Լուրերու Արխիվ

Yerespokhan

Սուրիոյ Մէջ Հայ Երեսփոխանը Մուսա Լերան Հայերուն եւ Կիլիկիոյ Մասին Դասախօսութիւն Կարդացած է

8 Դեկտեմբեր 2016-ին, Դամասկոսի Ապու Ռումմանէ Արաբական մշակութային կեդրոնէն ներս տեղի ունեցած է յուշ երեկոյ՝ նուիրուած Կիլիկիոյ եւ Ալեքսանտրեթի:

Դասախօսութեամբ հանդէս եկան պատմաբան Դոկտ. Նատիմ Շամսին, մտաւորական եւ պատմաբան Իպրահիմ Զաարուր եւ պատմաբան երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան, երեկոն վարեց տիկ. Սուհելա Քաուասը: Այս մասին կը կարդանք դոկտ. Արիսեանի դիմատետրի էջին։

Զեկուցողները ներկայացուցած են Ալեքսանտրեթը խլելու հանգամանքները եւ քաղաքական պայմանները՝ անդրադառնալով նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան պարագային:

Երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան իր դասախօսութեան մէջ անդրադարձած է Սանճաքի պաշտպանութեան պայքարին եւ Մուսա Լերան հայերուն: Ան ակնարկած է նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դատ բանալը Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին մօտ պահանջելով Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի վերադարձը: