Լուրերու Արխիվ

Angakhoutioun Kaghakabedaran

Լիբանանի Անկախութեան Տօն

Երկուշաբթի 21 Նոյեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամը 11-ին, Այնճարի 3 դպրոցներու մանկապարտէզի աշակերտները այցելեցին Այնճարի քաղաքապետարան, և Լիբանանի քայլերգով, զանազան երգերով ու արտասանութիւններով դիմաւորեցին Լիբանանի Անկախութեան Տօնը:

Յատկանշական էր իւրաքանչիւր վարժարանի պատրաստած խորհրդանշական նուէրները:

Խօսք առաւ գիւղիս քաղաքապետ՝ Վարդգէս Խօշեան, անդրադառնալով թէ աւելի մեծ ուրախութիւն է իբրեւ Այնճարի քաղաքապետութիւն, դիմաւորել այս սերունդը, որոնք մեզի շունչ և ապաւեն են ապագայի համար:

Այնճար Հայաւանի 3 վարժարաններու մանկապարտէզի աշակերտներուն հետ, քաղաքապետը կարկանդակ հատեց, որմէ ետք խանդավառելու համար փոքրիկները, հրաւիրեց զանոնք Ճաշարան Նապաա Այնճար, ուր իրենց պատրաստուած էր յատուկ յայտագիր մը:

Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

Այս առիթով, մեր սրտին խորերէն կը մաղթենք, որ Լիբանանի տարածքին գտնուող բոլոր փոքրիկներուն երեսներուն վրայ գծագրուի նոյն ճպիտը, ու խաղաղ պայմաններու մէջ տօնեն անկախութիւնը: Թող Աստուած ամբողջ աշխարհին պարգեւէ խաղաղութիւն, մանաւանդ մեր սիրելի ԼԻԲԱՆԱՆԻՆ:

IMG4131
IMG4133
IMG4134
IMG4137
IMG4141
IMG4147
IMG4160
IMG4171
IMG4178
Angakhoutioun-Kaghakabedaran

?>