ԳՈՅԺ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն կը գուժէ Արեւելեան եւ Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ կուսակցական պատասխանատու պաշտօններ վարած շրջանի ազգային կառոյցներու մէջ լայն գործունէութիւն ծաւալած, հաւատաւոր դաշնակցական ընկեր, Մուսալեռցի-Այնճարցի Տիգրան Սարգունիի մահը, որ պատահեցաւ Շաբաթ, 26 Նոյեմբերին, Լոս Անճելոսի մէջ:
Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալին ընտանեկան պարագաներուն և հարազատներուն: