Հայաստանի Անկախութեան 99 Ամեակի Տօնակատարութիւն
Ուրբաթ 26 Մայիս, 2017-ին Այնճարի մէջ տօնական մթնոլորտ մը պարզուեցաւ` Մայիս 28-ի տօնակատարութեամբ, մասնակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ. Այնճարի սկաուտներուն և փողերախումբին:
Հ.Մ.Ը.Մ. Այնճարի սկաուտները և փողերախումբը տողանցելէ ետք Այնճարի մէջ ուղղուեցան դէպի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի նորակառոյց մարզադաշտը:
Ձեռնարկը սկիզբ առաւ Լիբանանի և Հայաստանի քայլերգներով: Բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղի անդամ ընկ. Յովիկ Ադամեան: Ան ողջունեց ներկաները ու ըսաւ:«Մայիս ամիսը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ ընդհանրապէս եղած է յոյսի և յաղթանակի ամիս: Հայաստանի առաջին հանրապետութեան անկախութիւնը 28 Մայիս 1918-ին կը հանդիսանայ յոյսի մեր երթի գլխաւոր հանգրուանը:» Ան կոչ ուղղեց ներկաներուն ըսելով թէ«բոլորս ըլլանք անկախութեան զինուորներ մեր կեանքի ամէն բնագաւառներէն ներս ոչինչ ակնկալելով ուրիշէն, նախ ըլլալու ենք անկախ իբր մարդ անհատ և ապա իբր հայ, չխաբուինք մեր դիմաց հրամցուած ժամանակաւոր փառքերէն և հաճոյքներէն գործենք անկաշառ մտածողութեամբ, որպէսզի մնանք իսկական ու հարազատ պաշտպանները վաղուայ ծնելիք Ազատ Անկախ ու միացեալ Հայաստանի:»
Բացման խօսքեն ետք Հ.Մ.Ը.Մ. Այնճարի սկաուտները հանդէս տուին Մայիս 28 խորհրդանշող յատուկ կենդանի պատկեր մը: Որմէ ետք օրուան պատգամը փոխանցեց ընկ. Յակոբ Քէշիշեան: Ան ըսաւ:« Վերջին շրջանը հայոց պատմութեան մէջ, անկիւնադարձային թուական մըն է ու պիտի մնայ 28 Մայիս 1918-ն երբ Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսէի և Սարդարապատի հերոսական մարտերէն ետք կը կերտուէր հայ ժողովուրդի արդի պատմութեան առաջին անկախ հանրապետութիւնը: Մեծ թիւերով թշնամին կը թակէր Երեւանի դռները: Ջարդի արհաւիրքէն նոր դուրս եկած և Երեւանը չենք դատարկի երդումը տուած հայ զինուորները Ազատութիւն կամ Մահ գոռալով օրհասական կռիւ մը կը մղէին ու պարտութեան կը մատնէին թրքական բանակն ու թուրք խուժանը:» Ան շարունակեց ըսելով:« Հայաստանի հողերուն մեծ մասը խլուած ըլլալով, Հայկական առաջին հանրապետութիւնը, թէեւ տարածքով փոքր սակայ կը դառնար ամուր հիմնաքարը հայ գոյութեան մեծ ամրոցին:Ան վերջացուց իր խօսքը ըսելով:« Բիւր յարգանք 1918-ի բոլոր հերոսներուն ու նահատակներուն: Փառք ու պատիւ Սարդարապատ կերտած և հայրենիքին անկախութիւնն ու պետականութիւն ապահոված Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան:»
Ապա Յեղափոխական ու ազգային երգերով հանդէս եկաւ Հրաչ Կայծակեան ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի: