Կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին եւ ելեկտրական յանձնախումբին զգալով մեր հայրենակիցներուն հետ, երեքշաբթի 16 Օգոստոս 2022-ին, կազմակերպեց հանդիպում մը, երեկոյեան ժամը 8։00-ին, «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնէն ներս , ներկաները առիթը ունեցան մասնագէտ՝ Նորայր Էլմաեանի կողմէ լսել արեւային վահանակներու տեղադերումի ծրագրին մասին, ուր ելեկտրական յանձնախումբի ելեկտրածին մեքենաներու կողքին մօտիկ ապագային պիտի տեղադրուին արեւային վահանակներ, որոնց միջոցաւ մեր հայրենակիցներուն ամենամտահոգիչ բեռը պիտի նուազի, խնայելով սպառելիք վառելանիւթը։Այս առիթով հարկ է յիշել որ հանդիպման ընթացքին Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն յայտարարեց որ ծրագրի աշխատանքի առաջին փուլը արդէն իսկ ընթացքի մէջ է: