Պատրաստութիւն՝ Մուսա Լերան 102 Ամեակի Տոհմիկ Երեկոյի
Արդէն իսկ նախապատրաստական աշխատանքները սկսած են՝ Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի կազմակերպած Տոհմիկ Երեկոյին, որ Մուսա Լերան հերոսամարտի 102 ամեակի տօնակատարութիւններէն մէկն է:
Տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ 15 Սեպտեմբեր, 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ, «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոնի շրջափակէն ներս: