
Լիբանանի Անկախութեան Հանդիսութիւն
Ուրբաթ 18 Նոյեմբեր 2016-ին, ներկայութեամբ քաղաքապետ՝ Պրն. Վարդգէս խօշեանի, Ազգային «Յառաջ» Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանի աշակերտութեան, ուսուցչակազմին, պաշտօնէութեան, տնօրէնութեան, խնամակալութեան եւ ծնողաց Խորհուրդին, «Գ.Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աշակերտական խորհուրդին կազմակերպած Լիբանանի Անկախութեան Հանդիսութիւնը:
Քայլերգներու ունկնդրութեան յաջորդեց աշակերտութեան պատգամը, զոր փոխանցեց 11-րդ դասարանի աշակերտուհիներէն՝ Բալիկ Գաբրիէլեան: Ան ամփոփ ձեւով ներկայացնելէ ետք 1943-ի լիբանանի մէջ տիրող դաժան կացութիւնը եւ լիբանանցիին զոհողութիւնները յանուն ազատ ու անկախ հայրենիքի, վեր առաւ «Անկախութիւն» բառին սահմանումը:
Բալիկին խօսքէն ետք, բեմ բարձրացաւ Դ. Ե. Զ. կարգերու երգչախումբը, ուր Լիլիթ Աբրահամեանի մենակատարութեամբ ներկայացուց انا مين , ապա قرب النصر երգերը: Է. Ը. Թ. Կարգերէն՝ Դուին Հերկելեան, Ալիսա Չափարեան, Լալէ Զէյթլեան, Սելին Քէշիշեան եւ Նարօտ Գառնէշեան Լիբանանի անկախութեան հոլովոյթը գովերգեցին وطني ասմունքով, որուն յաջորդեց Ա. Բ. Գ. կարգերու երգչախումբի تسلم يا عسكر երգի կատարումը:
Տեղի ունեցաւ տեսերիզի ցուցադրութիւն պատրաստուած աշակերտական խորհուրդին կողմէ, որ կը փոխանցէր դրօշակի սրբութեան եւ զայն պահպանելու գաղափարը:
Օրուան պատգամախօս՝ քաղաքապետ Պրն. Վարդգէս Խօշեան, բեմ բարձրանալով ողջունեց ներկաները, ապա սահմանելով Ազատութիւն բառը ըսաւ, որ ազատութիւնը պարզապէս գաղափարական լոզունգ չէ, եւ չի նշանակեր սանձարձակութիւն, այլ՝ ձերբազատելով օտար կաշկանդումներէ ապրիլ ինքնիշխան միշտ յարգելով ուրիշին ազատութիւնը: Ապա քաղաքապետը անդրադարձաւ 1943-ին լիբանանի մէջ տիրող կացութեան եւ լիբանանցիին՝ օտարի բռնակալ լուծէն դուրս գալու ազատատենչ կամքին: Պետական անկախութիւն եւ հզօր բանակ ունենալու կարեւորութիւնը մատնանշելէն ետք պրն. Վարդգէս եզրակացուց իր պատգամը պատուիրելով աշակերտներուն ըլլալ ազատատենջ ու զատորոշուիլ ուրիշներէն, որպէս հայրենասէր քաղաքացիներ, որոնք կրնան ամբողջական զոհողութեամբ տէր կանգնիլ սեփական իրաւունքներուն ու հայրենիքին:
Օրուան հանդիսութիւնը վերջ գտաւ Ե. եւ Զ. կարգերու պարախումբի ճոխ պարով մը:














