
Ամանորի Հաւաքոյթ
Մասնաճիւղիս գլխաւոր ձեռնարկներէն մէկը՝ Ամանորի հաւաքոյթը, որ կայացաւ ճաշարան Արեւի մէջ, 17 Դեկտեմբեր 2016 ժամը 1:30էն սկսեալ, հովանաւորութեամբ Լ.Օ.Խ-ի Շրջ. Վարչութեան, եւ կազմակերպութեամբ ընկերային յանձնախումբին:
Բացման խօսքը փոխանցեց վարչութեան ատենապետուհի՝ Մատլէն Խօշեան, որ ուրախութեամբ ողջոյնի խօսք ուղղեց Լ.Օ.Խ-ի աշխատանքներուն հաւատացող համակիր տիկիններուն: Ընկերուհին վեր հանեց ժողովուրդին համարումը՝ հանդէպ մասնաճիւղիս տարած գործունէութեանց և ընկերուհիներուն յօժար ծառայութիւնները բոլոր տեսակի պէտքերուն ընդառաջելու ի խնդիր: Ան նաեւ դրուատեց գիւղիս պատկան մարմիններուն և Լ.Օ.Խ-ի Շրջանային Վարչութեան զօրակցութիւնը միութեանս: Ապա բեմը յանձնեց Տիկ. Թամար Սնապեան-Սուրճեանին, վարելու ձեռնարկը: Իր կարգին, անիկա շեշտեց այս ձեռնարկին կարեւորութիւնը, որը կը միտի վարժարաններուն մէջ յաճախող կարիքաւոր աշակերտներու կրթական ծախսերու օժանդակութեան տրամադրելուն: Մէջ ընդ մէջ ընթերցեց կաղանդի սովորութիւններուն մասին տեղեկութիւններ, բարեմաղթանքներ: Օրուան մթնոլորտը ճոխացուց երգչուհի Լիզա Սվաճեան, որ կամաւորաբար իր մասնակցութիւնը բերաւ ձեռնարկին, իր նուագախումբին հետ: Աշուղական, ժողովրդային և յունական երգերով, ու հայկական գեղեցիկ շուրջպարերով, շուրջ 175 ներկաներ, վայելեցին ուրախ պահեր. տօնական մթնոլորտի մէջ, գեղեցիկ տօնական յարդարուածքով սեղաններուն շուրջ. Ներկաները վիճակահանութեան տոմսեր ստացան, և կատարուեցաւ վիճակաձգութիւն: Անոնք բախտաւորուեցան արժէքաւոր նուէրներով:
Ձեռնարկին գլխաւոր նուիրատուներն էին Nivea և Domanco ընկերութիւնները: Երգչուհիին և հանդիսավարին յանձնուեցան նուէրներ: Կաղանդ պապաները բաժնեցին վիճակահանութեան նուէրները: Եղան նուիրատուութիւններ. Ներկաները գոհ տրամադրութեամբ մեկնեցան:







