Մուսա Լեռ-Այնճարի Քաղաքապետութիւնը
Հսկելու համար կարգապահութեան, նպաստի բաշխման եւ նոր կայքի կազմակերպումին, մուսալեռցիք Պասիթի մէջ իսկ կը կազմեն Կեդրոնական Մարմին մը՝ Գէորգ Գալուստեանի ղեկավարութեամբ:
Այս մարմինն է որ մեծ պատասխանատուութիւն կը վերցնէ իր ուսերուն եւ կարելին կ՛ընէ թեթեւցնելու համար գաղթականներուն առօրեայ դժուարութիւնները: Մարմինը իր թիկունքին կ՛ունենայ Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն, որ կոչուած է արթուն պահակը եւ առաջնորդը ըլլալու Այնճարի , անոր հաստատումէն ի վեր: Կեդրոնական Մարմինը գլուխ կը հանէ տուներու շինարարութիւնը եւ կը հոգայ գաղթականներուն առողջապահական կարիքները:
1941-ին կը ստեղծուի Այնճարի առաջին քաղաքապետական խորհուրդը՝ եօթը անդամներէ բաղկացած. Իւրաքանչիւր գիւղամաս կ՛ունենայ նաեւ իր գիւղապետը:
Հոս պէտք է յիշել, որ այս տարիներուն, ժողովուրդը շրջանին մէջ հաստատուելու համար քայլեր չէր առներ, որովհետեւ մեծ յոյս ունէր որ պիտի վերադառնար իր պապենական գիւղերը:
Այս շրջանին, կը կառուցուի 600 խորանարդ տարողութեամբ ջրամբար մը, գիւղի ամենաբարձր կէտին վրայ եւ ջուրը աղբիւրներու միջոցաւ (գասթալ)՝ կը ցրւուի գիւղին մէջ:
1946-47-ի ներգաղթէն ետք, քաղաքապետի պաշտօնը կը վարէ Յաբէթ Աբրահամեան: Քաղաքապետական Խորհուրդը կը նպաստէ Ազգ. «Յառաջ» վարժարանին: Այս շրջանին է նաեւ, որ կը սկսի ըմպելի ջուրի ցանցի հաստատումը գիւղին մէջ:
1952-ին քաղաքապետ կը դառնայ Սեդրակ Թաշճեան: Կը թուի թէ գիւղացիները կ՛որոշեն հաստատուիլ շրջանին մէջ (Մուսա Լեռ վերադառնալու յոյսը անկում կ՛արձանագրէ) եւ ծնունդ կ՛առնէ պարտիզամշակութիւնը: Քանի մը տարիներու ընթացքին Այնճար կ՛ունենայ իր խնձորի պարտէզները: Ըմպելի ջուրի ցանցի հաստատումը այս շրջանին կը հասնի իր աւարտին. Ակի շրջանին մէջ գտնուող բարտիներու անտառին ծառերը կը ծախուին եւ եկամուտը կը յատկացուի ըմպելի ջուրը բնակարանները հասցնելու նպատակին: Քաղաքապետական Խորհուրդը կը յաջողի ասֆալթապատել գիւղի ճամբաները հանգրուան առ հանգրուան եւ քանի մը տարիներու ընթացքին: 1962-ին գիւղ կը հասնի ելեկտրական հոսանքը՝ որ մեծապէս օգտակար պիտի հանդիսանայ գիւղի ընդհանուր զարգացման:
Կը նորոգուին պարտէզներու ջրատար առուները եւ կը կանոնաւորուի ջուրի բաշխումը:
Այս շրջանին նաեւ կը կառուցուի գիւղի կեդրոնական հրապարակին վրայ մեծ ժամացոյց մը (1958), Հիլֆսպունտ միսիոնարութեան օժանդակութեամբ, որ երկար ատեն պիտի ազդարարէր օրուայ ժամը գիւղացիներուն:
1963-ին քաղաքապետ կ՛ըլլայ Յարութիւն Շերպէթճեան: Յաջորդող տարիներուն գրեթէ կ՛ամբողջանայ ճամբաներուն ասֆալթապատումը, կը կանաչապատուի գիւղը եւ կը լուսաւորուին ճամբաները:
Այնճարը իր զարգացման ընթացքին մէջ էր, երբ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը սկսաւ եւ կասեցուց գրեթէ ամէն բան: երկիրը մտաւ ընդհանուր խառնակ ժամանակաշրջանի մը մէջ, որ երկար տարիներ պիտի շարունակուէր:
Խորհուրդի անդամներու թիւը ժամանակի ընթացքին կը նուազի (մահերու պատճառաւ) եւ անոր գործունէութիւնը կը տկարանայ: Հակառակ ասոր, սակայն, քաղաքապետութիւնը կը գործէ իր կարելիութեանց սահմաններուն մէջ: 80-ականներուն, քաղաքապետի պաշտօնը կը վարեն յաջորդաբար Մկրտիչ Քէնտիրճեան եւ Գաբրիէլ Հաւաթեան: Այս տարիներուն խորհուրդի աշխատանքներուն կ՛օժանդակեն նաեւ ոչ անդամ հայրենակիցներ Հ.Յ.Դ. «Կարմիր լեռ» Կոմիտէի կարգադրութեամբ՝ միշտ ի նպաստ գիւղի յառաջդիմութեան:
1991-էն ետք գիւղը կը թեւակոխէ բարգաւաճման նոր ժամանակաշրջան մը. Ըմպելի ջուրին ցանցը լրիւ կը փոխուի, նոր ջրամբար մը կը կառուցուի, ճամբաները կ՛ընդարձակուին, պարտէզներու շրջանին մէջ նոր ճամբաներ կ՛ասֆալթապատուին, կոյուղիներու ծրագիրը կը գործադրուի, գիւղի մայր պողոտան կը կառուցուի արդիական ոճով, ամբողջ գիւղը կը լուսաւորուի...
Գիւղը նոր տարազ կը հագնի, որ բոլորովին տարբեր է այլեւս. Հին օրերու մահաբոյր գաղթակայանը կը փոխուի նոր օրերու կանաչապատ, գեղատեսիլ եւ լուսաւոր գիւղաքաղաքի...
1998-ին, տասնամեակներու ընդմիջումէ ետք, տեղի կ՛ունենայ քաղաքապետական եւ գիւղապետական ընտրութիւններ Լիբանանի տարածքին: Այնճար կ՛ունենայ իր նոր քաղաքապետական խորհուրդը՝ միաձայնութեամբ: Քաղաքապետ կ՛ըլլայ Սեպուհ Սգայեան: Խորհուրդը կը լծուի բեղուն աշխատանքի, սկսուած ծրագիրները շարունակելով եւ նոր ծրագիրներ մշակելով՝ միշտ գիւղի բարեզարդման եւ զարգացման հեռանկարով:
2010-ին Գիւղի քաղաքապետի պաշտօնը կը ստանձնէ Կարօ Փամպուքեան, իր կողքին ունենալով նոր քաղաքապետական խորհուրդ, որ կը տանի ծաւալուն գործունէութիւն գիւղի զարգացման նոր թափ տալով:
Քաղաքապետական խորհուրդը կը սկսի կանաչապատման ծրագիրներու՝ յատկապէս հազարաւոր ծառեր ցանելով Այնճարի լեռներուն վրայ: Կը նախաձեռնէ նոր քաղաքապետարանի կառուցման եւ գործակցաբար Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին կը յաջողի գիւղը ապահովել 24 ժամուայ ելէկտրական հոսանքով:
Քաղաքապետական խորհուրդը գործակցաբար Քֆէրզապիթի քաղաքապետութեան կը յաջողի բնապահպանական կեդրոն մը ստեղծել Այնճարի լեռներուն վրայ ապահովելով բազմաթիւ միջազգային ընկերութիւններու օժանդակութիւնը: