Մուսա լերան հերոսամարտի 107-ամեակին եւ Մուսա լեռ – Այնճարի հիմնադրութեան 83-ամեակին առիթով կազմակերպուած եւ քանի մը օրուան վրայ երկարած ոգեկոչման ձեռնարկներուն հիմնականը հանդիսացաւ ժողովրդային տօնախմբութիւնը, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ, 17 սեպտեմբեր 2022-ի երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ, Այնճարի մէջ: ՀՄԸՄ Այնճարի մասնաճիւղի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ ժողովուրդը ուղղուեցաւ դէպի Մուսա լերան յուշարձան-համալիրի կից, ուր կայացաւ ձեռնարկը:
Ձեռնարկը սկիզբ առաւ ժամը 8:30-ին, ՀՄԸՄ Այնճարի մասնաճիւղի սկաուտներուն շարքերով: ՀՄԸՄ Այնճարի մասնաճիւղի շեփորախումբին կողմէ ժողովրդային եւ պաշտօնական դիմաւորութենէ ետք հնչեցին Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները:
ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին կողմէ բացման խօսքը արտասանեց Վարանդ Մաճարեան, որ ըսաւ. «Այսօր հպարտութեամբ կը նշենք, որ Մուսա լերան քառասնօրեայ պայքարի սխրագործութիւնը ոսկի տառերով արձանագրուած է հայոց պատմութեան էջերուն մէջ` իբրեւ ժողովուրդի կամքի պարտադրման եզակի օրինակ: Այսօր անվարան կարելի է ըսել, որ Մուսա լեռը եղաւ պայքարի ու յաղթութեան խորհրդանիշ, կամքի վճռակամութիւն, քաջութիւն: Անվախօրէն թուրքին ոչ ըսելու, անոր առջեւ չխոնարհելու խորհրդանիշը»: Մաճարեան ներկաներուն կոչ ուղղելով ըսաւ.
«Սիրելի՛ ներկաներ, մուսալեռցիի քաջութեան ու հայրենասիրութեան մասին պէտք չկայ ճառախօսելու. բայց եթէ այսօր հայրենիք պիտի փրկենք, պարտաւոր ենք ազգովին մկրտուելու եւ համախմբուելու Մուսա լերան հերոսամարտի պայքարի ոգիով»:
Ապա տօնախմբութեան հանդիսավարներ ` ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղէն Լոռի Գաբրիէլեան եւ Մարիա Աբէլեան, ազգայնաշունչ ասմունքային տողերով ձեռնարկը վարեցին:
Գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժինով Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի աշակերտներէն Կալի Գալուստեան երգեց «Թուրքին պոստից բեկան խփեց»:
Այնուհետեւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին անունով խօսք առաւ Եսայի Հաւաթեան, որ բացատրեց, թէ ինչո՛ւ Մուսա լերան հերոսամարտէն 107 տարի ետք կամ Այնճարի հիմնադրութենէն 83 տարի ետք խմբուած ենք տօնելու, յիշելու եւ ապրելու անցեալի այս զոյգ դէպքերը, ան անդրադարձաւ այն երեւոյթին, թէ ի՛նչ թաքնուած է այս նշումներուն մէջ, որ միշտ ժողովուրդը կը մղէ համախմբուելու եւ ոգեկոչելու: Հաւաթեան, անդրադառնալով հայրենիքի մէջ տեղի ունեցած անցեալ շաբթուան իրադարձութիւններուն ըսաւ. «Այս շաբթուան մեր հաւաքները զօրակցական հաւաքներ են հայոց բանակին, հայ զինուորին, թէկուզեւ Մուսա լերան հերոսամարտին կամ Այնճարի հիմնադրութեան առիթով: Այո՛, զօրակցութիւն հայոց բանակին, որ միակ երաշխիքն է մեր հայրենիքին ապահովութեան, եւ ոչ թէ ապազգային իշխանութեան. ո՛չ նահանջին, ո՛չ պարտուողականութեան»: Ան հաստատեց, որ արգիլուած է անտարբերութիւնը, անհոգութիւնը եւ ծուլութիւնը:
Իր խօսքը աւարտելով` Եսայի Հաւաթեան ներկաներուն ըսաւ. «Սիրելի՛ հայրենակիցներ, ինչպէս նախապէս Մուսա լերան վրայ, նոյնպէս հոս. չկայ կուսակցական եւ համայնքային խտրականութիւն` թէկուզեւ այս քաղաքը նաեւ դաշնակցական հիմնադրութեան պատմութիւն ունի. այո՛ միասնութեան, այո՛ քաջութեան, այո՛ արժանապատուութեան. եթէ ասոնք կան, ժողովո՛ւրդ, չմտահոգուիս, յաղթանակը ապահովուած է: Յարգա՛նք հայրենիքին համար նահատակուած մեր զինուորներուն, յարգա՛նք հերոսամարտի 18 նահատակներուն` այսօր, վաղը եւ յաւիտեան»:
Ապա Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղէն խումբ մը երիտասարդներ ելոյթ ունեցան հայրենասիրական եւ ազգային երգերով` Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի նորակազմ նուագախումբին ընկերակցութեամբ:
Անկէ ետք օրուան բանախօսը` Սիլվա Սողոմոնեան, նախ պատմեց հերոսական Մուսա լերան պատմութիւնը սկսելով հերոսամարտի օրերէն, Այնճարի հիմնադրութենէն եւ հասնելով մինչեւ այսօրուան Այնճարը` հետեւեալ կոչը ուղղելով ներկաներուն. «Մեր հաւատարմութիւնը կը պահանջէ գերագոյն պատասխանատուութեան գիտակցութիւն եւ նուիրում, որպէսզի անպարտելի մնանք, որպէսզի իբրեւ մուսալեռցիներ, որ արժէքներու պատկանելիութիւն ունինք, ապրինք ու ապրեցնենք, ստեղծագործենք, ծաղկեցնենք, նոյնիսկ տիրող աննպաստ ու անարդար իրավիճակին մէջ»: Իր խօսքը շարունակելով Ս. Սողոմոնեան անդրադարձաւ հայրենիքի ներկայ վիճակին եւ ըսաւ. «Ճակատամարտը այսօր ազգակերտումն է, համաշխարհայնացման դժուար ալիքներուն դէմ դիմանալ պէտք է, տոկալ պէտք է իբրեւ սփիւռք, եւ պիտի թիավարենք հաստատուն ու հպարտ»: Իր խօսքը փակելով` պատգամախօսը ըսաւ. «Այսօր աւելի քան երբեք մեր բոլորիս միտքերն ու սիրտերը Հայաստան են: Մայր հայրենիքի այս ահազանգային վիճակը մեզ բոլորս կը մղէ համաժողովրդային դիմադրութեան, եւ մեր պատմութիւնը մեզի կը մղէ վերականգնելու, պայքարելու, եւ միասնակամ բռունցքով զօրակցելու մեր հայրենիքին»:
Այնուհետեւ Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանի աշակերտուհիները ելոյթ ունեցան «Զարթօնք» պարով, որմէ ետք ներկաները դիտեցին Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի եւ Այնճար «Արթ կալըրի»-ի կողմէ պատրաստուած նկարչական տեսերիզը, որուն նիւթը «Այնճար» գիւղն էր:
Ապա ելոյթ ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը` ազգային եւ ժողովրդային շարք մը երգերով:
Աւարտին իր օրհնութիւնն ու պատգամը տուաւ Պեքաայի հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան, որ փառք եւ գոհութիւն տուաւ Աստուծոյ, որ այս տարի եւս կարելի եղաւ միախմբուիլ այս սուրբ կամարներուն տակ` կրկին անգամ տօնախմբելու, յիշատակելու եւ արժեւորելու Մուսա լերան հերոսամարտի մեր նահատակները, Այնճարի հիմնադրութիւնը, ինչպէս նաեւ Խաչվերացի տօնը: Խօսելով ընդհանուր վիճակին մասին` ան ըսաւ. «Լիբանանը տնտեսական եւ ճգնաժամային պահեր կ՛ապրի, այո՛, նոյնքան եւ աւելին այսօր մեր հայրենիքին մէջ, անմեղ զոհեր իրենց արիւնը կը թափեն, կը նահատակուին ի խնդիր մեր սուրբ հողին, մեր հայրենիքին»: Հայր սուրբը ըսաւ, որ եթէ այսօր ոեւէ անձ կը փորձէ Հայաստանը ջնջել, ապա ան պէտք է գիտնայ, որ մենք երբեք չջնջուեցանք, մնացինք, կանգ, պիտի լինենք ու դեռ շատանանք:
Ձեռնարկը փակուեցաւ դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբին կողմէ «Խուժան ասկեար»-ի երգեցողութեամբ: