Այնճարի Բերդը
Այնճարի պատմական բերդը (Քալքիս) եզակի նշանակութիւն ունի համեմատած Լիբանանի միւս բոլոր ճարտարապետական յուշարձաններուն հետ: Ան միակ հնութիւնն է, որ արաբական է՝ իւրայատուկ իր դիմագիծով եւ կառուցուածքով:
Այնճար աւանի Հիւսիւս-արեւելեան կողմը կը գտնուին հռչակաւոր Լիբանանեան Քալքիս բերդաքաղաքին աւերակները, ճիշդ այն հողամասը, ուր 1939-ին վրաններու տակ, կայք հաստատեցին մուսալեռցիք:
Այն ատեն անշուշտ աւերակները թանձր հողաշերտի տակ թաղուած էին:
Քալքիս նուէր կը տրուի Մարկոս Անտոնիոսի կողմէ Կղէոպատրա իշխանուհիին, Ք.Ե. Ա. Դարուն, որմէ ետք կը փոխանցուի Հերովդէսի թոռներուն:
Է. Դարուն ան գրաւուած է Օմայատներու կողմէ (իշխան Ուալիտ Ա. /705-715/) եւ վերածուած բարգաւաճ բերդաքաղաքի մը: Ապտըլ Մէլիքի որդին՝ Հիշամ զայն պարսպապատել կու տայ: Բերդաքաղաքը հիմնովին կը վերակառուցուի: Կը կառուցուի պալատ, մզկիթ, դատարան, բաղնիք, հարեմ, եւայլն:
Բերդաքաղաքը կ՛ունենայ 600 խանութ եւ կը դառնայ առեւտրական կարաւաններու հանդիպման կէտը:
Հիշամ իշխանը կ՛ապստամբի Օմայատներու իշխանութեան դէմ եւ 744-ին՝ բերդաքաղաքի շրջակայքը մեծ ճակատամարտ մը տեղի կ'ունենայ Մարուն Բ.-ի բանակին դէմ, որ Դամասկոսէն եկած էր: Բերդաքաղաքը կը կործանի: Ան լքուած վիճակի մէջ կը մնայ դարերով (հաւանական է, որ խաչակիրները գրաւած եւ մասնակի կերպով վերանորոգած ըլլան զայն): Բերդաքաղաքը ունի 350 X 385 մեթր տարածութիւն եւ խաչաձեւ յատակագիծ՝ չորս դարպասներով, երկրի հիմնական չորս ուղղութիւններով:
Հնագիտական պեղումները կը սկսին 1953-ին Ռուս հնագէտ Սեմսոնի ղեկավարութեամբ, ապա վերակառուցման աշխատանքները կը ղեկավարէ հայազգի փրոֆ. Յարութիւն Գալայեանը: Բերդաքաղաքը շունչ կ՛առնէ եւ դարձեալ կը վերայայտնուի մոխիրներու տակէն: Պեղումներու աշխատանքները կ՛ընդհատուին Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին պատճառաւ: Լիբանանեան պետութեան կազմակերպութեամբ, բերդին մէջ կը կայանան երկու մեծ Փառատօներ (festival) 1974-ին եւ 1991-ին, որոնք աւելիով կը շեշտեն Այնճարի բերդին հնագիտական արժէքը: Փառատօներուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ Այնճարի հայութիւնը՝ իր միութիւններով եւ յաւելեալ փայլք կու տայ անոնց: Յաջորդող ժամանակաշրջանին կը կայանան աւելի փոքր ծաւալի փառատօներ:
Այսօր, պատմական բերդը դարձած է Լիբանանի հնագիտական ամենակարեւոր կեդրոններէն մէկը, զոր կ՛այցելեն բազմահազար զբօսաշրջիկներ իւրաքանչիւր տարի: