Երգահանդէս
Հովանաւորութեամբ Այնճարի Քաղաքապետութեան և կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» Մասնաճիւղի Վարչութեան, Երկուշաբթի 20 Փետրուար, 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-էն սկսեալ Գ.Կիւլպէնկեան սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ Վարդան Պատալեանի երգահանդէսը:
Բացման խօսքը արտասանեց ընկերուհի Ալիք Շաննագեանը: Ան ըսաւ:- «Մշակոյթը ազգին կեանքն է և անոր յաւերժութիւնը: Հայ մշակոյթը մեր ազգին էական քաղաքականութիւնն է և եթէ մենք չառաջնորդուինք այս գիտակցութեամբ պիտի երթանք դէպի այլասերում և աստիճանաբար ազգնալ պիտի տանինք դէպի կործանում...» Ապա բեմ հրաուիրեց սիրուած երգիչը:
Հայրենի վաստակաւոր երգիչը վայելելու եկած էր գիւղի մշակութասէր հոծ բազմութիւն մը, որ ըմբոշխնեց երգիչին մեկնաբանութեամբ աշուղական, ժաղովրդային, Սայաթ Նովայի և ազգահայրենասիրական երգերու փունջ մը:
Երկար ատեն Այնճարի մէջ չէր հնչած Հայկական ճշմարիտ երգը: Վարդան Պատալեան մեզ փոխադրեց հայրենիք, տարաւ մինչեւ Արցախ: Ժողովուրդը գոհ տրամադրութեամբ մեկնեցաւ:
Շնորհակալութիւն Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» Մասնաճիւղին:
Գինեսեղան
Կազմակերպութեամբ Հայ Աւետարանական Երկրորդական Վարժարանի Շրջանաւարտից Միութեան, մասնակցութեամբ DJ Hoven-ի, Շաբաթ 18 Փետրուար, 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-էն սկսեալ, ճաշարան «Նապաա Այնճար»ի մէջ տեղի ունեցաւ Valentine-ի առիթով Գինեսեղան:
Բացման խօսքը փոխանցեց Տիկ. Սօսի Այնթապլեանը: Ան ըսաւ,-«...այս երեկոյ մէկ ձեռքով խմենք սիրոյ կենացներ և մաղթենք անշահախնդիր և փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած սէր, ու միւս ձեռքով հայ դպրոցի կենացը, մաղթելով խաղաղ, ապահով ու բարգաւաճող տարեշրջան...» Ան նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Աւետարանական դպրոցի նախկին աշակերտներուն, եղբայրներ Յակոբ և Պետօ Շաննագեաններուն, որոնք իրենց բաժինը բերին ճոխացնելու երեկոն: Որմէ ետք դպրոցիս տնօրէն, Պատ. Յակոբ Ագպաշարեան խօսեցաւ սիրոյ կարեւորութեան մասին:
Ունեցանք նաեւ օրուայ բախտաւոր, լո-եր ու նուէրներ:
Ճոխ երգերով, նուագներով և ուրախ մթնոլորտով ընկերակցեցան պարեր:
Մահազդ
Չորեքշաբթի 15 Փետրուար, 2017-ին, մահացաւ Յակոբ Շաննաքեան (Ծնեալ 1957):
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Հինգշաբթի 16 Փետրուար 2017-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Այնճարի «Ս. Պօղոս» Եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի գերեզմանատունը:
Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալին ընտանեկան պարագաներուն և հարազատներուն: