Այնճարի Հայ Աւետարանական Համայնքը
1940-ին, հիմը կը դրուի Այնճարի հայ Աւետարանական վարժարանին, իսկ 1941-ին, կը կառուցուի եկեղեցին: Այնճարի մէջ գործող առաջին Հայ Աւետարանական հովիւը կ՛ըլլայ Վեր. Արամ Հատիտեան, որ նաեւ Մուսա Լերան Աւետարանական համայնքի հովիւն էր եւ ժողովուրդին հետ միասին եկած էր Այնճար:
1955-էն ետք վարժարանը կ՛ընդարձակուի եւ կ՛ունենայ իր մանկապարտէզի, նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի բաժինները՝ լուսաւոր դասարաններով, տարրալուծարանով եւ հանդիսասրահով:
1964-ին վարժարանը ունէր 550 երկսեռ աշակերտներ եւ 29 դաստիարակներ. Վարժարանի աշակերտները եւ ուսուցիչները միասնաբար կը հրատարակեն «Շիրազ» պաշտօնաթերթը, որ կ՛ամփոփէ աշակերտութեան գրական փորձերը եւ կ՛արձագանգէ վարժարանի կեանքին հետ առնչուող այլազան ծրագիրներու եւ ձեռնարկներու:
1953-ին է, որ վարժարանը կ՛ունենայ իր երկրորդական բաժինը՝ «Հիլֆսպունտ» Զուիցերեական եւ Գերմանական Բարեսիրական Միութեան օժանդակութեամբ, տնօրէնութեամբ քոյր Հետուիկի: Քոյր Հետուիկ անձնուիրաբար կը վարէ աշխատանքը, օժանդակութեամբ Աննա եւ Մարի քոյրերուն: Վարժարանը կ՛ունենայ նաեւ իր գիշերօթիկի բաժինները՝ աղջկանց եւ տղոց առանձին շէնքերով:
1947-ին Քոյր Հետուիկ կը սկսի իր նուիրեալ աշխատանքին, որ կ՛ընդգրկէ ուսուցում, բժշկութիւն, կիրակնօրեայ դպրոց, Աստուածաշունչի սերտողութիւն եւ ապա վարժարանի տնօրէնութիւն:
Դպրոց մը կը բացուի նաեւ դրացի արաբ գիւղին՝ Մէժտէլի մէջ, միսիոնարութեան ջանքերով:
Հազարաւոր հիւանդներ, Այնճարէն եւ շրջակայ գիւղերէն, բժշկական օգնութիւն կը ստանան: Միայն 1950 թուականի առաջին տասը ամիսներուն 8541 հիւանդ օգնութիւն կը ստանայ...
1976-ին Տոքթ. Բիւզանդ Գրիգորեանի նուիրատուութեամբ կը կառուցուի «Քոյր Հետուիկ» սրահը՝ ի յարգանս Քոյր Հետուիկի տարած անձնուէր ծառայութեան: Հետագային անոր կիսանդրին կը կանգնեցուի բակի մէջ՝ ժողովրդային հանդիսութեամբ մը: Միսիոնարութիւնը կը կառուցէ նաեւ իր նոր կեդրոնը 1996-ին:
1941-ին համայնքը կը հիմնէ իր «Ջանից» երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւնը, որ կը տանի կրօնական, ազգային եւ դաստիարակչական բնոյթի աշխատանք: Նոյն տարիներուն կը կազմակերպէ նաեւ կիրակնօրեայ դպրոցն ու տիկնանաց միութիւնը: