Գրագէտներ

Մուսալեռցի - Այնճարցի Գրագէտներ

Եդուարդ Պօյաճեան (1915-1966)

Բանաստեղծ, արձակագիր, հրապարակագիր, քննադատ, խմբագիր եւ ուսուցիչ Եդուարդ Պօյաճեան ծնած է Մուսա Լերան Խըտըր Պէկ գիւղը՝ 1915-ին, Մուսա Լերան հերոսամարտի օրերուն: Երեք ամսուայ երեխայ, ծնողներուն հետ փոխադրուած է Փոր Սայիտ, ուր մնացած է 4 տարի: Ծննդավայր վերադարձին, ուսման առաջին շրջանը անցուցած է գիւղական երկու վարժարաններուն մէջ. մէկը՝ Խըտըր Պէկ, միւսը՝ Եօղուն Օլուք. իսկ երկրորդ շրջանը՝ Պէյրութի Հայ Ճեմարանէն ներս, 15 տարեկանէն մինչեւ 20 տարեկան (1930 - 1935):

Գրել սկսած է փոքր տարիքէն, իսկ տպուիլ՝ 1932-ին: Աշխատակցած է Պոսթընի «Հայրենիք» ամսագրին, Փարիզի «Յառաջ»-ին, Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթին եւ շաբաթաթերթին, «Նայիրի» ամսագրին եւ Պէյրութի նոյնանուն շաբաթաթերթին. նաեւ «Հասկ»-ին, «Ակօս»-ին, «Ազդարար» -ին եւ «Բագին» -ին: Գործածած ծածկանունները եղած են Ալպաթրոս, Վազգէն Տիրանեան, Ե. Սարենց եւ Ե. Ծովիկեան:

Գրականութեան առընթեր՝ Եդուարդ Պօյաճեան ամբողջ կեանքին ընթացքին զբաղած է կրթական գործով: Ուսուցչութիւն ըրած է Սուրիոյ Թել Ապեատ գիւղը, ապա ծննդավայր Խըտըր Պէկի մէջ, յետոյ՝ յաջորդաբար՝ Այնճար, Հալէպ, Քեսապ եւ Պէյրութ: Եղած է «Բագին» Ամսագրի հիմնադիր անդամներէն եւ խմբագիրներէն մէկը (1962 - 1966):

Եդուարդ Պօյաճեան լոյս ընծայած է 6 հատորներ՝ «Սէր եւ Վիշտ» (1944), «Հողը» (1948), «Պայքարողներ, Պայքարողներ դուք գազազած» (1958), «Թուղթ Զաւակներուս» (1961), «Տոմար Տարագրի» (1963) եւ «Երկու Նամակ» (1964):

Իսկ յետ մահու իր գործերէն լոյս տեսած են «Դէմքեր» (1967), «Երկեր Ա. հատոր» (1968), «Ծննդավայր Կորուսեալ» (1984), «Ընտրանի» (Երեւան 1994), «Կեանքի Ափերէն» (1995) , «Դուն» (Երեւան 2005) եւ «Միտք Պահէ» ():

Պօղոս Սնապեան

Ծնած է 11 Օգոստոս 1927-ին, Մուսա Լերան Պիթիաս գիւղը: Նախակրթութիւնը կը ստանայ ծննդավայրի եւ Այնճարի «Յառաջ» վարժարանին մէջ:

1944-ին կ՛ընդունուի Երուսաղէմի ժառանգաւորաց վարժարանը եւ կ՛աւարտէ զայն 1949-ին:

1950-էն սկսեալ իբրեւ ուսուցիչ կը պաշտօնավարէ ազգային վարժարաններուն մէջ, որուն առընթեր գրական եւ քննադատական իր գործերը լոյս կը տեսնեն «Նայիրի» եւ «Ակօս» հանդէսներուն մէջ:

1962 Յունուարին, Կարօ Սասունիի խմբագրապետութեամբ, երբ լոյս կը տեսնէ Հ.Յ. Դաշնակցութեան նախաձեռնութիւնը հանդիսացող գրականութեան եւ արուեստի «Բագին» ամսագիրը, Եդուարդ Պօյաճեանի հետ կը կոչուի խմբագիրի պատասխանատու պաշտօնին:

1962-ին կը մեկնի Փարիզ եւ Սորպոնի եւ Ալիանս Ֆրանսէզի մէջ երկու տարի, իբրեւ ազատ ունկնդիր կը հետեւի գրական եւ իմաստասիրական դասընթացքներու: Վերադարձին շարունակելով «Բագին»ի մէջ վստահուած աշխատանքները,միաժամանակ կը դասաւանդէ հայ գրականութիւն, Այնճարի եւ Պէյրութի ազգային երկրորդական վարժարաններու աւարտական դասարաններուն մէջ:

1966-1973-ին մաս կը կազմէ «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրութեան, իբրեւ ազգային եւ գրական- մշակութային էջերու պատասխանատու խմբագիր:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մէջ հաստատուած (1966), «Գէորգ Մելիտինեցի) գրական դատակազմի անդամ է մինչեւ օրս եւ խմբագրած է աւելի քան 50 գրական հատոր:

1983-1989-ին կ՛աւանդէ հայ գրականութիւն՝ «Համազգային»ի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկի բոլոր դասարաններուն:

v1950-ական թուականներէն սկսեալ աշխատակցած է նաեւ սփիւռքահայ շարք մը թերթերու՝ պատմուածքներով, տպաւորապաշտ էջերով եւ քննադատական եւ հրապարակագրական յօդուածներով:

Պօղոս Սնապեանի Հրատարակած ու Հրատարակելի Գործերը:

  • Ժամանակ Չկայ (1953)
  • Յեղափոխութեան Համար (1956)
  • Վերջին Արարը (1958)
  • Անդրշիրիմեան Ձայներ (1960)
  • Աւազախրած Նաւը (1963)
  • Ես Այդ Շունն Եմ (1966)
  • Կորստական Թոյներ (1970)
  • Աղքատներու Աւանդութւինը Ա. Հատոր (1983)
  • Ի՞նչպէս Հայհոյեմ (1990)
  • Միջնարար (1992)
  • Յայսմաւուրք (1997)
  • Տարեդարձներ (2001)
·Աղքատներուն Աւանդութիւնը Բ.Հատոր (2002)
·Կրկէսին Մէջ (Քննադատական յօդուածներ 2005)
·Տպաւորութիւններու Հէնքով (Քննադատական յօդուածներ)
·Վերծանումներ (Ուսումնասիրութիւն)
·Պատիժներ (2008)
·«Ես Իմ Անուշ»ի Ոդիսականը (Ուսումնասիրութիւն)
·Ձգողական (2010)

Այլ Հրատարակութիւններ

  • Միջնաբերդ (գրական տարեգիրք) 1957-1959
  • Հանդիպումներ Ուիլիըմ Սարոյեանի հետ (1978)
  • Հայաստանի Երիտասարդ Արձակագիրները (1980)
  • Արագիլ (1984)
 
Պատրաստ Հրատարակութեան
 
·Պղտոր Ջուրեր (վէպ)
·Գրեցէք Բացակայ (Վիպակ)
·Դէմքերու Հետ (Ուսումնասիրութիւն)
·Գիրքերու Հետ (Քննադատական յօդուածներ)
·Իմ Տոքթորաս (Ուսումնասիրութիւն Յ.Օշականի Մնացորդացի մասին)
·Զրոյցներ (գրական)
·Աղքատներու Աւանդութիւն Գ. (պատմուածք)

Զուլալ Գազանճեան (1936-2011)

Ծնած է 1936 -ին Մուսա Լեռ: Տակաւին մանուկ, Մուսա Լերան ժողովուրդին հետ տեղափոխուած է Այնճար ուր նախնական կրթութիւնը ստացած է Այնճարի ազգային «Յառաջ» նախակրթարանին մէջ, որմէ ետք տեղափոխուած է Հալէպ: 1949-ին մեկնած է Վենետիկ՝ ուսանելու համար «Մուրատ Ռաֆայէլեան» վարժարանին մէջ:

1954-1961 ուսուցչութեամբ զբաղած է Հալէպի մէջ որմէ ետք հաստատուած է Փարիզ:
Վերջին տասնամեակին իր ժամանակը բաժնած է Փարիզի եւ Երեւանի միջեւ: Հրատարակուած քերթողագիրքերն են.-
1- «Կեանքը Քոյրս», Փարիզ 1964
2- «Արեւածաղկի մը Նման», Փարիզ 1975
3- «Շարունակելի», Վենետիկ 1992
4- «Բանաստեղծութիւններ», Երեւան 1996
5- «Հատընտիր Հայ Հին Բանաստեղծութեան», Վենետիկ 1998 երկու հատոր

Թովմաս Հապէշեան

Ծնած է 1904-ին Մուսա Լերան Եօղուն Օլուք գիւղին մէջ: Մուսալեռցիներուն հետ բարձրացած է Մուսա Լեռ 1915-ին եւ ապա փոխադրուած Փոր Սայիտ: Յաճախած է Փոր Սայիտի «Սիսուան» Վարժարանը:

Մուսա Լեռ վերադարձած է 1919-ին:Ժամանակ մը ետք սկսած է ուսուցուչեան զոր շարունակած է իր ամբողջ կեանքի ընթացքին: Դասաւանդած է Խըտըր Պէկի, Վագըֆի եւ Եօղուն Օլուքի վարժարաններուն մէջ:

Շարունակած է ուսուցչական ասպարէզը Այնճարի մէջ 1939-էն ետք մինչեւ հանգստեան կոչուիլը: Ինքնաշխատութեամբ տիրացած է մեծ գիտելիքներու: Գրել սկսած է փոքր տարիքէն եւ յատկապէս մեծ բանահաւաքի աշխատանք տարած է ուսումնասիրելով եւ հրատարակելով Մուսա Լերան ժողովուրդի ազգագրական հիմնական երեւոյթները (Բարբառ, սովորութիւններ, աւանդութիւններ, հեքիաթներ ...): Ան վարած է ազգային եւ կուսակցական (Հ.Յ.Դ.) պատասխանատու պաշտօններ: Հրատարակած է երկու հատորներ «Մուսա-Տաղի Պապենական Արձագանգներ» (1986) եւ«ՅիշատակարանՄուսաԼերանԲարբառի»(1993):

Եսայի Մարգարեան (1889–1964)

Ծնած է Մուսա Լերան Խըտըր Պէկ գիւղը 1889-ին: Նախնական կրթութիւնը ստացած է գիւղի ազգ. վարժարանին մէջ:

1910-ին կը զինւորագրուի Օսմանեան բանակին մէջ ծառայելով Մարաշի շրջանին մէջ: 1913-ին կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ ուր կը մնայ աւելի քան 33 տարիներ, որմէ ետք կը վերադառնայ Այնճար 1946-ին եւ կը մասնակցի գիւղի կառուցման: Փոքր տարիքէն իր մէջ զգալի եղած է սէրը բանաստեղծութեան եւ երաժշտութեան հանդէպ: Սկսած է յօրինել երգեր եւ ծանօթ դարձած է որպէսԱշուղ Տոլար Պապուկ:
Տոլար պապուկ կեանքի վերջին տարիները կ՛անցնէ իր ժողովուրդին հետ Այնճարի մէջ՝ զբաղելով երկրագործութեամբ եւ երգեր յօրինելով: Հեղինակ է շարք մը քերթուածներու եւ երգերու:

Իր երգերը գրուած են թէ հայերէնով եւ թէ Մուսա Լերան բարբառով: Մեծ ճանաչում գտած է իր «Մուսա Լերան Գիւղերէն» երգը որ վերածուած է Այնճարի ժողովրդային քայլերգի: Նշանաւոր են նաեւ իր «Հաւուն Երգը», «Ամուսիններուն Վէճը» ...:

Մահացած է Այնճարի մէջ 1964-ին:

Զաւէն Նալպանտեան (Զարեւանդ)

Ծնած է Անտիոք Մուսալեռցի մօրմէ: Հայրը զոհ գացած է 1909-ի Կիլիկեան կոտորածներուն: Ուսումը ստացած է Այնթապի ազգային վարժարանին մէջ: Ինքնաշխատութեամբ կը տիրանայ բարձր ուսումի եւ կը դառնայ Թուրանիզմի մասնագէտ՝ խորապէս ուսումնասիրելէ ետք թուրք ժողովուրդի մտածելակերպն ու հոգեբանութիւնը: Հեղինակ է երկու վաւերական հատորներու՝ «Ի՞նչ կը Ծրագրեն Թուրքերը» եւ «Կրնա՞նք Հաշտուիլ Թուրքին Հետ»:

Յակոբ Թորոսեան (1909– )

Ծնած է Մուսա Լերան Եօղուն Օլուք գիւղին մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Փոր Սայիտի վրանաքաղաքին մէջ: Մուսա լեռ վերադարձէն յետոյ մէկնած է Պոլիս ուր յաճախած է Մխիթարեաններու դպրոցը, որմէ ետք ուսումը շարունակած է Վիեննայի Մխիթարեան վանքին մէջ:

Զբաղած է ուսուցչութեամբ եւ գրականութեամբ: Աշխատակցած է շարք մը պարբերականներու եւ օրաթերթերու: Հեղինակ է շարք մը գիրքերուեւ ուսումնասիրութիւններու: Մշակած է լեզուական, երգիծական, թատերական, պատմուածքային եւ բանաստեղծական սեռերը: Հրատարակած է՝ «Լեզուաշինութիւն», «Հայերէնի Ճոխութիւնը», «Փունջ Յոյն Դիցաբանութեան», «Թորոս Ծառայ» եւ «Մարդասպանութիւն Մը» գործերը: Իր թատերգութիւնները լոյս տեսած են քանի մը հատորներով:

Վարուժան Արք. Հերկելեան

Ծնած է 1946-ին Այնճար՝ աւազանի անունով Պօղոս: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ որմէ ետք յաճախած է Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքը զայն աւարտելով 1967-ին: Ծառայած է որպէս ուսուցիչ եւ տնօրէն Այնճարի, Զահլէի եւ Թռչնոց Բոյնի մէջ: Որպէս հոգեւորական իր ծառայութիւնները տարածուած են Լիբանանի, Կիպրոսի եւ Յունաստանի մէջ: 1997-ին կը նշանակուի Կիպրոսի Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ: 2003-ին կ՛ստանայ Արքեպիսկոպոսի կոչում:

Տ. Վարուժան Սրբազան ունեցած է բեղուն եկեղեցական, կրթական, հրատարակչական եւ գրական գործունէութիւն: Ան հիմնադիրն է «Գառնի» մատենաշարին որ լոյս ընծայած է 41 հատորներ: 1993-էն սկսեալ կը հրատարակէ «Արծիւ» ամսաթերթը (www.ardziv.com) որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր:

ardziv

 

1997-էն ի վեր կը հրատարակէ Կիպրոսի Առաջնորդարանի «Գեղարդ» լրատուն: Սփիւռքահայ մամուլին մէջ հանդէս եկած է բազմաթիւ յօդուածներով՝ ազգային-կրթական եւ մշակութային թեմաներով: Ցարդ հրատարակած է հինգ հատորներ.-

  • «Հայաստանեայց Եկեղեցին Կիպրոսի Մէջ» (2003)
  • «Ատանայի Վկաները եւ Ս. Ստեփանոս Վկայարանը – 1909» (2010)
  • «Թղթակցութիւն Սահակ Բ. Կաթողիկոսի եւ Պետրոս արք. Սարաճեանի» (2010)
  • «Կիպրոսի Թեմի Հովուական Կարգը եւ Թեմական Կազմաւորումը» (2011)
  • «Տարագրութիւն, Որբեր, Մելգոնեան Հաստատութիւն» (2011)

Հայր Յարութիւն Ծյրգ. Վրդ. Պզտիկեան

Ծնած է Պէյրութ Մուսալեռցի ընտանիքի մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ իսկ երկրորդական եւ համալսարանական ուսումը Վենետիկի, Հռոմի եւ Փարիզի համալսարաններուն մէջ: Վկայուած է որպէս Աստուածաբան, Փիլիսոփայութեան եւ արուեստի պատմութեան դոկտոր: Մաս կը կազմէ Մխիթարեան ուխտին ծայրագոյն վարդապետ աստիճանով: Ծառայած է Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի եւ Ամերիկայի հայկական գաղթօճախներուն մէջ:
Իր առաջին արուեստի ցուցահանդէսը կայացած է 1962-ին Վենետիկի մէջ, որմէ ետք ունեցած է բազմաթիւ ցուցահանդէսներ աշխարհի կարեւորագոյն մայրաքաղաքներուն մէջ: Ստացած է բազմաթիւ մրցանակներ:
Հայր Յարութիւն Պզտիկեան հեղինակ է շարք մը գիրքերու հայերէն եւ օտար լեզուներով: Այժմ կը գործէ Փարիզի մէջ: Ստորեւ իր հրատարակած գիրքերուն ճակատի էջերը:

Մարտիրոս Գուշագճեան

Ծնած է Մուսա Լերան Եօղուն Օլուք գիւղը: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ իսկ երկրորդական ուսումը Մելգոնեան Հաստատութեան մէջ: Մասնագիտացած է Անգլերէն լեզուի եւ գրականութեան մէջ (Օքսֆորտ, Մարի Հաուզ Գոլէճ օֆ Էտիւքէյշըն, Արեւելեան Դպրութիւններ, Սէն Ժոզէֆ Համալսարան):

Զբաղած է ուսուցչութեամբ երկրորդական վարժարաններու մէջ դասաւանդելով Անգլերէն եւ Հայերէն լեզուներ ու գրականութիւն: Եղած է նաեւ Տօնիկեան հրատարակչատան գլխաւոր խմբագիրը: Աշխատակցած է հայ մամուլին պատմուածքներով, բանաստեղծութիւններով եւ գրադատական յօդուածներով: Խմբագրած է Հալէպի «Դէպի Երկիր», «Երկիր» եւ «Յուշարձան Մուսա Լերան» պարբերականները:
Հեղինակ է շարք մը գիրքերու՝
  • «Կեանքի Կարօտ» (1957) - բանաստեղծութիւններ
  • «Յուշամատեան Մուսա Լերան» (1970) – (Պօղոս Մատուռեանի հետ միասին)
  • Բառարան (Վեր. Տիգրան Խնդրունիի հետ միասին) Անգլերէն-Հայերէն եւ Հայերէն-Անգլերէն
·«Մուսա Լերան ՀայկականԳաղթօճախը» (1988)
 
 
Աղբիւր՝ «Յուշամատեան Մուսա Լերան»

Արսէն Ճանեան

Ծնած է 1938-ին Մուսա Լերան Վագըֆ գիւղին մէջ: Նախակրթարանի ուսումը ստազած է շրջանի վարժարանին մէջ որմէ ետք ուսումը շարունակած է Պոլսոյ Սկիւտարի դպրեվանքին մէջ: Յաճախած է նաեւ Պոլսոյ Մխիթարեան վարժարանը որմէ ետք զբաղած է ուսուցչութեամբ եւ գրականութեամբ: Աշխատակցած է Պոլսոյ հայ մամուլին եւ հրատարակած քանի մը բանաստեղծական հատորներ:

Հետագային կը տեղափոխուի հայրենիք ուր 2010-ին Երեւանի մէջ լոյս կը տեսնէ իր արձակ գրութիւններու հատորը «ԵսԳալիսԵմԻմՊապիԳրկից» խորագրով: Յիշեցնենք որ գրագէտի միակ որդին, ԿարէնՃանեան, Արցախեան Պայքարի նահատակ է, որ իր կարգին ունի իր մասին հրատարակուած յետ մահու հատոր մը՝ «ՄտաւորականՄարտիկը» խորագրով (տեսնել գրադարանի բաժնին մէջ):

Յակոբ Փամպուքեան (Բամպակեան)

Ծնած է 1930-ին Մուսա Լեռ: Յաճախած է Տեղւոյն ազգային վարժարանը: 1939-ին կը տեղափոխուի Այնճար: 1941-ին, մէկ տարի կը յաճախէ ազգային «Յառաջ» վարժարան, որմէ ետք հինգ տարի կը հետեւի Այնճարի հայ Կաթողիկէ վարժարանի դասընթացքներուն: Ինքնաշխատութեամբ տիրապետած է Հայերէն լեզուին:
1956-էն սկսեալ գրած է չափածոյ եւ արձակ էջեր, որոնք հրատարակուած են «Մասիս» շաբաթաթերթին, «Աւետիք» Ամսագրին, «Ռահվիրայ» պարբերաթերթին եւ «Ազդակ» օրաթերթին մէջ: Հեղինակ է շարք մը հատորներու՝ ինչպէս «Հողին Կարօտով» եւ «Յաւերժական Երգեր» (բանաստեղծական շարք հինգ հատորներով):
Հաստատուած է Այնճար եւ կը զբաղի հողամշակութեամբ:

Պետիկ Հերկելեան (1954 - 1987)

Բանաստեղծ, արձակագիր եւ խմբագիր Պետիկ Հերկելեան (գրական ծածկանունով՝ Պետրոս Հերեան) ծնած է 15 Փետրուար 1954-ին, Լիբանանի Այնճար Գիւղը: Նախնական եւ երկրորդական ուսումը ծննդավայրի Ազգ.«Յառաջ Գ.Կիւլպէնկեան» Վարժարանին մէջ ստանալէն ետք, կը փոխադրուի Պէյրութ եւ կը հետեւի Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկի դասընթացքներուն: Լիբանանեան պատերազմի հետեւանքով՝ ուսման ընթացքը կ՛ընդհատուի, սակայն ան հետագային կը յաջողի շարունակել իր մասնագիտական բարձրագոյն կրթութիւնը եւ վերոնշեալ հիմնարկէն շրջանաւարտ կ՛ելլէ 1985-ին՝ իբրեւ աւարտաճառ ներկայացնելով Վազգէն Շուշանեանի «Սիրոյ Եւ Արկածի Տղաքը» վէպին նուիրուած իր աշխատասիրութիւնը:

1976-ին կը գործուղղուի Յունաստան եւ երկու տարի կը վարէ «Ազատ Օր» օրաթերթին խմբագրի պաշտօնը: 1978-ին կը վերադառնայ Լիբանան եւ կը միանայ «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրութեան՝ իբրեւ սրբագրիչ:

Դպրոցական գրասեղաններուն վրայ իր բանաստեղծական նախափորձերը կատարած Պետիկ Հերկելեան 1973-ին լոյս կ՛ընծայէ իր առաջին գրքոյկը՝ «Պատուհանէն Դուրս», որուն էջերուն ամփոփուած 23 բանաստեղծութիւնները կը բացայայտեն սկսնակ գրողին գրական շնորհները: 1983-ին , կը յաջորդէ «Բառը» խորագրեալ քերթողագիրքը , որ կ՛արդարացնէ իր վրայ դրուած յոյսերը:Խոհափիլիսոփայական շիկացումներով եւ նուրբ քնարերգութեամբ յատկանշուող քերթութիւնը երիտասարդ բանաստեղծին կ՛ապրի նոր զարգացում մը, երբ երկու տարի ետք՝ 1985-ին, ան մամուլին կը յանձնէ «Եւ Երկիր Պագանեմ» անուն իր երրորդ քերթողագիրքը: 1986-ին լոյս կը տեսնէ իր կարապի երգը՝ «Եուհու» քաղաքական երգիծական վիպակը: Նոյն տարին կը խմբագրէ եւ մամուլին կը յանձնէ Ռազմիկ Դաւոյեանի «Հատընտիր» քըրթողագիրքը եւ Մ. Լեռնցիի «Էջեր Կեանքիս Գիրքէն» ինքնակենսագրական հատորը: Միաժամանակ իբրեւ ուսուցիչ կը սկսի պաշտօնավարել Ճիպէյլի «Թռչնոց Բոյն» որբանոցին մէջ, սակայն մահացու հիւանդութիւնը վրայ կը հասնի եւ քանի մը ամիս տեւած հիւանդանոցային մաքարումներէ ետք, կը մահանայ 10 մարտ 1987-ին:

1992-ին, յետ մահու, տարաբախտ բանաստեղծին հարազատները կը հրատարակեն անոր «Գրական Վերլուծական Էջեր» անուն հատորեակը, որ կ՛ամփոփէ Վազգէն Շուշանեանի ուսումնասիրութիւնը եւ մամուլին մէջ տպուած գրադատական յօդուածները:

Դէմքեր