Տարեցներու Ծննդեան Ճաշկերոյթ
2017, 4 Յունուար, Ճաշարան Արեւի մէջ, Այնճարի տարեցները հրաւիրուած էին միասնաբար տօնելու Ս. Ծնունդը: Տէր և Տիկին Րաֆֆի և Հերա Մախուլեաններ, իրենց բալիկներուն՝ Յակոբի և Հայկի հետ, հեռաւոր Ամերիկա ըլլալով, փափաքած էին այս տարուայ Ս. Ծնունդի հաւաքոյթին բարերարութիւն ընել. առ ի երախտագիտութիւն՝ իրենց ծննդավայր Այնճարին, ուր անցուցած էին մանկութիւն և երիտասարդութիւն:
Զիրենք կը ներկայացնէր տիկ. Քնար Շխրտմեան Գամպէրեան:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց, Լ.Օ.Խ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհին՝ Մատլէն Խօշեան, որ գնահատեց Մախուլեան զոյգին այս նախաձեռնութիւնը. մաղթեց անիկա ըլլայ նախընթաց և բարի օրինակ այլոց եւս: Ընկերուհին շեշտեց թէ ծնողաց փոխանցած հայեցի դաստիարակութիւնը, հայելիի նման ցոյց կու տայ մաքուր նկարագիր և երախտագիտութիւն:
Տէր Միւռոն Քահանայ Աւետիսեանի սեղաններու օրհնութեան աղօթքէն ետք, հոգեւոր հայրերու, Լ.Օ.Խ-ի Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Ցողիկ Հաւաթեանի և 130 տարեցներու ներկայութեամբ, տօնական մթնոլորտ ստեղծուեցաւ, Ժանօ Փամպուքեանի կողմէ կատարուած խաղերով, մէջբերումներով, և վկայութիւններով՝ բարերարներուն մասին:
Փրկչին ծնունդին խորհուրդը, արդէն բարձր տրամադրութիւն ստեղծեց: Հայկական մեղեդիներու և շուրջպարներու կշռոյթով, երիտասարդի նման պարեցին, երգեցին, ուրախացան:
Տիկ. Քնար բարերարներուն սրտի խօսքը ընթերցեց, յիշատակներ կը պատմէին, և սրտի պարտք կը համարէին հոգեպէս ըլլալու ժողովուրդին հետ՝ տարեց սերունդը ուրախացնելով:
Կաղանդ պապուկը՝ իր նուէրներով շրջեցաւ, բաժնեց, ուրախացուց մամիկներն ու պապիկները:
Հոգեւորականներուն անունով, Տ. Միւռոն քահանայ նշեց թէ Լ.Օ.Խ-ի ընկերուհիները ամէն ջանք ի գործ կը դնեն, ուրախ պահեր ստեղծելու, զանազան առիթներով: Անիկա ըսաւ, դուք առանձին չէք, միշտ ունիք ուրախացնողներ, հեռուից թէ մօտից: Ձեր օրհնութիւնը կը բաւէ միայն:
Թմբուկի եղանակով պարեցին, երգեցին: Բարերարներուն յանձնուեցաւ յուշանուէր՝ վարչութեան կողմէ:
Ծնունդ շնորհաւորելով, ներկաները գոհ տրամադրութեամբ մեկնեցան...



