Լուրերու Արխիվ

 

IMG 5111

Ելոյթ՝ կազմակերպութեամբ «Raffi’s Musichouse»-ի

Չորեքշաբթի 13 Սեպտեմբեր, 2017-ին Այնճարի քաղաապետարանին մօտ գտնուող «Դալար Անկիւնի»ն մէջ տեղի ունեցաւ ելոյթ մը, կազմակերպութեամբ «Raffi’s Musichouse» երաժշտական դպրոցին:

Այնճարի երիտասարդներէն Րաֆֆի Թասլաքեան հիմնած ըլլալով այս դպրոցը, ան բարի գալուստի խօսք մը արտասանեց, ուր նշեց արուեստի անհրաժեշտութիւնը մեր կեանքերուն մէջ, ըլլայ անիկա երգ, պար, թէ երաժշտութիւն, մաղթելով որ յարատեւ քաջալերանք յայտնուի այն երիտասարդ տաղանդաւորներու խումբին, որոնք մօտ մէկ ժամ կիթառ նուագելով հանդիսատեսները հաճելի մթնոլորտի մը մէջ պահեցին:

IMG5127
IMG5123
IMG5112
IMG5127 IMG5123 IMG5112

 

?>