Մրցոյթը կը կազմակերպուի 2007-էն, նախաձեռնողը Լոս Անճելըսի մէջ հիմնուած «Արփա» հիմնարկն է (Հայաստանի համար վերլուծահետազօտական եւ ծրագրաւորման աշխատանքներու իրականացման հիմնարկ է` Analysis Research and Planning for Armenia: Հիմնուած է 1992-ին): Հիմնարկին նախագահը Քալիֆորնիոյ Նորթրիճի համալսարանի դասախօս, ինքնաշխատ համակարգերու կառավարման բնագաւառի մասնագէտ Յակոբ Փանոսեանն է:
Մրցոյթի գլխաւոր պայմանը նորարարութիւն ներկայացնել ու գործնականօրէն հիմնաւորելն է, այսինքն` նորարարութիւնը պէտք է կիրառելի դառնայ: Անիկա կ՛իրականացուի ուսանողներու եւ ասպիրանտներու մէջ` ճարտարագիտութեան, բժշկութեան, տեղեկատուական արհետսագիտութեան ոլորտներու մէջ: Օրինակ, նախանցեալ տարի ծննդաբանական ոլորտին մէջ ալֆգորիթմ մշակած էին, որ ճշգրտօրէն կը չափէ ծիներու ծայրերուն մէջ գտնուող պոլիմերները: Եթէ այդ պոլիմերները կարճ են, ուրեմն, մարդը առողջական խնդիրներ ունի: Այս գիւտով արդէն հետաքրքրուած են օտարերկրեայ հիմնարկներ ու բժշկական կեդրոններ:
Ինչո՞ւ նուազած է յայտերու թիւը
Ամերիկաբնակ գիտնականը կ՛ըսէ, որ մրցոյթի իրականացման առաջին տարիներուն բաւականին շատ յայտեր կը ստանային: Անցեալ տարի, սակայն, ընդամէնը 3 յայտ ստացած են, եւ մրցանակ չեն տուած: Մրցոյթին հանդէպ հետաքրքրութեան նուազման քանի մը պատճառներ կան: Յամենայն դէպս, այս մասին պարզած են համալսարաններու դասախօսներու հետ զրոյցներէն: «Ոմանք կ՛ըսեն, որ Հայաստանի մէջ հետաքրքրութիւնը գիտութեան հանդէպ պակսած է, ոմանք կ՛ըսեն` այստեղի գիտական մակարդակը այդքան բարձր չէ, որպէսզի առանց դասախօսներու օգնութեան գիտական նորարարութիւն բերեն: Դասախօսներն ալ այնքան մղուած չեն, որ ցանկանան աշխատիլ»,- կը նկատէ գիտնականը, յետոյ կը շարունակէ, որ ձախողած ուսանողները յաճախ դուրս չեն մնար վճարման հարցի պատճառով: Այսպիսի կարծիք Հ. Փանոսեանը լսած է համալսարաններու փրոֆէսորներու հետ հանդիպումներու ժամանակ:
«Այս ամէնուն մէջ ճշմարտութիւն երեւի կայ: Կամ ուսանողներու կողմէ նոր բան ստեղծելու մղում չկայ, կամ գիտութեան հանդէպ զգացումները փոխուած են, կամ ալ հինցած են փրոֆէսորներու մօտեցումները, եւ նոր ըսելիք չկայ: Չեմ գիտեր, ես ալ չեմ գիտեր, բայց իմ կարծիքովս, կարեւոր է գիտութիւնն ու արհետսագիրութիւնը Հայաստանի տնտեսութիւնը զարգացնելու համար»,- նշած է ան:
Որպէսզի Հայաստանի տնտեսութիւնը զարգանայ
Գիտնականը կը շեշտէ, որ Հայաստանի տնտեսութեան համար շատ կարեւոր է գիտութեան եւ արհետսագիտութեան բնագաւառի զարգացումը. «միակ բնագաւառը, որ կը զարգացնէ տնտեսութիւնը, արտադրողական բնագաւառն է, ճարտարագիտութիւնն ու արհետագիտութիւնն է: Ուրիշ բան պէտք չէ, գիտութիւնը զարգացնելն է պէտք: Ատոր համար տարալուծարաններ պէտք են, մասնագէտներ պէտք են, փորձարկումներ պէտք են, գիւտարարութեան մասին մտածել պէտք է, գիւտեր պէտք են»: Ըստ անոր` այսօր Իսրայէլը թուային համեմատութեամբ ամենաշատ գիւտերը կ՛ընէ աշխարհի մէջ:
Հայաստանի մէջ աշխատող գիտնականներուն Յակոբ Փանոսեան խորհուրդ կու տայ չսպասել, որ կառավարութիւնը միջոցներ ձեռնարկէ, այլ դիմել` օտարերկրեայ դրամաշնորհներ ստանալու համար, իրականացնել իրենց գիտական նպատակը: Աշխատող մարդը, կ՛ըսէ, ձեւը կը գտնէ, իսկ եթէ յուսահատ ես կամ ամենօրեայ ըրածովդ կը բաւարարուիս` կ՛երթաս լսարան, դաս կու տաս եւ տուն կ՛երթաս, ապա ատիկա չի նշանակեր, որ գիտութեամբ կը զբաղիս:
Ամերիկայի մէջ, օրինակ, եթէ փրոֆէսորները նորութիւն չբերեն, գիտական յօդուածներ չտպագրեն, հետազօտութիւններ չընեն, կամ կը հեռացնեն համալսարաններէն, կամ կը մնան նոյն տեղը` առանց յաւելումներու: Հայաստանի մէջ փրոֆէսորի հասկացութիւնը այլ է` դասախօսը կ՛երթայ միայն դաս տալու համար: Փանոսեանի համոզումով՝ ատիկա պէտք է փոխուի: Երկրորդը այն կարծրատիպն է, թէ գիտնականը միայն տեսականի մասին պէտք է մտածէ: «Տակաւին հին մտածողութիւն կայ, որ եթէ մենք լաւ ենք տեսական բաներու մէջ, ուրեմն, գիտնական ենք: Այսօրուայ աշխարհի մէջ ատիկա չէ գիտնականը: Գիտնականը ոչ միայն լաւ է տեսականին մէջ, այլեւ գործնական ուղղութեամբ կը մտածէ: Որոշ արտադրանքի ետեւէն կ՛երթայ, եթէ նիւթ կ՛արտադրես, պիտի փորձեր ընես, հիմնաւորես»,- կը նշէ ան: Ապա կը շարունակէ, որ եթէ չես հիմնաւորեր նորարարութիւնդ, ապա գիւտդ այլեւս իմաստ չունի:
Գիտութեան նկատմամբ վերաբերմունքը, անոր կարծիքով, պէտք է սկսիլ դպրոցներէն: Որպէս օրինակ կը նշէ, որ Երեւանի մէջ 40 դպրոցներու տնօրէններու եւ ուսուցիչներու համար 4-ժամեայ դասընթացք կազմակերպած էր, ուր խօսած է գիտական գործերէ: Մասնակիցներուն յանձնարարած էր թուղթէ ինքնաթիռներ պատրաստել եւ որոշել որ օրինակը ամենայաջողածն է, ինչով պայմանաւորուած է ամենաերկար թռիչքը` թեւերու երկարութենէն, ձեւէն եւայլն:
Փոքր գոծարարութեամբ զբաղողներուն շուտով վարկեր պիտի տրամադրեն: Յայտատուները պիտի հիմնաւոր գործի ծրագիր ներկայացնեն եւ համոզեն, որ շահութաբեր պիտի ըլլայ գործը:
Երբ գիտութեան ոլորտի մասին անցեալով կը խօսինք
Յակոբ Փանոսեան կը համաձայնի այս մտքին հետ, կ՛ըսէ` այո, ներկայի մասին շատ չեն խօսիր, որովհետեւ Հայաստանի մէջ գիտութեան ներկան ինչ-որ տեղ սովետական մօտեցումներու շարունակութիւնն է, դժբախտաբար: Այնուհետեւ կ՛աւելցնէ, որ այդ համակարգը այլեւս արդիւնաւէտ չէ այս դարաշրջանին մէջ, պէտք է փոխուի:
«Շատ հիմնարկներ իրենց աշխատանքով նման են, թէեւ տարբեր են: Ինչո՞ւ կը նմանին, ատիկա չեմ հասկնար: Եւ յետոյ այդ հիմնարկներուն մէջ ամէն գիտնական ինքն իրեն կ՛աշխատի, կ՛ըսեն` իմ տարրալուծարանս, ես այս սարքը գնեցի…: Կարծես, ատիկա իրեն է, այլ ոչ թէ հիմնարկին: Գուցէ շատ կարեւոր սարք ունենայ, որ ուրիշ մէկը չի կրնար օգտագործել: Իսկ ինչո՞ւ ես այդ սարքը չեմ կրնար օգտագործել, եթէ բոլոր հիմնարկները պետական են: Այս ամէնը պէտք է վերանայիլ»,- կ՛ըսէ ան:
Ամերիկաբնակ գիտնականին խօսքով` հայաստանեան գիտութեան ոլորտը պէտք է բարելաւուի, այլապէս այսպէս շարունակել հնարաւոր չէ: Կ՛առաջարկէ ստեղծել մասնագէտներու յատուկ մարմին եւ ուսումնասիրել, թէ Հայաստանի մէջ որ բնագաւառները կրնան զարգացնել գիտութեան միջոցով:
«Օրինակ, իմ կարծիքովս, կարեւորագոյն խնդիրը Հայաստանի պաշտպանութիւնն է: Մեր գիտական բոլոր աշխատանքները անպայման պէտք է բաժին բերեն Հայաստանի պաշտպանութեան»,- կը նշէ Յ. Փանոսեան: Ըստ անոր` եթէ մէկը տեսութիւն գրած է, ապա անպայման պէտք է արդիւնք տայ, փարձարկումներ ընէ, հետազօտութիւն իրականացնէ, կարճ խօսքով` պէտք է հզօրացնել գիտութեան կիրառական բաժինը:
Կ՛ըսէ, որ այո, այսօր Հայաստանի մէջ տեղեկատուական արհեստագիտութիւնները, կարծես, բաւական զարգացած են, բայց այդ ոլորտին մէջ հետազօտողներ դեռ չկան, կ՛արտադրեն անձիք, որոնք ծրագրաւորում գիտեն, հիմնարար գիտելիքներ ունին եւ կ՛երթան աշխատելու, ըսենք, «Սինոփսիս»-ի մէջ: Այդ բնագաւառին մէջ, սակայն, ըստ զրուցակցիս, յառաջադիմութիւն չ՛արձանագրուիր ոչ մէկ ձեւով. «Այո, գործ պիտի ստեղծուի, լաւ է, բայց իմ կարծիքովս, այդ հիմնարկները, համալսարանները պէտք է յատուկ հետազօտողներ ունենան, օրինակ, վիրթուալ ցանցին մէջ ունենան մարդիկ, որոնք նորութիւններ կը բերեն»: Համալսարանը միայն դաս տալու տեղ չէ, այնտեղ, ամերիկաբնակ գիտնականին խօսքով, ուսանողը պէտք է հնարաւորութիւն ունենայ հետազօտութիւններ ընելու:
Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարին առաջարկներ ներկայացուցած են, խոստացած է համագործակցիլ: Երկու տարի առաջ Յ. Փանոսեան հանդիպած էր նաեւ Պաշտպանութենա նախարար նախկին նախարար Սէյրան Օհանեանին: Անոր ներկայացուցած էին գիտութեան միջոցով պաշտպանութեան ոլորտը բարելաւելու ուղիներ: Գիտնականը կ՛ըսէ, որ ՊՆ-ի մէջ խանդավառուած էին, բայց մինչեւ այսօր այդպէս ալ չեն արձագանգած` առաջարկները կիրառելու համար: