Մուսա Լերան Յիշողութիւնը
Այնճարի պատմութեան մէջ, տիրապետող մնաց Մուսա Լերան յիշողութիւնը: Ժողովուրդը միշտ պատմեց իր պապենական գիւղերու մասին, ապրեցաւ անցեալը եւ զայն անբաժան մէկ մասը դարձուց ներկային: Մուսա լեռէն երբ հեռացաւ, չմորցաւ իր հերոսներուն աճիւններէն բուռ մը հետը բերել՝ որպէս մասունք հերոսական լերան առասպելական պայքարին:
Մեծ խանդավառութեամբ, ամէն տարուայ Սեպտեմբերի երկրորդ շաբաթավերջին, տօնեց հերոսամարտի յաղթանակի օրը եւ դարձեալ պարեց թմբուկ-զուռնայի կշռոյթին ելեւէջներով: Այդ օրը դուրս գալով Այնճարի սահմաններէն վերածուեցաւ համազգային տօնախմբութեան, որուն փութացին մասնակցիլ հեռու եւ մօտ բոլոր հայորդիները
Հերոսամարտի տօնախմբութիւնները տեղի կ'ունենային աննախընթաց ժողովրդային մասնակցութեամբ «ծառտակեր»ի շրջանին մէջ, որուն ընթացքին կը պատրաստուէր եւ կը բաժնուէր մատաղ հերիսան:
Մեծ շուքով տեղի ունեցաւ Այնճարի 40-ամեակը, որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց ամբողջ գաղութին մէջ:
Հետագային տօնակատարութիւնները փոխադրուեցան «Ս.Պօղոս» եկեղեցւոյ կից հողաշերտին վրայ: 1995-ին հիմը դրուեցաւ Մուսա Լերան յուշարձան-համալիրին՝ որպէս պատասխան Մուսա Լերան պատմական յուշարձանի քանդումին (Տամլաճըգի բարձունքին վրայ):
Մեծ շուքով տեղի ունեցաւ յուշարձանին բացումը: Պետական, կրօնական, կուսակցական, կրթական եւ զինուորական բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ ներկայ գտնուեցան բացման հանդիսութեան, որ դրուած էր բարձր հովանաւորութեան տակ հայ երեք համայնքներու հոգեւոր գերագոյն պետերուն: Յուշարձան-համալիրը աւելիով ամբողջացաւ, երբ 1998-ին անոր կողքին կանգնեցաւ ազգային հերոս եւ Այնճարի հիմնադիր՝ Մովսէս Տէր Գալուստեանի կիսանդրին, ուր զետեղուեցան նաեւ իր եւ տիկնոջ աճիւնները:
Մուսա Լերան յիշողութիւնը տիրապետող մնաց նաեւ Այնճարէն հեռու ապրող մուսալեռցիներուն հոգիներուն մէջ, անոնք եւս, ամէն տարուայ Սեպտեմբերին շարունակեցին յիշատակել հերոսամարտի տօնը:
Աննախընթաց շուքով տօնուեցաւ հերոսամարտի 95-րդ տարեդարձն ու Այնճարի հիմնադրութեան 70 ամեակը: Արցախի հանրապետութեան նախագահ Բագօ Սահակեան, Կիլիկիոյ Վեհափառ Արամ Ա., Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, ինչպէս նաեւ պետական, կրօնական, զինուորական, կրթական, մշակութային բազմաթիւ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու ներկայութիւնը Այնճարի մէջ՝ տարեդարձը վերածեց համահայկական առիթի: Ներկայ եղան նաեւ աշխարհի չորս ծագերէն Մուսա Լերան հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ հարիւրաւոր Մուսալեռցիներ տարբեր երկիրներէ:
«Մենք Լեռն Ենք Տակաւին
Թող Ետ Գայ Թշնամին»: