Լուրերու Արխիվ

IMG 6789

Հունձքի Տօն Այնճարի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Մէջ

68 տարիներ առաջ Այնճարի մէջ հոկտեմբեր ամսուան առաջին կիրակին կոչուեցաւ «Հունձքի օր» միսիոնարուհի եւ կրթական գործիչ` քոյր Հետուիկի կողմէ , որ իր ծառայութեան դաշտը ընտրած էր հայ ժողովուրդը, ի մասնաւորի Մուսա Լերան զաւակները , նոր հիմադրուած Այնճար հայաւանը:

Այս տարի եւս  Կիրակի, 1 հոկտեմբեր 2017-ի առաւօտեան, Այնճարի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հունձքի տօնի նուիրուած պաշտամունք` ներկայութեամբ պատուելիներ Յակոբ Ագպաշարեանի, քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանի, ՔԱՀԼ-ի տարեցներուն, միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ մեծ թիւով հաւատացեալներու:

Պաշտամունքի ընթացքին պատուելի Յակոբ Ագպաշարեան նշեց կարեւորութիւնը հունձքի տօնին եւ անհրաժեշտութիւնը միշտ օգտակար դառնալու կարիքաւորներու ու անկարողներու:

Եկեղեցական պաշտամունքէն ետք տարեց հիւրերուն համար տեղի ունեցաւ ճաշի հիւրասիրութիւն:

IMG6789
IMG6782
IMG6784
IMG6774
IMG6776
IMG6773
IMG6770
IMG6769

?>