
ՀՄԸՄ- ԼԵՎԱՄ. Վարդգէս Էսքիպաշեանի Յիշատակին, Քրոս Քաունթրի` Այնճարի Մէջ
Կիրակի 6 Նոյեմբեր, 2016-ի առաւօտեան, Այնճարի մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ Լեվամի 2016-17 տարեշրջանի միջ-դպրոցական առաջին մարզական մրցաշարքը` Քրոս Քաունթրին, կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ Լիբանանի շրջանային վարչութեան Լեվամի յանձնախումբին, և հովանաւորութեամբ ու գործակցութեամբ Այնճարի քաղաքապետութեան և Հ.Մ.Ը.Մ Այնճարի մասնաճիւղի վարչութեան:
Մրցաշարքը կազմակերպուած էր Եղբայր Վարդգէս Էսքիպաշեանի յիշատակին, ու անոր, իրենց մասնակցութիւնը բերին հայկական 10 վարժարաններէ 325 աշակերտներ:
Մրցաշարքը ընթացք առաւ Այնճարի թաղամասերուն մէջ տարիքային դրութեամբ:
Անոր աւարտին տեղի ունեցաւ մետալներու բաշխման հանդիսութիւնը:
Հ.Մ.Ը.Մ Լիբանանի շրջանային վարչութեան լեւամի յանձնախումբի անունով, խօսք առաւ Եղբայր Հրայր Տիշչէքէնեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Այնճարի քաղաքապետութեան, Հ.Մ.Ը.Մ Այնճարի մասնաճիւղի վարչութեան, «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին, Հ.Մ.Ը.Մ-ի սկաուտական խորհուրդին, Եղբայր Վրէժ Թազեանին, ու բոլոր Այնճարցիներուն, որոնք սատար հանդիսացան այս մրցաշարքի յաջողութեան, որ տարիներու երազն էր հանգուցեալ Եղբայր Վարդգէս Էսքիպաշեանին:
Նշենք որ, Այնճարի քաղաքապետութիւնը պատրաստած էր յատուկ հիւրասիրութիւն մը, մասնակցող բոլոր աշակերտներուն:
Մրցաշարքը վերջ գտաւ կէսօրուան ժամը 1:00ին:




