Մուսալեռցի - Այնճարցի Գրագէտներ
Եդուարդ Պօյաճեան (1915-1966)
Բանաստեղծ, արձակագիր, հրապարակագիր, քննադատ, խմբագիր եւ ուսուցիչ Եդուարդ Պօյաճեան ծնած է Մուսա Լերան Խըտըր Պէկ գիւղը՝ 1915-ին, Մուսա Լերան հերոսամարտի օրերուն: Երեք ամսուայ երեխայ, ծնողներուն հետ փոխադրուած է Փոր Սայիտ, ուր մնացած է 4 տարի: Ծննդավայր վերադարձին, ուսման առաջին շրջանը անցուցած է գիւղական երկու վարժարաններուն մէջ. մէկը՝ Խըտըր Պէկ, միւսը՝ Եօղուն Օլուք. իսկ երկրորդ շրջանը՝ Պէյրութի Հայ Ճեմարանէն ներս, 15 տարեկանէն մինչեւ 20 տարեկան (1930 - 1935):
Գրել սկսած է փոքր տարիքէն, իսկ տպուիլ՝ 1932-ին: Աշխատակցած է Պոսթընի «Հայրենիք» ամսագրին, Փարիզի «Յառաջ»-ին, Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթին եւ շաբաթաթերթին, «Նայիրի» ամսագրին եւ Պէյրութի նոյնանուն շաբաթաթերթին. նաեւ «Հասկ»-ին, «Ակօս»-ին, «Ազդարար» -ին եւ «Բագին» -ին: Գործածած ծածկանունները եղած են Ալպաթրոս, Վազգէն Տիրանեան, Ե. Սարենց եւ Ե. Ծովիկեան:
Գրականութեան առընթեր՝ Եդուարդ Պօյաճեան ամբողջ կեանքին ընթացքին զբաղած է կրթական գործով: Ուսուցչութիւն ըրած է Սուրիոյ Թել Ապեատ գիւղը, ապա ծննդավայր Խըտըր Պէկի մէջ, յետոյ՝ յաջորդաբար՝ Այնճար, Հալէպ, Քեսապ եւ Պէյրութ: Եղած է «Բագին» Ամսագրի հիմնադիր անդամներէն եւ խմբագիրներէն մէկը (1962 - 1966):
Եդուարդ Պօյաճեան լոյս ընծայած է 6 հատորներ՝ «Սէր եւ Վիշտ» (1944), «Հողը» (1948), «Պայքարողներ, Պայքարողներ դուք գազազած» (1958), «Թուղթ Զաւակներուս» (1961), «Տոմար Տարագրի» (1963) եւ «Երկու Նամակ» (1964):
Իսկ յետ մահու իր գործերէն լոյս տեսած են «Դէմքեր» (1967), «Երկեր Ա. հատոր» (1968), «Ծննդավայր Կորուսեալ» (1984), «Ընտրանի» (Երեւան 1994), «Կեանքի Ափերէն» (1995) , «Դուն» (Երեւան 2005) եւ «Միտք Պահէ» ():
Պօղոս Սնապեան
Ծնած է 11 Օգոստոս 1927-ին, Մուսա Լերան Պիթիաս գիւղը: Նախակրթութիւնը կը ստանայ ծննդավայրի եւ Այնճարի «Յառաջ» վարժարանին մէջ:
1944-ին կ՛ընդունուի Երուսաղէմի ժառանգաւորաց վարժարանը եւ կ՛աւարտէ զայն 1949-ին:
1950-էն սկսեալ իբրեւ ուսուցիչ կը պաշտօնավարէ ազգային վարժարաններուն մէջ, որուն առընթեր գրական եւ քննադատական իր գործերը լոյս կը տեսնեն «Նայիրի» եւ «Ակօս» հանդէսներուն մէջ:
1962 Յունուարին, Կարօ Սասունիի խմբագրապետութեամբ, երբ լոյս կը տեսնէ Հ.Յ. Դաշնակցութեան նախաձեռնութիւնը հանդիսացող գրականութեան եւ արուեստի «Բագին» ամսագիրը, Եդուարդ Պօյաճեանի հետ կը կոչուի խմբագիրի պատասխանատու պաշտօնին:
1962-ին կը մեկնի Փարիզ եւ Սորպոնի եւ Ալիանս Ֆրանսէզի մէջ երկու տարի, իբրեւ ազատ ունկնդիր կը հետեւի գրական եւ իմաստասիրական դասընթացքներու: Վերադարձին շարունակելով «Բագին»ի մէջ վստահուած աշխատանքները,միաժամանակ կը դասաւանդէ հայ գրականութիւն, Այնճարի եւ Պէյրութի ազգային երկրորդական վարժարաններու աւարտական դասարաններուն մէջ:
1966-1973-ին մաս կը կազմէ «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրութեան, իբրեւ ազգային եւ գրական- մշակութային էջերու պատասխանատու խմբագիր:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մէջ հաստատուած (1966), «Գէորգ Մելիտինեցի) գրական դատակազմի անդամ է մինչեւ օրս եւ խմբագրած է աւելի քան 50 գրական հատոր:
1983-1989-ին կ՛աւանդէ հայ գրականութիւն՝ «Համազգային»ի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկի բոլոր դասարաններուն:
v1950-ական թուականներէն սկսեալ աշխատակցած է նաեւ սփիւռքահայ շարք մը թերթերու՝ պատմուածքներով, տպաւորապաշտ էջերով եւ քննադատական եւ հրապարակագրական յօդուածներով:
Պօղոս Սնապեանի Հրատարակած ու Հրատարակելի Գործերը:
- Ժամանակ Չկայ (1953)
- Յեղափոխութեան Համար (1956)
- Վերջին Արարը (1958)
- Անդրշիրիմեան Ձայներ (1960)
- Աւազախրած Նաւը (1963)
- Ես Այդ Շունն Եմ (1966)
- Կորստական Թոյներ (1970)
- Աղքատներու Աւանդութւինը Ա. Հատոր (1983)
- Ի՞նչպէս Հայհոյեմ (1990)
- Միջնարար (1992)
- Յայսմաւուրք (1997)
- Տարեդարձներ (2001)
Այլ Հրատարակութիւններ
- Միջնաբերդ (գրական տարեգիրք) 1957-1959
- Հանդիպումներ Ուիլիըմ Սարոյեանի հետ (1978)
- Հայաստանի Երիտասարդ Արձակագիրները (1980)
- Արագիլ (1984)
Զուլալ Գազանճեան (1936-2011)
Ծնած է 1936 -ին Մուսա Լեռ: Տակաւին մանուկ, Մուսա Լերան ժողովուրդին հետ տեղափոխուած է Այնճար ուր նախնական կրթութիւնը ստացած է Այնճարի ազգային «Յառաջ» նախակրթարանին մէջ, որմէ ետք տեղափոխուած է Հալէպ: 1949-ին մեկնած է Վենետիկ՝ ուսանելու համար «Մուրատ Ռաֆայէլեան» վարժարանին մէջ:
Թովմաս Հապէշեան
Ծնած է 1904-ին Մուսա Լերան Եօղուն Օլուք գիւղին մէջ: Մուսալեռցիներուն հետ բարձրացած է Մուսա Լեռ 1915-ին եւ ապա փոխադրուած Փոր Սայիտ: Յաճախած է Փոր Սայիտի «Սիսուան» Վարժարանը:
Մուսա Լեռ վերադարձած է 1919-ին:Ժամանակ մը ետք սկսած է ուսուցուչեան զոր շարունակած է իր ամբողջ կեանքի ընթացքին: Դասաւանդած է Խըտըր Պէկի, Վագըֆի եւ Եօղուն Օլուքի վարժարաններուն մէջ:
Շարունակած է ուսուցչական ասպարէզը Այնճարի մէջ 1939-էն ետք մինչեւ հանգստեան կոչուիլը: Ինքնաշխատութեամբ տիրացած է մեծ գիտելիքներու: Գրել սկսած է փոքր տարիքէն եւ յատկապէս մեծ բանահաւաքի աշխատանք տարած է ուսումնասիրելով եւ հրատարակելով Մուսա Լերան ժողովուրդի ազգագրական հիմնական երեւոյթները (Բարբառ, սովորութիւններ, աւանդութիւններ, հեքիաթներ ...): Ան վարած է ազգային եւ կուսակցական (Հ.Յ.Դ.) պատասխանատու պաշտօններ: Հրատարակած է երկու հատորներ «Մուսա-Տաղի Պապենական Արձագանգներ» (1986) եւ«ՅիշատակարանՄուսաԼերանԲարբառի»(1993):
Եսայի Մարգարեան (1889–1964)
Ծնած է Մուսա Լերան Խըտըր Պէկ գիւղը 1889-ին: Նախնական կրթութիւնը ստացած է գիւղի ազգ. վարժարանին մէջ:
Իր երգերը գրուած են թէ հայերէնով եւ թէ Մուսա Լերան բարբառով: Մեծ ճանաչում գտած է իր «Մուսա Լերան Գիւղերէն» երգը որ վերածուած է Այնճարի ժողովրդային քայլերգի: Նշանաւոր են նաեւ իր «Հաւուն Երգը», «Ամուսիններուն Վէճը» ...:
Մահացած է Այնճարի մէջ 1964-ին:
Զաւէն Նալպանտեան (Զարեւանդ)
Ծնած է Անտիոք Մուսալեռցի մօրմէ: Հայրը զոհ գացած է 1909-ի Կիլիկեան կոտորածներուն: Ուսումը ստացած է Այնթապի ազգային վարժարանին մէջ: Ինքնաշխատութեամբ կը տիրանայ բարձր ուսումի եւ կը դառնայ Թուրանիզմի մասնագէտ՝ խորապէս ուսումնասիրելէ ետք թուրք ժողովուրդի մտածելակերպն ու հոգեբանութիւնը: Հեղինակ է երկու վաւերական հատորներու՝ «Ի՞նչ կը Ծրագրեն Թուրքերը» եւ «Կրնա՞նք Հաշտուիլ Թուրքին Հետ»:
Յակոբ Թորոսեան (1909– )
Ծնած է Մուսա Լերան Եօղուն Օլուք գիւղին մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Փոր Սայիտի վրանաքաղաքին մէջ: Մուսա լեռ վերադարձէն յետոյ մէկնած է Պոլիս ուր յաճախած է Մխիթարեաններու դպրոցը, որմէ ետք ուսումը շարունակած է Վիեննայի Մխիթարեան վանքին մէջ:
Զբաղած է ուսուցչութեամբ եւ գրականութեամբ: Աշխատակցած է շարք մը պարբերականներու եւ օրաթերթերու: Հեղինակ է շարք մը գիրքերուեւ ուսումնասիրութիւններու: Մշակած է լեզուական, երգիծական, թատերական, պատմուածքային եւ բանաստեղծական սեռերը: Հրատարակած է՝ «Լեզուաշինութիւն», «Հայերէնի Ճոխութիւնը», «Փունջ Յոյն Դիցաբանութեան», «Թորոս Ծառայ» եւ «Մարդասպանութիւն Մը» գործերը: Իր թատերգութիւնները լոյս տեսած են քանի մը հատորներով:
Վարուժան Արք. Հերկելեան
Ծնած է 1946-ին Այնճար՝ աւազանի անունով Պօղոս: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ որմէ ետք յաճախած է Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքը զայն աւարտելով 1967-ին: Ծառայած է որպէս ուսուցիչ եւ տնօրէն Այնճարի, Զահլէի եւ Թռչնոց Բոյնի մէջ: Որպէս հոգեւորական իր ծառայութիւնները տարածուած են Լիբանանի, Կիպրոսի եւ Յունաստանի մէջ: 1997-ին կը նշանակուի Կիպրոսի Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ: 2003-ին կ՛ստանայ Արքեպիսկոպոսի կոչում:
1997-էն ի վեր կը հրատարակէ Կիպրոսի Առաջնորդարանի «Գեղարդ» լրատուն: Սփիւռքահայ մամուլին մէջ հանդէս եկած է բազմաթիւ յօդուածներով՝ ազգային-կրթական եւ մշակութային թեմաներով: Ցարդ հրատարակած է հինգ հատորներ.-
- «Հայաստանեայց Եկեղեցին Կիպրոսի Մէջ» (2003)
- «Ատանայի Վկաները եւ Ս. Ստեփանոս Վկայարանը – 1909» (2010)
- «Թղթակցութիւն Սահակ Բ. Կաթողիկոսի եւ Պետրոս արք. Սարաճեանի» (2010)
- «Կիպրոսի Թեմի Հովուական Կարգը եւ Թեմական Կազմաւորումը» (2011)
- «Տարագրութիւն, Որբեր, Մելգոնեան Հաստատութիւն» (2011)
Հայր Յարութիւն Ծյրգ. Վրդ. Պզտիկեան
Մարտիրոս Գուշագճեան
Ծնած է Մուսա Լերան Եօղուն Օլուք գիւղը: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ իսկ երկրորդական ուսումը Մելգոնեան Հաստատութեան մէջ: Մասնագիտացած է Անգլերէն լեզուի եւ գրականութեան մէջ (Օքսֆորտ, Մարի Հաուզ Գոլէճ օֆ Էտիւքէյշըն, Արեւելեան Դպրութիւններ, Սէն Ժոզէֆ Համալսարան):
- «Կեանքի Կարօտ» (1957) - բանաստեղծութիւններ
- «Յուշամատեան Մուսա Լերան» (1970) – (Պօղոս Մատուռեանի հետ միասին)
- Բառարան (Վեր. Տիգրան Խնդրունիի հետ միասին) Անգլերէն-Հայերէն եւ Հայերէն-Անգլերէն
Արսէն Ճանեան
Ծնած է 1938-ին Մուսա Լերան Վագըֆ գիւղին մէջ: Նախակրթարանի ուսումը ստազած է շրջանի վարժարանին մէջ որմէ ետք ուսումը շարունակած է Պոլսոյ Սկիւտարի դպրեվանքին մէջ: Յաճախած է նաեւ Պոլսոյ Մխիթարեան վարժարանը որմէ ետք զբաղած է ուսուցչութեամբ եւ գրականութեամբ: Աշխատակցած է Պոլսոյ հայ մամուլին եւ հրատարակած քանի մը բանաստեղծական հատորներ:
Հետագային կը տեղափոխուի հայրենիք ուր 2010-ին Երեւանի մէջ լոյս կը տեսնէ իր արձակ գրութիւններու հատորը «ԵսԳալիսԵմԻմՊապիԳրկից» խորագրով: Յիշեցնենք որ գրագէտի միակ որդին, ԿարէնՃանեան, Արցախեան Պայքարի նահատակ է, որ իր կարգին ունի իր մասին հրատարակուած յետ մահու հատոր մը՝ «ՄտաւորականՄարտիկը» խորագրով (տեսնել գրադարանի բաժնին մէջ):
Յակոբ Փամպուքեան (Բամպակեան)
Պետիկ Հերկելեան (1954 - 1987)
Բանաստեղծ, արձակագիր եւ խմբագիր Պետիկ Հերկելեան (գրական ծածկանունով՝ Պետրոս Հերեան) ծնած է 15 Փետրուար 1954-ին, Լիբանանի Այնճար Գիւղը: Նախնական եւ երկրորդական ուսումը ծննդավայրի Ազգ.«Յառաջ Գ.Կիւլպէնկեան» Վարժարանին մէջ ստանալէն ետք, կը փոխադրուի Պէյրութ եւ կը հետեւի Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկի դասընթացքներուն: Լիբանանեան պատերազմի հետեւանքով՝ ուսման ընթացքը կ՛ընդհատուի, սակայն ան հետագային կը յաջողի շարունակել իր մասնագիտական բարձրագոյն կրթութիւնը եւ վերոնշեալ հիմնարկէն շրջանաւարտ կ՛ելլէ 1985-ին՝ իբրեւ աւարտաճառ ներկայացնելով Վազգէն Շուշանեանի «Սիրոյ Եւ Արկածի Տղաքը» վէպին նուիրուած իր աշխատասիրութիւնը:
1976-ին կը գործուղղուի Յունաստան եւ երկու տարի կը վարէ «Ազատ Օր» օրաթերթին խմբագրի պաշտօնը: 1978-ին կը վերադառնայ Լիբանան եւ կը միանայ «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրութեան՝ իբրեւ սրբագրիչ:
Դպրոցական գրասեղաններուն վրայ իր բանաստեղծական նախափորձերը կատարած Պետիկ Հերկելեան 1973-ին լոյս կ՛ընծայէ իր առաջին գրքոյկը՝ «Պատուհանէն Դուրս», որուն էջերուն ամփոփուած 23 բանաստեղծութիւնները կը բացայայտեն սկսնակ գրողին գրական շնորհները: 1983-ին , կը յաջորդէ «Բառը» խորագրեալ քերթողագիրքը , որ կ՛արդարացնէ իր վրայ դրուած յոյսերը:Խոհափիլիսոփայական շիկացումներով եւ նուրբ քնարերգութեամբ յատկանշուող քերթութիւնը երիտասարդ բանաստեղծին կ՛ապրի նոր զարգացում մը, երբ երկու տարի ետք՝ 1985-ին, ան մամուլին կը յանձնէ «Եւ Երկիր Պագանեմ» անուն իր երրորդ քերթողագիրքը: 1986-ին լոյս կը տեսնէ իր կարապի երգը՝ «Եուհու» քաղաքական երգիծական վիպակը: Նոյն տարին կը խմբագրէ եւ մամուլին կը յանձնէ Ռազմիկ Դաւոյեանի «Հատընտիր» քըրթողագիրքը եւ Մ. Լեռնցիի «Էջեր Կեանքիս Գիրքէն» ինքնակենսագրական հատորը: Միաժամանակ իբրեւ ուսուցիչ կը սկսի պաշտօնավարել Ճիպէյլի «Թռչնոց Բոյն» որբանոցին մէջ, սակայն մահացու հիւանդութիւնը վրայ կը հասնի եւ քանի մը ամիս տեւած հիւանդանոցային մաքարումներէ ետք, կը մահանայ 10 մարտ 1987-ին:
1992-ին, յետ մահու, տարաբախտ բանաստեղծին հարազատները կը հրատարակեն անոր «Գրական Վերլուծական Էջեր» անուն հատորեակը, որ կ՛ամփոփէ Վազգէն Շուշանեանի ուսումնասիրութիւնը եւ մամուլին մէջ տպուած գրադատական յօդուածները: