Մասնաճիւղի ստեղծման մէջ մեծ դեր կ՛ունենան Մուսա Լերան ղեկավարներէն եւ Այնճարի հիմնադիր Մովսէս Տէր Գալուստեան, գրագէտ Եդուարդ Պօյաճեան եւ բանահաւաք՝ Թովմաս Հապէշեան:

Առաջին քանի մը տարիներուն վարչական եւ անդամական ժողովները կը գումարուէին Ազգ. «Յառաջ» վարժարանի «Տիգրանեան» սրահին եւ «Բաբգէն Սիւնի» ակումբին մէջ :Միութիւնը յատկապէս օգնութեան ձեռք կ՛երկարէ հիւանդներուն եւ կարօտեալներուն, կազմակերպելով հանգանակութիւններ եւ նոյնիսկ թատերական ներկայացումներ:

1945-ին, կը հիմնուի չորս սենեակներով մայրանոց մը, անհրաժեշտ բաժանմունքներով, որ ամէնէն անհրաժեշտ կարիքներէն մէկն էր գիւղին:

1946-ին, մասնաճիւղը կը ստեղծէ Արծուիկներու Փաղանգ մը, աւելի քան 100 անդամներով, որ մեծ խանդավառութիւն կը ստեղծէ գիւղին մէջ: Արծուիկները կը հետեւին յատուկ կանոնագրի:

Յաջորդող 15 տարիները կ՛ըլլան յարատեւ աշխատանքի եւ գործունէութեան ծաւալման շրջան մը:

1960-ականերուն սկիզբը, մասնաճիւղը կը բանայ իր դարմանատունը, իր անդամուհիներէն Տիկ. Ծաղիկ Սէպէեանի հիւանդապահուհիի վկայականի արտօնութեամբ, հայրենակից Պօղոս Քիւրտեանի կողմէ տրամադրուած ժամանակաւոր սենեակի մը մէջ: Հոս կ՛այցելեն Պէյրութի Ամերիկեան Հիւանդանոցի բժշկութեան ուսանողներ՝ Վազգէն Տէր Գալուստեան, Չորպաճեան եւ Մխճեան գլխաւորութեամբ Տոքթ. Արամ Հանիսեանի: Բժշկական խնամքի կողքին մասնաճիւղը կ՛ապահովէ նաեւ անհրաժեշտ դեղօրայք՝ օգտուելով միջազգային բարեսիրական հաստատութիւններէ:

Կարճ ժամանակ մը ետք, Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն միութեան կը յատկացնէ տուն մը, Հ.Մ.Ը.Մ. ի ակումբին կից, որ կը դառնայ միութեան կեդրոնը:

1970 -ական տարիներուն գիւղին մէջ կը գործեն շտապ օգնութեան երեք կեդրոններ Լ.Օ.Խ. ի «Աղթամար» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ:

1974 ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Լ.Օ.Խ.ի Շրջանային վարչութեանց կարգադրութեամբ, Լ.Օ.Խ.ի Արծուիկները կը փոխանցուին Հ.Մ.Ը.Մ.-ին, եւ կը դառնան Արենոյշներ:

Նոյն տարին, Այնճարի պատմական բերդին մէջ տեղի ունեցող Ա. Փառատօնին, իր մասնակցութիւնը կը բերէ մասնաճիւղը , ցուցադրութեան եւ վաճառքի դնելով գիւղի արտադրութիւններն ու պահածոները:

Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի ամէնէն մեծ իրագործումներէն մէկը կ՛ըլլայ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներու ընթացքին 24 ժամ բաց դարմանատունը, որ անչափելի ծառայութիւններ մատուցեց ոչ միայն գիւղացիներուն, այլեւ գիւղ ժամանող հազարաւոր գաղթականներուն, յատկապէս եկած Պէյրութի հայահոծ շրջաններէն(1978):

1984-ին դարձեալ Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին կարգադրութեամբ , մասնաճիւղի տրամադրութեան տակ կը դրուի Սարգիս Տանայեանի երկյարկանի շէնքը, որ դիւրութիւններ կը ստեղծէ մասնաճիւղի գործունէութեան համար: Մասնաճիւղը ընդլայնելով իր գործունէութեան դաշտը կը կազմակերպէ կարուձեւի եւ ճաշի դասընթացքներ, ձեռային աշխատանքներ, ցուցահանդէսներ, ընկերային ձեռնարկներ, դասախօսութիւններ եւայլն:

Միութեան անդամներուն թիւը կը հասնի 250-ի: Միութիւնը ձեռք կ՛երկարէ որբին, անկարին, հիւանդին եւ ծերին, ինչպէս նաեւ կ՛օժանդակէ գիւղի վարժարաններուն, յատուկ հոգատարութիւն ցուցաբերելով պատանիներու ուսման հանդէպ: Մասնաճիւղը կարելիութիւն կը ստեղծէ նաեւ գիւղի հայրենակիցներուն համար տարրալուծարանային քննութիւններ կատարելու, չնչին ծախսերով:

1991-ին, Այնճարի Բ. Փառատօնին , մասնաճիւղը կը մասնակցի հայկական ձեռագործներու ցուցահանդէս- վաճառքով մը, որ մեծ յաջողութիւն կը գտնէ:

1992-ին արժանի շուքով կը յիշատակուի մասնաճիւղի 50 ամեակը, որու ընթացքին յատուկ գնահատանքի կ՛արժանանան միութեան վաստակաւոր ընկերուհիները:

1995-ին մասնաճիւղը կը ձեռնարկէ հանգանակութեան, նպատակ ունենալով սեփական դարձնել իր կեդրոնը:

1998-ին Տէր եւ Տիկ. Սուրէն եւ Ալիս Ֆիլհաննէսեաններ, իրենց պապենական տունը կը նուիրեն մասնաճիւղին, որպէս մնայուն կեդրոն Լ.Օ.Խ.ի «Աղթամար» մասնաճիւղին:

1999-ի Յունուար 16 ին, յատուկ հանդիսութեամբ մը մասնաճիւղը կը կատարէ իր նոր կեդրոնին բացումը՝ «Յովհանէս եւ Վարդուհի Ֆիլհաննէսեան» դարմանատան:
Վերջին տասնամեակներուն մասնաճիւղի գործունէութիւնը աւելիով կը ծաւալի: Դարմանատան աշխատանքը կը դառնայ ամէնօրեայ՝ այցելու բազմաթիւ բժիշկներու ծառայութեամբ: Աւանդութեան կը վերածուի տարեցներու հաւաքոյթները տօնական առիթներով:
Իր բազմաճիւղ գործունէութեամբ մասնաճիւղը կը դառնայ գիւղին մէջ գործող ամենէն աշխուժ միութիւնը՝ որուն բարիքները կը հասնին բոլորին:

Միութիւններ

?>