Կիրակի 26 Յունիս 2016-ին5 «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոնի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Այնճարի քերմէս Պազարը՝ Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ Այնճարի վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ Այնճարի սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին:
Պազարի ընթացքին վաճառուեցան ուտեստեղէններ, անուշեղէններ եւ խաղալիքներ` ինչպէս նաեւ ներկաները առիթը ունեցան զուարճանալու պատրաստուած խաղերով եւ աճպարարի հնարքներով:
Մուսա Լերան պարեղանակներով քերմէսը ճոխացուցին ավանդական Տհոլ Զուռնայի երիտասարդներու խումբը: