Գիտնականներ

Գիտական Դէմքեր

Տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեան

Ծնած է Մուսա Լեռ 1937 թուին: Զաւակն է Մովսէս եւ Անահիտ Տէր Գալուստեաններու: Աւարտած է Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանը 1955-ին ու յետոյ յաճախած Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը ուրկէ բժշկական վկայականը ստացած է 1963-ին:
Պոսթոնի Harvard համալսարանին մէջ ուսանած է մանկաբուժութիւն եւ Baltimore-ի Johns Hopkins համալսարանին մէջ՝ ծինաբանութիւն՝ (Genetics), եւ ժառանգական հիւանդութիւններ:
Վերադառնալով Լիբանան, 1970-ին ամուսնացած է Լենա Սէթեանի հետ: Ունի երկու դուստրեր՝ Սարին եւ Տարիա:
1968-էն 1986 պաշտօնավարած է Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին մէջ: 1986-ին ընտանեօք փոխադրուած է Մոնթրէալ, Քանատա: Իբրեւ Full Professor դասաւանդած է McGill համալսարանին մէջ եւ Montreal Children’s Hospital-ի ժառանգական հիւանդութիւններու բաժանմունքի վարիչ տնօրէնը եղած է:
Այժմ McGill Համալսարանի մանկաբուժութեան եւ ծինաբանութեան Emeritus Professor է:
Գրած է երեք մասնագիտական հատորներ՝ Genetic Diseases of the Skin                 ( Springer-Verlag, 1979), The Kidney in Genetic Disease (Churchill-Livingstone, 1986), Congenital Anomalies of the Ear, Nose and Throat (Oxford University Press, 1997) : Գրած է նաեւ 16 գլուխներ բժշկագիտական գրքերու մէջ եւ 158 յօդուածներ ծինաբանութեան միջազգային մասնագիտական թերթերու մէջ: Անդամ է եղած այլազան միջազգային գիտական հրատարակութիւններու խմբագրական կազմերուն:

 

Անդամ եղած է նաեւ բազմաթիւ միջազգային բժշկական եւ գիտական կազմակերպութիւններու (European Society of Pediatric Research, American Society of Human Genetics, Canadian College of Medical Geneticists): Մաս կազմած է Համաշխարհային Առողջապահական Կազմակերպութեան (World Health Organization – WHO) գիտական յանձնախումբերու եւ մասնակցած UNESCO-ի եւ WHO-ի գիտաժողովներու:
Ազգային կեանքի մէջ, այլ պատասխանատուութիւններու կարգին, եղած է անդամ եւ ատենապետ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական վարչութեան, անդամ՝ Կիլիկեան Կաթողիկոսարանի Կեդրոնական Վարչութեան եւ ատենապետ՝ Ազգային Ընդհանուր ժողովներու:

Դոկտ. Յակոբ Փանոսեան

Ծնած է Այնճարի մէջ ուր ստացած է իր նախնական եւ երկրորդական կրթութիւնը Այնճարի Հայ Աւետարանական Վարժարանին մէջ: Համալսարանական ուսումը ստացած է Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին մէջ մասնագիտանալով ուսողութեան մէջ: Մագիստրոսի վկայականը ստացած է Ամերիկայի Հարաւային Քարօլայնայի համալսարանէն՝ աւարտելով կիրառական ուսողութեան բաժինը, իսկ դոկտորի վկայականը՝ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն աւարտելով ճարտարագիտութեան բաճինը եւ մասնագիտանալով կառավարման բնագաւառին մէջ:

Որպէս գիտաշխատող աշխատած է Թեքստրոն, Ռաքըտայն, Պոյինկ եւ Եունայթըտ Թէքնոլոճիզ ընկերութիւններուն մէջ՝ ծրագրաւորելով հրթիռային սարքաւորումներու կառավարման համակարգեր:

Դոկտ. Յակոբ Փանոսեան գիւտերու հեղինակ է անոնցմէ տատանումներու մարման նոր եղանակը լայն ընդունելութիւն գտած է: Այս գիւտին համար ան արժանացած է ԱՄՆ-ի կառավարութեան պարգեւին: Ան անդամ է բազմաթիւ կազմակերպութիւններու եւ հեղինակ է աւելի քան 80 գիտական յօդուածներու:

Դոկտ. Յակոբ Փանոսեան սարքած է ամենաբարդ հրթիռային շարժիչի կառավարման օրէնքներու ծրագրաւորումը որ փորձարկուած է ՆԱԶԱ-ի կողմէ եւ կրնայ օգտագործուիլ ապագայ ձայնի արագութենէն տասը անգամ աւելի արագ օդանաւ – հրթիռ նորատիպ համակարգերու վրայ:

Դոկտ. Յակոբ Փանոսեան հիմնադիրն է Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան (1983): Ան նաեւ հիմնադիրն է ԱՐՓԱ (1992) մասնագիտական կազմակերպութեան որ օգտակար կը դառնայ Հայաստանի գիտութեան, տնտեսութեան, կրթութեան, առողջապահութեան եւ այլ բնագաւառներու զարգացման:

Դոկտ. Յակոբ Փանոսեան առաջին եւ միակ մուսալեռցին է, որ ընտրուած է Հայաստանի գիտութիւններու ակադեմիայի արտասահմանեան անդամ արդարօրէն արժանանալով Ակադեմիկոս-ի կոչումին:

Դոկտ. Վահրամ Շամմասեան

Դոկտ. Լեւոն Թորոսեան

Դէմքեր